Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց «Լա Փրենսես»-ի Սեփականատէր Անթուան Էմիրզեանին Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Լիբանանահայ գործարարներուն ծանօթանալու, անոնց գործունէութեան մասին ծանուցելու, իւրաքանչիւրին անցած աշխատանքային ուղին ներկայացնելու նպատակով, «Ազդակ» հարցազրոյց-հանդիպումներ կատարեց անոնց հետ:
Այս ամիսէն սկսեալ ամսական դրութեամբ պիտի հրատարակենք այս հարցազրոյցները:
«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր հաստատութեան անունը ի՞նչ է, ե՞րբ հիմնուած է եւ ո՞վ հիմնած է:
ԱՆԹՈՒԱՆ ԷՄԻՐԶԵԱՆ.- Մեր հաստատութեան անունն է «Լա սիրեն տը Ֆենիսի»: Երբ սկսանք «Լա Փրենսես» էր (որ մեր արտադրութեան անունն է), ապա յիշեալ անունը դրինք: Պատերազմի պատճառով 3 անգամ մեր հաստատութիւնը այրեցաւ եւ մոխիրի վերածուեցաւ, սակայն մենք, առանց յուսահատելու, կրկին սկսանք: Մենք կը նմանինք փիւնիկ թռչունին, որ երբ մեռնի, մոխիր կը դառնայ, սակայն յետոյ այդ մոխիրէն կրկին հոգի կ՛առնէ եւ կը ծնի: Հաստատութիւնը հիմնուած է 1968-ին: Ես հիմնած եմ հաստատութիւնը:
«Ա.».- Ի՞նչ կը վաճառուի ձեր հաստատութեան մէջ:
Ա. Է.- Մեր հաստատութիւնը գլխաւորաբար ճանչցուած է որպէս ներքնազգեստ վաճառող հաստատութիւն, բամպակեղէնի վերաբերեալ արտադրութիւններ` նորածինէն մինչեւ 100 տարեկան, արական թէ իգական: Ասոր կողքին, կը վաճառենք գիշերազգեստներ` փիժամա, ռոպ եւ այլն, ինչպէս նաեւ` այր մարդոց, «jogging suit»-եր: Մենք յիշեալ արտադրութիւններով սկսանք 1970 թուականին եւ շարունակեցինք մինչեւ 2008 թուական: 2008-ին, երբ դժուարութիւններ ունեցանք մեծաքանակի գումարները գանձելու, ստիպուեցանք գետնայարկը ցուցասրահ մը բանալ եւ հոն վաճառել մեր ապրանքը փոքրաքանակ` մեծաքանակի կողքին: Այդ միջոցին եւս գաղափար յղացայ, որ գնեմ քոլան «Վոկ» (Vog) հաստատութիւնը:
«Ա.»- Խօսինք «Վոկ» հաստատութեան մասին. ո՞ւր կը գտնուի:
Ա. Է.- Հաստատութիւնը գնեցի 2008-ին: Կը գտնուի Մքալլես շրջանին մէջ: Ունի մօտ 2000 քառ. մեթր տարածութիւն: 60 պաշտօնեաներ կ՛աշխատին հաստատութեան մէջ: Քոլանի կողքին, կ՛արտադրենք նաեւ «մայոներ»:
«Ա.».- Լիբանանէն դուրս կը ծախէ՞ք քոլան «Վոկ»-ը:
Ա. Է.- Լիբանանի մէջ վաճառելու կողքին, ամիսը 2 բեռնարկղ ապրանք կը ծախենք Միացեալ Նահանգներ, նաեւ արաբական երկիրներու կը ծախենք, ինչպէս` Տուպայ, Քուէյթ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Աւստրալիա, նաեւ Սուրիա կը ծախենք, սակայն ներկայիս կացութեան պատճառով թեթեւ է Սուրիոյ վաճառքը:
«Ա.».- «Լա Փրենսես» հաստատութեան հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, 1970-2013, ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր գործունէութեան մասին: Ո՞ւր էր հաստատութիւնը 1970-ին եւ ո՞ւր է հիմա: Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք զայն:
Ա. Է.- Կ՛ուզեմ ըսել, որ իմ ծնողներէս ինծի ժառանգ չէ մնացած: Ես 12 տարեկանիս գործի սկսած եմ եւ մինչեւ հիմա, 60 տարիէ այս ասպարէզին մէջն եմ: Ես բնաւ չեմ յոգնիր, որովհետեւ երբ աշխատանք մը սիրելով կ՛ընես, չես յոգնիր: Ուրեմն ես սկսայ ինքնաշխատութեամբ: Շատ չնչին գումարով` 12,000 լ. ոսկիով: Այդ գումարով գնեցի մեքենաներ, եւ ինչ որ աւելցաւ, ապրանք գնեցի եւ կարեցի: Անշուշտ եթէ չծախուէր, յաջողութիւն պիտի չգտնէինք: Այդ ապրանքը ծախելով` դրամագլուխը աւելցաւ, եւ մենք յաջողութիւն գտանք շուկայի վրայ: Պատերազմէն ետք մեր գործը 50 առ հարիւր նուազեցաւ, մանաւանդ` գանձումներու պատճառով:
Յաճախորդը վճարումը կ՛ուշացնէր եւ ասոր դիմանալու համար կամք եւ յոյս պէտք է: Ես հաւատքովս հասայ հոն, ուր որ եմ:
«Ա.».- Հաստատութիւնը քանի՞ պաշտօնեայ ունի:


Ա. Է.- Հաստատութեան մէջ կը գործեն 30 լիբանանցի պաշտօնեաներ: Սկզբնական շրջանին 60 էին, սակայն ներկայիս անոնց թիւը 30 է: Անոնց կողքին, կ՛ուզեմ ըսել, որ ես ունիմ 3 աղջիկ զաւակներ, որոնք իմ հետս կ՛աշխատին: Մեծ աղջիկս` Քարոլինը, ստանձնած է հաստատութեան հսկողութեան բաժինը, ապրանքին գործադրութիւնը եւ այլն, միջնեկ աղջիկս` Քրիսթինը, ստանձնած է հաշուապահական բաժինը, իսկ պզտիկ աղջիկս` Մարլենը, որ արուեստագիտուհի է, կը պատրաստէ քաթալոկը, մոտելները եւ այլն:
«Ա.».- «Լա Փրենսես» հաստատութիւնը մասնակցա՞ծ է ցուցահանդէսներու:
Ա. Է.- 2011-ին Ֆրանսայի մէջ «Փալէ տիւ Քոնկրես»-ի ցուցահանդէսի մը մասնակցեցանք, եւ մեր ապրանքները քաթալոկի վրայ 2-րդ դիրքի արժանացան: Մասնակցած ենք նաեւ այլ ցուցահանդէսի մը` Պիելոռուսիոյ մէջ:
Սպանիոյ մէջ 2003 թուականին մրցանք մը կազմակերպուեցաւ միջազգային արտադրիչներու համար, որոնք յաջող արտադրութիւններ ունին, եւ անոր մասնակցեցան զանազան երկիրներ: Լիբանանը ներկայացուց «Լա Փրենսես» հաստատութիւնը եւ Սպանիոյ մէջ պարգեւատրեցին զիս յուշանուէրով մը: Այս դէպքին մասին գրեց Լիբանանի «Տիար» թերթը:
Ասոր կողքին լիբանանեան զանազան թերթերու մէջ տեղ գտած են «Լա Փրենսես» հաստատութեան յաջողութիւնները:
«Ա.».- Ո՞ւր կը վաճառէք «Փրենսես» հաստատութեան ապրանքը: Լիբանանէն դուրս կ՛ուղարկէ՞ք:
Ա. Է.- Լիբանանի մէջ վաճառելու կողքին, այլ երկիրներէ կու գան եւ մեր արտադրութիւնը կը գնեն: Սակայն ես այլ մասնաճիւղ չունիմ Լիբանանէն դուրս: Մենք գլխաւորաբար Լիբանանի մէջ կը վաճառենք մեր արտադրութիւնը:
«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ «Փրենսես» հաստատութիւնը:
Ա. Է.- Ինչ որ դիւրին կը շահիս, արժէք չ՛ունենար. սակայն այն բանը, որ դժուարութեամբ մէջտեղ կը բերես, արժէք կ՛ունենայ: Վստահաբար դժուարութիւնները անպակաս են: Մրցակցութիւն շատ կայ: Սուրիական արտադրութիւնը աւելցած է Լիբանանի մէջ, եւ անոնք կը ծախուին աժան գիներով: Լիբանանի մէջ վաճառականներուն 95 առ հարիւրը ապրանք կը բերէ գաղտնաբար, առանց պետական տուրքերը վճարելու եւ աժան կը ծախեն, իսկ մենք բոլոր տուրքերը կը վճարենք եւ, հետեւաբար, դժուարութիւն կ՛ունենանք շուկայի վրայ. սակայն, հակառակ անոր, մենք ունինք մեր տեղը լիբանանեան տնտեսութեան մէջ եւ ունինք մեր յաճախորդները:
Այլ դժուարութիւն մըն է ելեկտրականութեան տագնապը: Մանաւանդ «Վոկ» հաստատութեան պարագային, շրջանին մէջ 20 ժամ ելեկտրականութիւն չկար եւ մեծ գումարներ տրամադրեցինք ելեկտրածին շարժակներու համար, սակայն ներկայիս 2-3 շաբաթէ բարելաւուած է քիչ մը:
«Ա.».- Անթուան Էմիրզեանը ինչպէ՞ս կրցած է յաջողիլ այս ասպարէզին մէջ:
Ա. Է.- Կեանքի մէջ յաջողելու համար գլխաւոր պայմանը ճշգրտութիւնն է: Երբ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ես, կը յաջողիս: Հաստատութեան անունը եւ պատիւը բարձր պէտք է մնայ: Ձախողութեան պարագային ալ պէտք չէ յուսահատիլ եւ պէտք է հաւատք ունենալ:
«Ա.».- Խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին:
Ա. Է.- Մի՛շտ աշխատանք, մի՛շտ գործ: Այնքան ատեն որ ոտքի եմ` աշխատանք: Զաւակներուս օգնութեամբ` յարատեւ աշխատանք: Հոս փակագիծ մը բանամ եւ ըսեմ, որ ես շինարարութեամբ ալ կը զբաղիմ, շէնք կը շինեմ եւ կը ծախեմ:

