Փաուլօ Պենթօ Այլեւս Փորթուգալի Մարզիչը Չէ

Փաուլօ Պենթօ
Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Ֆետերասիոնը վերջ մը դրած է ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ` Փաուլօ Պենթոյի պայմանագրութեան:
Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ Փորթուգալ իր սեփական դաշտին վրայ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ալպանիոյ դէմ` Եուրօ 2016-ի զտումի խաղերու առաջին հանգրուանին:
Փորթուգալեան «Ա Պոլա» օրաթերթը յայտնեց, որ երկու հաւանական թեկնածուներ կան շարունակելու Պենթոյի գործը` Ֆեռնանտօ Սանթոս եւ Վիքթոր Փերէյրա:
Յիշեցնենք, որ Ֆեռնանտօ Սանթոս 2014 Մոնտիալի աւարտին հեռացաւ Յունաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն, իսկ Վիքթոր Փերէյրա ամիսներ առաջ իր կարգին դադրեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ահլի ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:
CATEGORIES Մարզական

