Օհանեան. «Հայաստանի Համար Անընդունելի Են Միակողմանի Զիջումները»

0912_Seyran-Ohanyan-181

Սէյրան Օհանեան

«Ազրպէյճան կը փորձէ սահմանին վրայ սադրանքները օգտագործել ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ ազդելու համար»: Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ ուսանողներու եւ դասախօսական կազմի հետ հանդիպման ատեն այս մասին յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը տագնապի լուծման խաղաղ ճամբով հասնելու դիրքերէն կը ներկայանայ:

«Խօսքը զուտ նախնիներու հողին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մասին է: Անոր այլընտրանք չկայ, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք անոր համար»,  ընդգծեց Օհանեան:

Ըստ նախարարին, հակառակորդը արդէն նախապէս հայ ժողովուրդը դրդած է երթալու պատերազմի: «Մենք պաշտպանեցինք մեր սահմանները: Բայց հակառակորդը կը փորձէ երկրորդ անգամ ճնշում բանեցնել եւ հասնիլ զիջումներու: Մեզի համար ընդունելի են փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնները, բայց անընդունելի են անհասկնալի զիջումները` անյայտութեան դիմաց», ընդգծեց Օհանեան:

Ըստ Սէյրան Օհանեանի, հակառակորդը ռազմաշունչ հռետորաբանութեամբ եւ սահմանին վրայ խախտումներու դիմելով կը փորձէ ուժ ցուցադրել` բանակցային հոլովոյթին վրայ ազդելու համար: Այդ նպատակը կը հետապնդէին հետախուզական գործողութիւնները եւ յուլիս-օգոստոսին զինադադարի խախտման դէպքերու յաւելումը:

«Ատիկա  չյաջողեցաւ շնորհիւ մեր սպաներու եւ զինուորներուն  խիզախութեան: Հետախուզական եւ ներթափանցումի գործողութիւնները ոչ միայն ետ շպրտուեցան, այլ նաեւ կանխարգելիչ գործողութիւններ ձեռնարկուեցան»,  ընդգծեց նախարարը` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ պետութեան ղեկավարին դիրքերը յաջորդած եռակողմ հանդիպումներուն ընթացքին ալ աւելի ամուր էին:

«Ազրպէյճան սեփական ղեկավարութեան սուտին զոհը դարձաւ», ըսաւ նախարար Օհանեան` մեկնաբանելով յուլիս-օգոստոսին հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ կատարուած դէպքերը: Ըստ նախարարին, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը վերջին տարիներուն անդադար սպառնալիքներ կը կրկնէ, միշտ կը սպառնայ  հարցը լուծել զինուորական միջոցով:

Նախարարը ընդգծեց, որ շատախօսութիւնը երբեք որակ չի նշանակեր: «Ազրպէյճանական կողմին  ձեռնարկած հետախուզական գործողութիւններու  փորձերուն ընթացքին անոնք հայկական կողմէն 9 անգամ աւելի մեծ կորուստ ունեցան: Ես կը սգամ հայ զինուորներուն մահը: Նաեւ կը ցաւիմ ազրպէյճանցի զինուորներուն մահուան համար. անոնց մահը Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խիղճին վրայ է»,  յայտարարեց նախարարը:

Ըստ անոր, զուտ քանակական տուեալները համեմատելու պարագային կը տեսնենք, որ հակառակորդը աւելի շատ սարքեր եւ կենդանի ուժ ունի, «բայց արդէն 20 տարի է, առանց երրորդ ուժի  մասնակցութեան, ուժերու հաւասարակշռութեան եւ զինուորներու որակի գերազանցութեամբ կը պահպանենք «սթաթիւս քոն»: 90-ականներուն եւս Ազրպէյճան թուային գերազանցութիւն ունէր: Բայց այն ժամանակ ալ,  հիմա ալ հայկական զինեալ ուժերուն որակը կը գերազանցէ հակառակորդի բանակին որակը»:

Իսկ լրագրողներուն հետ երէկ ունեցած զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ  ինչպիսի՛ն է իրավիճակը սահմանին վրայ` ամրան ամիսներու լարուածութենէն ետք, նախարար Օհանեան  վստահեցուց.

«Հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրավիճակը աւելի հանդարտ դարձած է»:

Ըստ նախարարին, պատասխան եւ կանխարգելիչ քայլերու, ինչպէս նաեւ հակառակորդի զսպումի մեքանիզմներու ստեղծման շնորհիւ սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրավիճակը աւելի հանդարտ դարձած է:

Սէյրան Օհանեան նշեց, որ կրակոցներ կ՛ըլլան, բայց աւելի քիչ. «Հայաստանի սահմանին վրայ կրակոցներու թիւը գրեթէ նուազագոյնի հասած է, քանի մը կրակոց օրուան  ընթացքին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ օրական կը հնչեն շուրջ 30-40 կրակոցներ»:

«Յակոբ Ինջիղուլեան կը ցանկայ հայրենիք վերադառնալ», յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ յայտնի է վերջերս Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ երրորդ երկրի յանձնուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի հետագայ ճակատագիրին մասին, նախարարը նշեց, որ ըստ տեղեկութիւններուն, Ինջիղուլեան, լքելով Ազրպէյճանի սահմանը, կը գտնուի միջանկեալ կէտի մը մէջ: «Այժմ վերջնականապէս կը լուծուի երրորդ երկիր երթալու կամ Հայաստան վերադառնալու հարցը: Մեր ունեցած տուեալներով, Ինջիղուլեան կը ցանկայ հայրենիք վերադառնալ»,  յայտարարեց Սէյրան Օհանեան:

Շարքային զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած էր անցեալ տարուան  8 օգոստոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES