Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքին մէջ ձեր շուրջինները ձեր հմտութեան պէտք ունին. ստիպուած էք օգնելու եւ պիտի գնահատուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ լաւ կ՛աշխատիք եւ վարպետները շատ գոհ են ձեզմէ: Ուրիշ ելք չկայ աւելի լաւ վճարում մը ունենալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մեծ հմայք ունիք ձեր շուրջինները հրապուրելու համար. այսուամենայնիւ, մի՛ չափազանցէք, կրնաք վնասել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գաղտնիքները վստահեցէք ոմանց, որպէսզի դուք ձեզ աւելի թեթեւցած զգաք, աւելի ընկերային եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոյն գաղափարը պիտի ունենան բազմաթիւ ուրիշներ, այս ձեւով պիտի իրականացնէք ձեր ծրագիրները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարդ հարցեր ունիք լուծելու. լաւ կ՛ըլլայ, որ փորձառու անձերու դիմէք յաջող ելք մը գտնելու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երեխաներուն գիրքեր կարդացէք, որպէսզի անոնց երեւակայութիւնը զարգանայ, այս աշխատանքը շատ կարեւոր է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը բարելաւուած է. ասիկա լաւ է ձեզի համար, քանի որ անակնկալ ծախսեր պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբ ընդունիք խմբական աշխատանքի մասնակցիլ, արդիւնքը պիտի ըլլայ յաջող, միութիւնը զօրութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ մթնոլորտի մէջ աշխատիլը յաջող արդիւնքներ կու տայ, տրամադրութիւններն ալ կը բարձրանան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրոյ մէջ գագաթնակէտին հասած էք, դուք լաւ օրինակ մըն էք ձեր շուրջիններուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամէն մարդ նոյն տեսակէտը չունենար հարցի մը շուրջ: Յիշատակի ազդեցութիւնը կը տարբերի անձէ անձ:

