Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Զգուշութեամբ ծախսեցէք. դրամ պահեցէք անակնկալ պատահարներու համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հակառակ սեռին հետ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք. օրը պիտի անցնի յաջող եւ զուարթ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ականջ տուէք ձեր ֆիզիքական կարիքներուն. ձեր առողջութիւնը այնքան ալ կայուն չէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ մերժէք մասնակցիլ խնճոյքի մը, ուր պիտի ունենաք անակնկալ հանդիպումներ. օգտուեցէք առիթէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ զոհողութիւններ կ՛ընէք ձեր աշխատանքին համար, բայց` ո՛չ ձեր ընտանիքին. ձեր առաջնահերթութեան ուշադիր եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութիւնները կը հարստացնեն, աւելի լաւ բան չկայ կեանքի մէջ ապրելու համար:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լրջութեամբ հետեւեցէք վարչական թղթածրարներու պահպանման. զանոնք դասաւորեցէք եւ ոչինչ նետեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անշարժ գոյքերու գործառնութեան համար օրը յարմար չէ. համբերութեամբ դիմակալեցէք, դժուարութիւնները անցողակի են:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մանկական խաղեր կազմակերպեցէք` փոխանակ անոնց հակառակելու, որպէսզի անոնք չզգան, թէ պատժուած են:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զաւակներուն համար կազմակերպեցէք պտոյտներ եւ զբաղումներ, գոհացում տուէք անոնց:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան կացութիւնը կը տկարանայ. կրնաք կարգադրել հարցերը, եթէ կամենաք, հարցը ձեզմէ կախեալ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անտառին եւ բնութեան մէջ պտոյտը սքանչելի է, օրուան լաւագոյն ծրագիրն է այս, զոր պէտք է կատարէք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )