50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1964)

Կարեւոր Ֆոնտ Մը
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան

Եօթանասուն Հազար Տոլար Փոխանցուած Է,
Կտակարարներու Մահէն Ետք Իրենց Մնացած
Հարստութիւնն Ալ Պիտի Աւելնայ Ֆոնտին Վրայ

Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութիւնը մամուլին յանձնած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Այս ֆոնտը մեծագոյն ֆոնտն է տիկին Սոֆիա Յակոբեանի 260,000 տոլարի նուիրատուութենէն ետք, զոր կը ստանայ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը:

Տէր եւ տիկին Պօղոս Տէր Պետրոսեաններ արդէն վերոյիշեալ ֆոնտին անվերակոչելիօրէն փոխանցած են մօտ 70,000 տոլար արժողութեամբ բաժնեթուղթեր:

Կտակարարներու անցնումէն ետք, իրենց բովանդակ նիւթական հարստութիւնը պիտի աւելնայ Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտին վրայ եւ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը պիտի ըլլայ միակ մատակարարը:

Այս ֆոնտը անձեռնմխելի է: Միայն եկամուտին 75 առ հարիւրը պիտի գործածուի կրթական նպատակներու, մնացեալ 25 առ հարիւրը միշտ պիտի բարդուի մայր գումարին վրայ, որ շատ պատկառելի գումար մըն է:

Հայ կրթական հիմնարկութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր փետրուար 19, 1964-ի նիստին միաձայնութեամբ ցմահ պատուոյ անդամ հռչակեց Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեանները:

Եւ այս առիթով, կրկին անգամ եւ հրապարակային կերպով, մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ազնիւ եւ ազգանուէր բարերարներուն` այն վստահ յոյսով, որ ուրիշներ պիտի հետեւին անոնց զմայլելի օրինակին: Արդէն ուրիշներուն օրինակ եւ մղում ծառայեցնելու համար է, որ կրցանք բարերարներուն հաւանութիւնը ստանալ` հրապարակելու իրենց այս մեծակշիռ որոշումը:

Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան Ֆոնտ

Այս կարեւոր ֆոնտը կը կոչուի «Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտ»` անունովը երիտասարդ Հրատին, որ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի մը, Ամերիկայի մէջ:

Կրթական Հիմնարկութեան քարտուղար Բ. Կռանեան հետեւեալ կենսագրական տողերը կը գրէ հանգուցեալին մասին.-

Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ծնած էր մարտ 15, 1916, Պոսթըն: Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ իր ծննդավայրին մէջ եւ շարունակելով իր ուսումը երկրորդական եւ բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ` 1933-ին շրջանաւարտ եղաւ Պոսթընի Լատին վարժարանէն` փայլուն արդիւնքներով:

Ուսանողութեան շրջանին եղաւ սիրուած ընկեր մը եւ գործօն աշակերտ: Սկաուտ էր եւ բարձրացաւ մինչեւ Իկլ սկաուտի աստիճանը: Եղաւ նախագահը Սըր Կելահատ եղբայրակցութեան, նաեւ` վարժարանի պաշտօնաթերթի գեղարուեստական խմբագիր: Արժանացաւ Ճորճ Ճէյ. Ուեստ մետալի, որ կը տրուէր յառաջագոյն աշակերտի: Ստացաւ բազմաթիւ այլ կարգի շքանշաններ եւ վկայականներ:

Ժամանակ մը պաշտօնավարեց Պոսթընի Հանրային մատենադարանին մէջ. իր մահէն ետք հայրը անոր հազուագիւտ գիրքերը նուիրեց նոյն այդ գրադարանին, ուր դասաւորուած են Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան յիշատակի գրադարան անուան տակ:

Բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Հրատ մտաւ, որպէս պաշտօնեայ,  շոգենաւային այն ընկերութեան մօտ, ուր հայրը անցեալին ծառայած էր:

Օժտուած փայլուն իմացականութեամբ, կեանքով եւ խոստումներով լեցուն, արտակարգօրէն  համակրելի էր:

Ահա այս կենսալիր, խոստմնալից եւ շնորհալի երիտասարդը 1935-ի դեկտեմբեր 3-ին մեկնեցաւ սովորականին պէս տունէն եւ երեկոյեան տուն չվերադարձաւ: Զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի մը: 21 տարեկան էր: Այս եղերական եւ անսպասելի մահը խորտակեց իր ծնողներուն սիրտը անդարմանելիօրէն եւ անմխիթար կերպով:

Ծնողական այս մեծ սիրոյն եւ իրենց ազգի հանդէպ իրենց տածած անսահման նուիրումին ի խնդիր Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեանները հաստատեցին Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան յիշատակի ֆոնտը, որպէսզի անկէ օգտուին ուրիշ հայ ուսանողներ` կատարելագործելու իրենց ուսումը եւ զարգացնելու իրենց ընդունակութիւններն ու շնորհները ի սպաս իրենց դարաւոր եւ ազնուական ժողովուրդին, բան մը, որու ճամբուն, իր երազին մէջ կիսաւարտ, մեռաւ երիտասարդ Հրատ Վան Տէր Պետրոսեանը:

 

Սիլվի Վարդանի
Ձայնը Վտանգի Տակ

«Տկար Կողմս Կոկորդս Է»
Ըսած Է Ֆրանսահայ Երգչուհին

– Եթէ շարունակէ բռնանալ իր ձայնին վրայ, օր մը Սիլվի Վարդան վերջնականապէս պիտի դադրի երգելէ:

Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը ըրած է Սիլվիին հայրը` Ժորժ Վարդան, երբ Ճոնի Հոլիտէի այցելութեան գացած էր:

Սիլվի կը հանգստանայ այժմ` յետաձգելով ամառուան իր երգի շրջապտոյտը:

Օգոստոս 12-ին Սեն Մալոյի բեմին վրայ իր կոկորդէն ելաւ խռպոտ եւ աններդաշնակ ձայն մը: Խռչափողի մասնագէտ բժիշկ մը հաստատեց, որ ձայնական լարերը ուռած էին: Ու չորս օր հանգիստ յանձնարարեց հայազգի երգչուհիին:

– Այսօր Սիլվին ձայն չունի, աւելցուցած է Ժ. Վարդան,- բայց քորթիզոն եւ քորթանսիլի դեղահատերով պիտի վերստանայ իր ձայնը եւ կիրակի օր պիտի սկսի երգել Հիէրի մէջ: Պէտք չէ սակայն բռնանալ իր ձայնին, այլապէս ամբողջովին կորսնցնելու վտանգին կ՛ենթարկուի: Միշտ տկար եղած է իր կոկորդը եւ իր վարած կեանքն ալ շատ կը յոգնեցնէ զինք: Անցեալ տարի, երբ 53 օր շրջապտոյտի ելաւ, ութ քիլօ կորսնցուց: Հաւրի մէջ, օր մը, 40 աստիճան ջերմութեամբ երգեց բեմի վրայ: Ու երբ վարագոյրը գոցուեցաւ, քուլիսներուն մէջ գետին ինկաւ նուաղած: 1963 օգոստոս 29-ին բժիշկը  ամիս մը բացարձակ հանգիստ յանձնարարեց: Մայիս ամսուն, երբ Ժան Մարէի հետ կը դարձնէր «Փաթաթ» ժապաւէնը, զօրաւոր փողացաւէ մը բռնուեցաւ: Նիւ Եորք պիտի երթար այդ միջոցին, բայց ստիպուեցաւ յետաձգել իր մեկնումը:

– Տկար կողմս կոկորդս է,- խոստովանած է Սիլվի Վարդան:

 

Share this Article
CATEGORIES