Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակին Առիթով. Ճանչնանք Մեր Արժէքները
ՄՈՎՍԷՍ Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Այսպիսի աննախընթաց համագումարի մը ընթացքին, որ կը մէկտեղէ երկրագունդի տարածքին գտնուող բոլոր մուսալեռցիներուն ներկայացուցիչները, անպայմանօրէն իրարու փոխանցելիք պատգամ մը ունինք, աւելի՛ն, վերահաստատելու ուխտ մը, որ կը գերազանցէ մեր անհատական արժանիքները, եւ որն է մեզի ժառանգ ձգուած Մուսա Լերան հերոսամարտին աւանդը:
Մուսա Լերան գոյութիւնը ճանչցուեցաւ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի ձգած ազդեցութենէն:
Մուսա Լերան հերոսամարտի իրագործումը այնպիսի յանդուգն քայլ մըն էր, որ ոչ միայն իր դրոշմը ունեցաւ ներհայկական առումով, այլ նաեւ դարձաւ համամարդկային արժեչափ:
Մուսա Լերան հերոսամարտը արտայայտիչն է մարդկային հետեւեալ վեհ յատկանիշներուն.
– Խիզախութիւն.-
Մուսա Լերան ժողովուրդը օժտուած էր այնպիսի հոգեկան հզօր զօրութեամբ, որ յանդգնեցաւ մերժելու տարագրութեան ելլելու Օսմանեան կայսրութեան հրամանները, որոնք կ՛առաջնորդէին դէպի նուաստացուցիչ կեանք ապրելու յոյսը, եւ համարձակեցաւ դէմ դնել օսմանեան բանակներուն ու ամբողջ ժողովուրդը բարձրացաւ լեռ, որ կը տանէր ստուգապէս դէպի պատուաւոր մահ:
Այս յանդուգն քայլը կը նուիրականացնէր մեր հայկական նկարագիրի ամէնէն յատկանշական գիծը, որն է` «ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է» նշանաբանը, որ մեզի ժառանգ ձգուած է Վարդանանց պատերազմէն եւ շարունակուած` մեր օրերու Արցախով:
Այս յանդուգն քայլը մեր ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար էր, որ կը բնորոշուէր «ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԷՍՆ ԱԼ ՊԱՏՈՒՈՎ ՄԵՌՆԻԼ Է» Պարոյր Սեւակի նշանաբանով:
– Միասնականութիւն.-
Այս խիզախ քայլը առնուեցաւ միասնաբար, ամբողջ ժողովուրդով. ժողովուրդը լաւապէս իրազեկ էր, թէ իրեն սպառնացող պատուհասը անհատական չէր, այլ` համընդհանուր, պէտք էր միասնականօրէն դիմագրաւել զայն: Հետեւաբար միասնականօրէն ընտրեց իր ղեկավարութիւնը, միասին` ղեկավարութիւն եւ ժողովուրդ իրարու հանդէպ փոխադարձ յարգանքով կրցան իրենց դէմ ցցուած բոլոր խոչընդոտները յաղթահարել եւ քառասուն օրուան դժնդակ պայմաններու մէջ կրցան դիմագրաւել օսմանեան բանակներուն ահաւոր գրոհները եւ ապահովեցին փառապանծ յաղթանակ մը: Այս միասնակամութիւնը կը հիմնուէր հետեւեալ կէտերուն վրայ.
Առաջին` հայկական վճռական նկարագիրը, որ պէտք էր վճռական կամքով դիմագրաւել սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:
Երկրորդ` կրօնը:
Երրորդ` լեզուն:
Չորրորդ` բարքերն ու սովորութիւնները:
Այս բոլորը միատեղ շնորհք կ՛ընծայէին մուսալեռցիներուն` զիրար լաւապէս ըմբռնելու եւ հասկնալու:
– Իմաստութիւն.-
Ղեկավարութիւնը իմաստութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ կը լուծէր ժողովուրդին մէջ յառաջացած հարցերը. իմաստութեամբ կը դասաւորէր առօրեայ կեանքը դժնդակ պայմաններու մէջ. ժողովուրդն ալ գիտակցօրէն կը գործադրէր ղեկավարութեան կարգադրութիւնները:
Ղեկավարութիւնը իմաստութեամբ կ՛օգտագործէր ռազմական բնական տուեալները` լեռը, մացառը եւ մշուշը թշնամիին դէմ եւ մարտավարական բացառիկ կարողութեամբ ետ կը մղէր թշնամիին բոլոր գրոհները:
Ղեկավարութեան իմաստութիւնն էր ծովէն օժանդակութիւն ակնկալելու յոյսը, ան գաղափարը յղացաւ լերան լանջին պարզելու ԽԱՉ դրօշակը եւ կրակ վառելու, որպէսզի նկատելի դառնայ ծովէն:
– Զոհողութիւն.-
Իսկ ամէնէն վեհը զոհողութեան ոգին էր, եւ ամէն ոք պատրաստ էր իր անձը զոհաբերելու ժողովուրդին համար:
«ՉԿԱՅ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՍԷՐ, ՔԱՆ ԱՅՆ, ԵՐԲ ՄԷԿԸ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ ԶՈՀԷ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ» // ՅՈՎ. 15-13 // Ասիկա արդէն գերմարդկային զօրութիւն մըն էր, եւ մուսալեռցիներուն հոգիները պարուրուած էին այդ զօրութեամբ:
Փաստօրէն ունեցանք 18 նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին ամենայն գիտակցութեամբ` յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան, եւ դարձան յաւերժական պահապանները մեր ազգային արժէքներուն: Այս խտացեալ մարդկային վեհ յատկանիշները գոյացուցին այնպիսի արժէք մը, որ դուրս գալով ներհայկական ոլորտէն` սլացաւ միջազգային բարձունքներ եւ դարձաւ համամարդկային արժեչափ:
Ասիկա եղաւ օրինակ մը ամբողջ մարդկութեան, մենք համայն մարդկութեան սորվեցուցինք, թէ յաղթանակի բանալին յանդգնութիւնն է, ասոր իբրեւ ապացոյց էր աւստրիացի նշանաւոր հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի հանրածանօթ «Մուսա Լերան քառասուն օրը» դիւցազնավէպը, որ թարգմանուած է աւելի քան յիսուն լեզուներու: Ոչ մէկ հայկական հերոսամարտ կը վայելէ այսքան միջազգային վարկ, սոյն վէպը իր արժանավայել տեղ կը գրաւէ միջազգային համայնագիտարանին մէջ, funk & Wagnalls new encyclopedia#number 27 P. 241 the forty days of Mousadagh an epic tale of Armenian resistense to Turkish invaders had a remarkebel success in U.S. in 1934.
Այս արժէքը կը պատկանի համայն հայ ժողովուրդին, եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը հպարտ է այսպիսի միջազգային համբաւ վայելող արժէք մը ունենալու համար եւ պարտաւոր է պահպանել զայն: Սակայն նախ եւ առաջ այդ պարտականութիւնը կ՛իյնայ Մուսա Լերան դիւցազնամարտի հերոսներու ժառանգորդներուն ուսերուն, հետեւաբար մենք, իբրեւ այդ ժառանգորդներ, պարտաւոր ենք իր ամբողջական իմաստով պահպանելու այդ փառապանծ աւանդը, այդ աւանդն է, որ մեզ կը միացնէ իրարու եւ մեր մէջ կը գօտեպնդէ այն զօրութիւնը, որ մեզի ժառանգուած է Մուսա Լերան հերոսամարտէն:
Այդ արժէքը պահպանելու եւ յաւերժացնելու համար հարկ է ունենաք օրրան մը եւ ունինք այդ օրրանը` Այնճար հայաւանը մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը:
Այնճար
Այնճար ծնունդն է Մուսա Լերան հերոսամարտին, եթէ հերոսամարտը տեղի չունենար կա՛մ գաղթական, տարագիր պիտի ցրուէինք, կա՛մ պիտի մնայինք Մուսա Լեռ իբրեւ աննկատառելի գոյութիւն մը: Մուսա Լերան փառապանծ յաղթանակն էր պատճառը, որ մուսալեռցիները դարձեալ առին պատմական յանդուգն քայլ մը 1939-ին, երբ Մուսա Լեռ կցուեցաւ թրքական պետութեան. մուսալեռցիները մերժեցին ապրիլ թրքական լուծին տակ եւ հրաժարելով իրենց իրաւունքէն` ամբողջ ժողովուրդով ձգեցին տուն ու տեղ, ինչք եւ ստացուածք, լքեցին Մուսա Լեռը եւ եկան ու հաստատուեցան Լիբանանի մէջ աննշան վայր մը` Այնճար, իրենց հետ փոխադրելով Մուսա Լերան հերոսամարտի աւանդը:
Այս յանդուգն քայլը առին պարզապէս մեր ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:
Այդ կիսանապատ, փոշեծածկ եւ փուշերով լեցուն ճահճահուտ վայրը, շնորհիւ մեր հայրերու տքնաջան աշխատանքին եւ բազում զոհողութիւններուն, այսօր կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն օրինակելի գիւղերէն մէկը. Այնճար դարձած է հրապուրիչ վայր մը ամբողջ շրջանի ժողովուրդին համար:
Այնճար պարծանքն է լիբանանահայութեան եւ հիմնական կայք մը` ամբողջ սփիւռքահայութեան: Այնճար իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, յուշակոթողներով, միութիւններով, հողատարածքով եւ, վերջապէս, հայեցի դիմագիծով հիմնական ներդրումն է մեր սիրելի հայրենիքին յառաջդիմութեան համար: Թերեւս այլ պետութիւններ հարկ է հսկայական գումարներ տրամադրեն, որպէսզի ունենան Այնճարի պէս վայր մը: Այնճար իր մէջ կը պահպանէ Մուսա Լերան հերոսամարտի աւանդը, այդ աւանդն է, որ անքակտելի կապով կը կապէ բոլոր մուսալեռցիները, ճիշդ այդ պատճառներով մենք` բոլոր մուսալեռցիներս, այնճարաբնակ թէ Այնճարէն դուրս բնակող, պարտաւոր ենք պահպանելու Այնճարը:
Ճիշդ է` մենք ունինք բազում դժուարութիւններ մեր դիմաց, կան բազմաթիւ խոչընդոտներ, մեզի ուղղուած են կարգ մը մարտահրաւէրներ, մենք բոլոր մուսալեռցիներով պիտի յաղթահարենք մեր դէմ ցցուած բոլոր խոչընդոտները, պիտի դիմագրաւենք մեզի ուղղուած բոլոր մարտահրաւէրները միշտ Մուսա Լերան հերոսամարտէն մեզի ժառանգ ձգուած աւանդով` ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՄԲ, ՄԻԱՍՆԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ:
65-ամեակ
Օգոստոս 7-17, 2004
Յարդը գնում է, ցորենն է մնում.
Անկեղծ, անբիծ, անարատ մարդկութեան սիւնն է:

