ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ միութեան գանձապահ Նազարէթ Սապունճեան, իսկ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզին մէջ իրականացման վերաբերող կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող քայլերն ու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզին զարգացումը աւելի կարելի է ներկայ կառավարութեան օրով, որովհետեւ տիրող քաղաքական մթնոլորտը աւելի մտերիմ է եւ զօրակցութիւնը` աւելի առկայ:
Իր կարգին, Աֆրամ յայտնեց, որ իրենց համար ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երկրորդ տուն է` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի նախարարն ալ ճարտարարուեստին ու ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն հովանաւորն է:
Աֆրամ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց նախարար Սապունճեանին` յոյս յայտնելով, որ երկրին ճարտարարուեստը կարելի ըլլայ զարգացնել, ինչպէս նաեւ նախարարութեան եւ իր նախագահած միութեան միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել:


