50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՅՈՒԼԻՍ 1961)
ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԻ
ՏԱԳՆԱՊ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ
Ամիսներէ ի վեր դրոշմաթուղթի տագնապ մը գոյութիւն ունի Լիբանանի նամակատուներուն մէջ: 5, 10, 20, 25, 50 դահեկանոց դրոշմաթուղթերը անհետացած են հրապարակէն եւ դարձած` թանկարժէք հնութիւն մը: Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր եւ հրատարակութիւններ մեծ դժուարութիւններու կ՛ենթարկուին եւ յաճախ կ՛ընդհատեն իրենց առաքումները, դրոշմաթուղթի չգոյութեան պատճառով կատարուած դիմումները կը մնան ապարդիւն:
Շատ տարօրինակ եւ անհաւատալի պիտի թուի այս երեւոյթը, բայց դժբախտաբար իրականութիւն է:
Կրնայ ըմբռնելի ըլլալ կարճ ժամանակի մը համար կարգ մը դրոշմաթուղթերու պակասը: Սխալ նախատեսութեան մը պատճառով կանուխէն ապսպրանքներ չեն կատարուիր, եւ նամակատան արկղներէն կը պակսին մէկ երկու տեսակ դրոշմաթուղթեր: Զարմանալի չէ այս պարագան: Սակայն, երբ ամիսներ կը յաջորդեն իրարու եւ դրոշմաթուղթի տագնապը լուծում չի գտներ, մարդի չի կրնար զարմանալու իր յատկութիւնը կորսնցնել:
Աւելի ծանր գայթակղութիւն մը կը դառնայ այս անըմբռնելի թերացումը, երբ նկատի ունենանք, որ ամէնէն գործածական եւ անհրաժեշտ տեսակներն են, որ կը պակսին` 5-10-50 դահեկաննոց դրոշմաթուղթերը:
Թղթատարական նախարարութիւնը արդեօք հնարաւորութիւններ չունի՞ այդ դրոշմաթուղթերը կարճ ժամանակի մը ընթացքին պատրաստել տալու, քանի որ բազմաթիւ արդիական տպարաններ կան Լիբանանի մէջ եւ կրնան ամենադժուարին եւ գեղարուեստական հրատարակութիւններ գլուխ հանել: Այդ ձեւով առաջքը կ՛առնուի շարք մը դժուարութիւններու, որոնք յառաջ կու գան պահանջուած դրոշմաթուղթերու պակասին պատճառով:
Ինչպէս ըսինք, թերթերը մասնաւորաբար, մեծ դժուարութիւններու կ՛ենթարկուին դրոշմաթուղթի այս տագնապին պատճառով: Անհրաժեշտ է, որ անմիջական կարգադրութիւն մը ըլլայ` օր առաջ վերջ տալու համար այս դժուարութեանց:
Ինչո՞ւ այս անհոգութիւնը:
ԱՌԿԱՅԾՈՒՄՆԵՐ
- Քրիստոսի վարդապետութիւնը մերժողը կը նմանի այն չարաճճի մանուկին, որ ոտքով ձեռքով կը հարուածէ զինքը դարմանելու
տրամադիր բժիշկը: - Հոն, ուր խաղաղութիւն կայ` կին չկայ, հոն, ուր կին կայ` խաղաղութիւն չկայ:
- Արուեստագէտներու մեծամասնութիւնը ճամբայ կ՛ելլէ համաշխարհային համբաւի, ձգտումով եւ առհասարակ կը ստիպուի գոհանալ պարզ թաղի մը մէջ նուաճուած համբաւով:
- Ամէն ինչ երազով կը սկսի, եւ կը վերջանայ երազով:
- Կնոջ ճանկը չինկողը դժուար թէ իյնայ` ուրիշի ճանկին մէջ:
- Սիրողը կը փնտռէ` նոյնի՛սկ եթէ չգտնէ:
– Անօթիին մէկն է:
– Անգամ մը որ օրական երեք հեղ կ՛անօթենանք` ո՞վ անօթի չէ: - Կեանքիդ ամփոփումը` երանի՜ ընէի, երանի՜ չընէի:
- Ի՞նչ աւելի մեծ նուէր մէկուն` քան լա՛ցը:
- Եթէ կեանքիդ ընկերը սովորականէն աւելի գուրգուրանք ցոյց տայ քեզի, կրնաս վստահ ըլլալ, թէ կա՛մ անհաւատարիմ է եղած, կամ ալ կը պատրաստուի` ըլլալու:
- Կապիկին նախահայրը մա՛րդն էր:
- Մարմնով կ՛աճիս մինչեւ չափահասութեան տարիք, սրտով մինչեւ վերջին շունչդ:
– Ամէնէն սննդադար կերակուրդ` ազատութիւնդ:
– Պանդուխտ` կէս մեռել:
– Վիշտը գլխուդ տակն է, բայց գլխուդ թա՛գն է: - Հոն ուր սէր չկայ, չի՛ կրնար ազատութիւն գոյութիւն ունենալ:
– Չե՞ս գիտեր թէ խենթին մէկն է:
– Գիտեմ, բայց ի՛նք չի գիտեր, ահա թէ ինչո՞ւ դժուար է ապրիլ անոր հետ: - Ներուած է` բայց չէ՛ մոռցուած:
- Արուեստագէտի թիւ մէկ թշնամին ու բարեկամը` կի՛նը:
- Աստուծմէ վախցողը պէտք չունի վախնալու` մարդոցմէ:
- Մարդիկ կը սարսափին առանձնութենէն, որովհետեւ ճի՛շդ այդ առանձնութեան մէջ է որ ահաւոր բազմութեան մէջ են:
- Ծախուածը չի կրնար ախորժիլ չծախուածէն:
- Երկինք բարձրացող ձեռները պարապ չեն իջներ:
ՍԱՐԳԻՍ ԱՇՃԵԱՆ