Թուրքիա. «Յունաստանի Որդեգրած Օրէնքը Ժողովրդավարութեան Սկզբունքներուն Եւ Խօսքի Ազատութեան Դէմ Է»

Թանժու Պիլկիչ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով հետեւած է Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի նախապատրաստման եւ ատոր որդեգրման հոլովոյթին` յունական իշխանութիւններուն մշտապէս կոչ ուղղելով այդ հարցին նկատմամբ ցուցաբերելու անհրաժեշտ զգայունութիւն:
Ան ընդգծած է, որ թրքական կողմը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցած է Յունաստանի խորհրդարանի 5 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին կատարուած այն յայտարարութեան, որ օրինագիծը պիտի չըլլայ արտաքին քաղաքականութիւն ձեւաւորող տարր մը եւ որեւէ երկիր, ներառեալ Թուրքիան թիրախ պիտի չդարձնէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ իրենք ուշի ուշով պիտի հետեւին օրէնքին կիրարկման, որ թրքական կողմին համոզումով` «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան սկիզբ նկատուող խօսքի ազատութեան»:
Այսուհանդերձ, Պիլկիչ նշած է, որ իրենք մեծ ակնկալիքներ պիտի ունենան, որ հետագային արդէն այդ օրէնքի ծիրին մէջ պատիժ սահմանուի Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան, ինչպէս նաեւ Ռոտոսի եւ Իսթանքիոյի մէջ իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ հնչող խտրական եւ ցեղապաշտական գործողութիւններուն եւ խօսքերուն համար:
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը 9 սեպտեմբերին 54 թեր, 42 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով որդեգրած էր ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծը կը նախատեսէ 6 ամիսէն մինչեւ 3 տարի բանտարկութիւն եւ 10 հազար-30 հազար եւրօ տուգանք Յունաստանի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ցեղասպանութիւնները ժխտողներուն նկատմամբ:
Այսպիսով , Յունաստանը երրորդ պետութիւնն է Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ քրէականացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:

