50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1964)

«Երեսունեօթը Թուին Ահաւո՛ր…»

1937, վկայութեամբ Հայաստանի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի` տարեթիւ երկրորդ Սպանդի:

Սպանդ` կիրարկուած ոչ թէ թուրքին կողմէ, այլ` ռուսին եւ հայուն պոլշեւիկ:

«Երեսունեօթը թուին ահաւոր» անճիտուեցան, անյայտացան կամ աքսորուեցան Հայաստանի գրողներ պոէտներ մեծանուն` Չարենց, Բակունց, Թոթովենց, Զապէլ Եսայեան, Լեռ Կամսար, Մահարի, Նորենց, Ալազան, Մկրտիչ Արմէն եւ ցանկ մը, որ ծայր չունի:

«Երեսունեօթը թուին ահաւոր» պատուհասուեցան Հայաստանի վարիչներ` պետական թէ կուսակցական, վարչապետ Աղասի Խանջեան, Կենտկոմի Ա. քարտուղար Հ. Ամատունի, Ժողկոմխորհուրդի նախագահներ Մ. Համբարձումեան, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան, նախարարներ` Ասքանազ Մռաւեան, Դրաստամատ Տէր Սիմոնեան եւ ցանկ մը տակաւին, որ վերջ չունի:

«Երեսունեօթը թուին ահաւոր» սրածուեցան հայ զինուորականներ ու հրամանատարներ, հասարակական գործիչներ ու վարիչներ, կուսակցական ու պետական առաջնորդներ: Եւ այսօր ոչ ոք կրցաւ ստուգել ու գիտնալ, թէ քանի «բիւր» զոհ գացին երեսունեօթը թուի Սպանդին:

Ինչո՞ւ այս անգութ ու անլուր ոճիրը, սակայն:

Որովհետեւ, կը վկայէ Շիրազ, ողջ հայութեան, ողջ ընտրանին զրպարտուեցաւ եւ դահիճները ըսին, թէ «ծաղկունքը` աչեր են օձի»:

Հետեւաբար, հարկ էր հնձել «օձի աչքերով» հայ «ծաղիկ»-ները բոլոր. մորթել, յօշոտել, աքսորել ո՛ղջ հայութիւնը, ո՛ղջ ընտրանին:

Գուցէ մնաց, վերապրեցաւ, հայութեան «մարմինը», սակայն` անգլուխ, անտէր, անղեկ դիակ դարձած, որուն ի տես «մարդկանց փոխարէն ամպերը գոռացին, սգացին պապանձուած սար ու ձոր»:

… Այժմ, հայապաշտ պոէտը` Շիրազ կը պահանջէ, որ «երեսունեօթը թուի յուշարձան» կանգնուի, որպէսզի «յառնեն նահատակ հազարները հայ ժողովուրդին»:

Նման յուշարձան Մոսկուան թոյլ չի՛ տար, ինչպէս արգիլեց ու կ՛արգիլէ յուշարձան մը` «1915 ապրիլ»-ի: 1936-38 տարիներուն ոչ միայն հայ, այլեւ խորհրդային բոլոր ժողովուրդներու դէմ գործուած ահաւոր ոճիրներուն համար Մոսկուան գտած է «բացատրութիւն»:

Երկու տարի կախաղանները կանգ չառին, երկու տարի գնդակահարութիւնները անընդհատ շարունակուեցան, երկու տարի արեան գետեր հոսեցան, որովհետեւ խորհրդային իրականութեան մէջ կը տիրէր… անհատի պաշտամո՜ւնքը:

Սակայն, ինչպէ՞ս… կը բացագանչէ Շիրազ:

«Մեղաւորը մէ՞կն էր, թէ՞ սադրանքը ահեղ»:

Եւ ինչպէ՞ս կրնար մէկ հատիկ մարդ մահկանացու` ժողովուրդներ անճիտել, ազգեր սրածել, անհամար զանգուածներ աքսորել, բիւր բիւրաւոր ընտրեալներ անհետացնել, եթէ չըլլար «սադրանքն ահեղ»:

«Սադրանք»-ն էր, որ ծնունդ տուաւ Ստալին հրէշին:

«Սադրանք»-ն էր, որ հնարաւոր դարձուց ճիւաղութիւնը ստալինեան:

«Սադրանք»-ն էր, որ զայն ոչ միայն հանդուրժեց, այլեւ աստուածացուց մարդասպանը չգերազանցուած:

… «Երեսունեօթը թուին ահաւոր» հազար անգամ խաչուած հայ ժողովուրդը կրկին խաչ բարձրացաւ, ոչ թէ միջնադարեան բռնապետի մը քմահաճոյքին ի պատասխան, այլ` բաւարարելու համար այն «սադրանքը ահեղ», որ պոլշեւիզմ կը կոչուի:

Շիրազ կ՛ուզէ, որ Հայաստանի մէջ «Անմեղութեան յուշարձան» բարձրացուի, որպէսզի «յառնեն նահատակ հազարներ»-ն ազգին:

«Բարձրացի՛ր, յուշարձա՛ն զոհերի, մեր անմեռ», կը բացագանչէ պոէտը: «Բա՛ց աչքերն աչքաբաց կոյրերի»:

Տարաբախտաբար անհնա՛ր է այս:

«Աչքաբաց կոյրերի» աչքերը չեն բացուիր: Ոչ թէ հոն, ուր կը շարունակուի «սադրանքը ահեղ», հոն, ուր վտանգաւոր է ճշմարտութիւնը դիտել բաց աչքերով, հոն, ուր բաց աչքերուն արգիլուած է տեսնուած ճշմարտութիւնն իսկ ճանչնալ, այլ` ամէն այն տեղ, ուր մարդիկ գիտակցօրէ՛ն ու կամովին կոյր են աչքաբաց:

Հետեւաբար Շիրազի բոլոր աղեկէզ ճիչերը եւ բոլոր «Շիրազ»-ներու բոլոր վկայութիւնները անզօր են կերպարանափոխելու հայ տարագրութեան աչքաբաց կոյրերը:

Աչքաբաց այդ կոյրերուն համար փոյթ չէ այն երկրորդ Սպանդը, որ տեղի ունեցաւ «երեսունեօթը թուին ահաւոր»…

Աչքաբաց այդ կոյրերուն համար չարամիտներու կողմէ հեղինակուած բան մըն է այն «սադրանքը ահեղ», որուն հետեւանքը եղաւ Սպանդը երկրորդ:

Աչքաբաց այդ կոյրերը չտեսան, չեն տեսներ այսօր ու պիտի չտեսնեն երբեք, որ այդ սադրանքին համար հայ հող, հայ մշակոյթ, հայ իրաւունք, հայ ժողովուրդ ու հայ դատ վաճառելի են` փոխան այլ հաշիւներու եւ շահերու:

«Երեսունեօթը թուին ահաւոր» նահատակուած Չարենցներու եւ Խանջեաններու, Զապէլ Եսայեաններու եւ Դրաստամատ Տէր Սիմոնեաններու «յանցանք»-ներէն գլխաւորն այն էր, որ Դաշնակցութեան ազգային դաւանանքը կը քարոզէին, Դաշնակցութեան նահատակուած հերոսները կը փառաբանէին` Ք. Միքայէլեանէն մինչեւ Արամ, եւ Իշխանէն մինչեւ Ահարոնեան, եւ վերջապէս, Դաշնակցութեան գործերը կը փորձէին յաւերժացնել` Պանք Օթոմանէն մինչեւ Խանասոր, ոչ թէ իբրեւ «դէպք», այլ` ԻԲՐԵՒ ՈԳԻ, իբրեւ հարազատ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉՈՒԹԵԱՆ: Իբրեւ անխարդախ վկայութիւն` ազատ եւ անկախ հայրենիքի անմեռ ՀԱՅ ԻՏԷԱԼԻՆ:

Այս իրողութեան լրիւ ծանօթ են Շիրազ եւ բոլոր «Շիրազները» Հայաստանի, այս ճշմարտութիւնը գիտեն բոլոր գրողներն ու գիտութիւնները` ո՛ղջ մտաւորականութիւնը Հայաստանի: Քսաներորդ դարու հայ իրականութեան ա՛յս խարիսխին ապաւինած է բովանդակ հայութիւնը Հայաստանի:

Պիտի անցնի այն «սադրանքը ահեղ», որուն վարիչները թոյլ չեն տար, որ այսօր Հայաստանի մէջ յուշարձաններ բարձրանան` ըլլա՛յ 1915-ի, ըլլա՛յ 1937-ի Սպանդները ոգեկոչող:

Շիրազները հազար վկայութեամբ կը վկայեն, որ կանգուն են արիները Հայաստանի:

Ասկէ աւելի ներշնչող ու ներգործ ուժ չկայ երկնքի տակ, նաեւ` տարագրութեան արիները պահելու պատրաստ ու ոտքի:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )