«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆ

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան 90-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 15 յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, կեդրոն այցելեց հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ պաշտօնապէս ընդունուեցաւ հաստատութեան տնօրէնութեան ու անձնակազմին կողմէ:

Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ հաստատութիւնը ցարդ ընդունած է հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքապետերը, իսկ այսօր պատիւ է հայ կաթողիկէ պատրիարքը եւս հիւրընկալել 90 տարիէ ի վեր գործող հաստատութեան երդիքին տակ: Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած գործունէութեան, աշխատանքի տարբեր մարզերուն, որոնք կը միտին առողջ սերունդներու աճը ապահովել, նաեւ մայրերը օժտել այն կարողականութեամբ, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը կարենան լիուլի եւ ամբողջական կերպով կատարել:

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան, որ այս այցելութիւնը բացառիկ առիթ նկատեց` հաստատելով, որ հաստատութիւնը համայն հայութեան տունն է, անխտիր բոլորին կը պատկանի, պատրաստ է իր ծառայութիւնները մատուցելու իրեն դիմող իւրաքանչիւր անհատի: Անոր համաձայն, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ծաւալած աշխատանքին նպատակն է սատարել հայ մանուկներու առողջութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային առողջ եւ երջանիկ ընտանիքներ ունենալ: Տոքթ. Չորպաճեան դիտել տուաւ, որ Գարակէօզեան ընտանիքը իր այս նախաձեռնութեամբ զաւկի կորուստի սուգը վերածեց կենսունակութեան:

Ապա Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

Իր արտասանած սրտի ու գնահատանքի խօսքին մէջ հայ կաթողիկէ պատրիարքը դիտել տուաւ, որ տարուած աշխատանքը հիանալի է, որովհետեւ անոր մէջ կայ կարեկցութիւնը` մանուկին, կարիքաւորին ու հիւանդին նկատմամբ, ինչ որ մարդկային վեհ սկզբունքներու տէր անձերու կողմէ իրականանալի է: Անոր համաձայն, Հաուըրտ Գարակէօզեանի մահէն ետք անոր յարութիւնը կարելի է տեսնել այս հաստատութեան մէջ, որովհետեւ անոր յիշատակին շատ ու շատ մանուկներու կեանքեր կը փրկուին, հիւանդներ կ՛առողջանան եւ այլն: Պատրիարքը դիտել տուաւ, որ հաստատութիւնը նման է հայութեան, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան գիտէ գոյատեւել, շարունակել եւ յարութիւն առնել: Ան դրուատեց առանց խտրականութեան տարուած նուիրական աշխատանքը, շեշտը դրաւ կիներու տիրապետող ներկայութեան վրայ` հաստատելով, որ անոնք առաւել եւս փափկասիրտ կ՛ըլլան եւ կարողութիւնը կ՛ունենան ամբողջական նուիրումով գործելու:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք նշեց, որ այս հաստատութիւնը բաւական մեծ աշխատանք տարած է ու կը տանի` աւելցնելով, որ առանց անոր շատ մեծ բաց մը զգալի պիտի ըլլար լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Հոգեւոր տիրոջ համաձայն, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած ներկայի աշխատանքը կը միտի վաղուան առողջ սերունդները պատրաստել, ինչ որ շատ կարեւոր առաքելութիւն է:

Աւարտին հոգեւոր տէրը ուժ, կորով, եռանդ մաղթեց տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, յատուկ կերպով անդրադարձաւ երկար տարիներէ ի վեր հաստատութեան ողնաշարը հանդիսացող վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին` դիտել տալով, որ ան գործեց լայն ժպիտով, լուրջ յանձնառութեամբ եւ մեծ նուիրումով: Այս առիթով ան վեր. Սարգիսեանին յանձնեց յուշանուէր մը` իբրեւ գնահատանք անոր տարած աշխատանքին եւ մարդասիրական գործունէութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES