ՊՈՒՍԹՐՈՍ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՆԱՍՐԻ ԽՈՒՐԻՆ

Նախարար Մանսուր եւ Նասրի Խուրի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է Մանսուրը` անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով, աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով նախարարին հետ հանդիպում մը կ՛ունենայ` զայն տեղեակ պահելու համար լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն մասին:

Խուրի նկատել տուաւ, որ քննարկուած են  երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքները կարեւոր են` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ պատմական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Խուրի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում կատարելու հարցը կարելի չէ եղած քննարկել` աւելցնելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին նման քայլ մը պիտի վկայեն բոլորը:

Միւս կողմէ, Խուրի հաստատեց, որ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ իմանալու համար, որ արդեօք Սուրիոյ կողմէ արգելափակեալներուն ընծայուած երեք համաներումները լիբանանցի արգելափակեալներ կ՛ընդգրկե՞ն:

Խուրի յայտնեց, որ նման պարագայի մը իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի ներում ստացած այդ բանտարկեալները համապատասխան նախարարութիւններուն յանձնեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES