Արամ Ա. Կաթողիկոս Իբրեւ Պատրիարքներու Բանբեր Նախագահ Օպամային Պարզեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մտահոգութիւնները
Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի մարոնի, հայ, ասորի, յոյն կաթողիկէ եւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ:
Պատրիարքներուն առաջարկով Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց 13 տարիներ առաջ` 11 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն, եւ ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններուն ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանի մէջ հետզհետէ ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը միայն վտանգ մը չէ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար: Հետեւաբար, այս համամարդկային չարիքը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական ճիգերով: Այս ծիրին մէջ, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսական է, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան` ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկուոր չեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն, այլ անոնք իրենց արմատները Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ ունին: Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց օր մը առաջ նախագահ Օպամային արտասանած խօսքը եւ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:
Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք, պատրիարքները յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Ռայի պատրիարքը նախապէս հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակը փոխանցեց նախագահ Օպամային:
Նախագահ Օպամա իր կարգին խօսք առնելով լայն կերպով անդրադարձաւ իր պատգամին մէջ յիշուած կէտերուն` շեշտելով, որ խղճի ազատութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնայ առաջնահերթութիւն:

