Վենկեր. «Ուելպեքի Փոխանցումը Վան Փերսիի Տեղափոխութեան Պատասխանն Է»

Տենի Ուելպեք

Տենի Ուելպեք

Անգլիական Արսենալ ակումբի գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Արսէն Վենկեր իր կարծիքը յայտնեց Տենի Ուելպեքի տեղափոխութեան մասին:

Ան ըսաւ, թէ ստիպուած էին յառաջապահ խաղցող մը միացնել ակումբին, որովհետեւ ֆրանսացի Օլիվիէ Ժիրուն վիրաւորուած էր, եւ անոնք դիմեցին Ուելպեքին, որովհետեւ կը կարծէին, որ ան ամէնէն յարմարն էր խումբին խաղաոճին համար:

Վենկեր իր խօսքին մէջ շեշտեց այն կէտին վրայ, որ Ուելպեքի միացումը Արսենալին ուղղակիօրէն պատասխան եղաւ Վան Փերսիի Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխումին:

Նշենք, որ Տենի Ուելպեք 20 միլիոն եւրոյով Արսենալին միացաւ փոխանցումներու վերջին օրուան վերջին վայրկեաններուն, երբ միաժամանակ իր նախկին ակումբը ձեռք ձգեց քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոն:

 

Share this Article
CATEGORIES