ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՋԱՏԵԼՈՒ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵՆԷՆ

Նախագահ Սլէյմանը` տնտեսական մարզի լրագրողներու պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսական մարզի յատուկ լրագրողներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Պահիժ Ապի Ղանեմի:

Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ պէտք է քաղաքականութիւնը տնտեսութենէն անջատել եւ ցուցաբերել այնպիսի մօտեցում, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ քաղաքականութիւնը ծառայեցնել տնտեսութեան եւ ոչ թէ հակառակը:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց տեղեկատուութեան դերակատարութիւնը հասարակութեան մէջ` աւելցնելով, որ պատասխանատուները պէտք է գիտնան, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը ո՛չ մէկուն, ո՛չ ալ կառավարութեան սեփականութիւնն է:

«Հետեւաբար մենք պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային որդեգրենք անհրաժեշտ օրինական միջոցառումները, որոնք կը պահպանեն մեր իրաւունքները եւ հարստութիւնները, որպէսզի երաշխաւորենք լիբանանցի նոր սերունդին գոյատեւումը Լիբանանի մէջ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ տնտեսական մարզի լրագրողները մեծ ազդեցութիւն ունին երկրին տնտեսական կացութեան վրայ, սակայն անոնք պէտք է գործեն ի նպաստ քաղաքացիներուն շահերուն:

Նախագահ Սլէյման նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անիկա երկրին  մնայուն բարգաւաճման հիմնական ազդակը կը նկատուի:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ պէտք է պահպանել երկրին ժողովրդավարութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Նորա Փերան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց  տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որ նախագահին ներկայացուց իր որդեգրելիք ծրագիրը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թաուք եւ Պէյրութի ու հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Ամալ Հատտատ եւ Պասսամ Տայէ:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Էսթոնիոյ նախագահէն` 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ազատ արձակելու իմաստով Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Նախագահ Սլէյման այսօր երեկոյեան Ամշիթի իր բնակարանին մէջ պիտի ընդունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Share this Article
CATEGORIES