Միջին Արեւելքին Մէջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Եւ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Դարձան Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մամլոյ Ասուլիսին Գլխաւոր Նիւթերը Ուաշինկթընի Մէջ
Երեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները` մասնակցութեամբ շուրջ 500 հոգիներու, որոնց կարգին` բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, քոնկրեսի անդամներ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու պատկանող պատասխանատուներ: Ամերիկեան ու միջազգային տեղեկատուական միջոցներ յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցան համագումարի աշխատանքներուն:
Համագումարին առաջին օրը, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Ազգային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ: Սոյն մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իր խօսքը ուղղեց` շեշտելով, որ Միջին Արեւելքէն այստեղ չենք եկած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խնդրելու, այլ ամերիկացի ժողովուրդը տեղեակ պահելու մեր մտահոգութիւններուն շուրջ` շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու ամբողջական ու յստակ պատկերը ներկայացնելով: Երկրորդ, մենք հոս չենք եկած այս կամ այն խմբակցութեան դէմ պայքար կազմակերպելու, այլ միասնաբար մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` զայն արմատախիլ ընելով մարդկային կեանքէն: Ահաբեկչութիւնը զանազան անուններով եւ կերպերով, տարբեր տեղեր ինքզինք կ՛արտայայտէ, ան մարդկային արժէքները արհամարհող ու նոյնիսկ մարդկային գոյութեան սպառնացող չարիք մըն է, որուն դէմ պէտք է պայքարին բոլոր կրօններն ու բոլոր ազգերը, եւ միասնաբար: Երրորդ, ճիշդ չէ ըսել, թէ քրիստոնեաները կը հալածուին, այլ իրականութիւնը այն է, որ խղճի ազատութիւնը եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներն են, որոնք այսօր կը բռնաբարուին Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս մտահոգութիւնը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ, այլ համամարդկային մտահոգութիւն մըն է, հետեւաբար, միջազգային համայնքը համապատասխան վերաբերում պէտք է ճշդէ: Չորրորդ, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան խնդիր չէ: Երկու կրօնները երկար դարեր գոյակցած են ու պէտք է շարունակեն գոյակցիլ: Խումբ մը մարդիկ այսօր կը փորձեն իսլամութեան ուսուցումները եւ արժէքները եղծել ու շահագործել` ի խնդիր իրենց քաղաքական նպատակներուն: Հետեւաբար մեր սպասումն է, որ իսլամ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ, հրապարակային կեցուածք ճշդեն այս մտահոգիչ կացութեան նկատմամբ:
Յիշեալ պաշտօնական ու հրապարակային մամլոյ ասուլիսէն ետք վեհափառ հայրապետը հարցազրոյցներ ունեցաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի, «Ֆոքս Նիուզ»-ի, «Քաթըլիք նիուզ սըրվըսիս»-ի, «Էլ.Պի.Սի.»-ի, «Նուրսաթ»-ի եւ այլ ամերիկեան ու միջազգային մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հարցազրոյցներուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. Ա.) Քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքին. ան կառչած կը մնայ իր արմատներուն հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Բ.) Միաստուածեան երեք կրօններուն միջեւ համագործակցութիւնը հրամայական է` նկատի ունենալով կրօնի առանցքային տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ: Գ.) Միջազգային համայնքը լուռ մնաց Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, այսօր ան պէտք չէ անցեալի սխալները կրկնէ` անտարբեր մնալով մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն նկատմամբ:

