«ՀԱՐՑԵՐԸ ՇԱՏ ԵՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿՈՃԱԿ ՄԸ ՍԵՂՄԵԼՈՎ ԼՈՒԾԵԼ ԶԱՆՈՆՔ» ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՔԱԹԻ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ, որոնք եկած էին հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններէն:

Պատուիրակութեանց հետ հանդիպումներուն ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքի անիւը սկսած է թաւալիլ` լուծելու համար քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր թղթածրարները, յատկապէս այն հարցերը, որոնք ուղղակի լիբանանցի քաղաքացիներուն կը վերաբերին:

«Մենք կ՛ըմբռնենք լիբանանցիներուն ուսերուն վրայ գտնուող ծանր բեռը, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած օրական հարցերը, որոնք կը վերաբերին ելեկտրական հոսանքի անջատման, երթեւեկի խճողումին, ինչպէս նաեւ ներկային ու ապագային նկատմամբ անորոշութեան վերաբերող մտահոգութիւններուն: Հետեւաբար, կը խոստանանք կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ այս բոլոր հարցերուն լուծումները նկատել առաջնահերթութիւններ, որպէսզի հանգստացնենք լիբանանցիները` թեթեւցնելով անոնց բեռը», ըսաւ վարչապետը:

Միքաթի նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը շատ են` աւելցնելով, որ անոնց լուծումը կոճակ մը սեղմելով կարելի չէ կատարել: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը բոլոր կողմերուն հետ պիտի գործակցի` դիւրացնելու համար լիբանանցիներուն կեանքը, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանցիներուն մէջ յոյսը արթնցնելու համար:

Անդրադառնալով քաղաքական մարզին` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է ամրապնդել բոլոր սկզբունքներն ու մօտեցումները, որոնց կառչած պէտք է մնայ կառավարութիւնը` ներքին, շրջանային եւ միջազգային առումով իր կատարելիք աշխատանքներուն մէջ:

Յայտնենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր երկօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի  հարաւային Լիբանան, ուր պիտի այցելէ լիբանանեան բանակին դիրքերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դիրքերը:

Վարչապետին պիտի ընկերակցին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:

Share this Article
CATEGORIES