Շարժումի, Յիշողութեան Եւ Արտայայտութեան Միջեւ. Իտալացիներուն Ձեռքի Շարժուձեւերը Կը Մոռցնեն Խուլերու Նշաններու Լեզուն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՒԼԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՉՈՒՆԻ: ՍԱԿԱՅՆ ԲՈԼՈՐԻՆ ԾԱՆՕԹ ՁԵՌՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏԻՉ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՅԱՏՈՒԿ ԲԱՌԱՐԱՆԸ ԵՒ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԱՆՇՈՒՇՏ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ԽՈՒԼԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ:
Բազմաթիւ բաներ կ՛առնչենք իտալական մշակոյթին հետ. էսփրեսսօ սուրճը, ճելաթոն (պաղպաղակ) եւ սուղ վաճառանիշով հագուստները: Սակայն, հաւանաբար, իտալական նկարագիրին հիմնական մէկ մասը կը կազմեն ձեռքի շարժումները, որոնք կը կենդանացնեն իտալացիներուն խօսակցութիւնը:
Այսպէս, բութամատը եւ ցուցամատը շփելը կը խորհրդանշէ դրամ, ծնօտին թեթեւօրէն զարնելը` անտարբերութիւն, աչքին տակ ցուցամատով զարնելը` համաձայնութիւն: Նման շարժուձեւեր յաճախ կը գործածուին եւ հասկնալի են բոլորին:
Ժառանգ` Յոյներէն

Հոգս չէ՛:
Ռոմա Թրէ համալսարանի դասախօս Իզապելլա Փոճի վերջերս մանրամասն ուսումնասիրութեան մը մէջ պաշտօնապէս ցանկագրած է շուրջ 250 ձեռքի շարժումներ եւ հետազօտած է անոնց հռետորական կամ հեգնական իմաստն ու բովանդակութիւնը:
Փոճիի համաձայն, շարժուձեւերու լեզուն որեւէ մշակոյթէ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իտալական մշակոյթին մէջ: «Շարժուձեւերու լեզուն ժառանգած ենք յոյներէն,- կ՛ըսէ ան:- Երբ յոյները հաստատուեցան հարաւային Իտալիոյ մէջ եւ իրենց գաղութավայրին վերածեցին Նափոլին, իտալացիք սկսան հաղորդակցիլ շարժուձեւերով` իբրեւ ծածուկ եւ անձայն լեզու, սակայն անիկա դարձաւ աւանդութիւն` իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց»:
Սիկիլիացի բեմադրիչ Լուքա Վուլլօ նկարահանած է սիկիլիական շարժուձեւերու լեզուն, որ շատ աւելի ազատ եւ արտայայտիչ է, քան ինչ որ կը տեսնենք բուն Իտալիոյ մէջ: Իր «Լա վոչէ տել քորփօ» (մարմնի լեզուն) երգիծական ժապաւէնին մէջ ան ցոյց կու տայ, թէ շարժուձեւերը որքա՛ն տիրական տեղ ունին Իտալիոյ ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

Իտալական շարժուձեւեր. ձախէն աջ. ձանձրացայ, կորսուէ՛, ժլա՛տ:
«Երբ Իտալիա կ՛այցելենք, բաւարար է փողոց իջնել, շրջիլ շուկաները, նստիլ հրապարակի մը վրայ եւ պարզապէս դիտել մարդոց դէմքերը, ձեռքերը, մարմինը,- կ՛ըսէ Վուլլօ:- Կը կարծեմ, թէ իտալացիք շատ աւելի ֆիզիքական շարժուձեւերով կը խօսին, որովհետեւ ասիկա իրենց արեան մէջ է»:
Շարժուձեւերու առաջին հաւաքածոն` «Հնադարեան ժամանակներու մնջախօսութիւնը` նափոլիթան շարժուձեւերու ընդմէջէն» վերնագիրով, լոյս տեսած է 1832-ին, Նափոլիի մէջ: Անիկա ներառուած է շարժուձեւերու բառարանի մը մէջ, որ հրատարակուած է 1958-ին: Գոյութիւն ունին նաեւ իտալական շարժուձեւերու բազմաթիւ բացատրութիւններ եւ տեսերիզներ` համացանցի վրայ:
Հարցականներ
Փոճիի եւ Վուլլոյի գործերը արժանացած են համաշխարհային ուշադրութեան: Սակայն այս երեւոյթը հարցականներ ստեղծած է Իտալիոյ խուլերու հաւաքականութեան մէջ:
Իտալիոյ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն` Լինկուա տէյ սէյնի Իթալիանա, կը գործածուի հազարաւոր խուլերու կողմէ: Խուլ լեզուագէտ Պարպարայի համաձայն, անիկա շատ աւելի հարուստ եւ խոր լեզու մըն է, քան` շարժուձեւերու լեզուն: Փեննաչի կը նշէ, թէ շարժուձեւերը պարզապէս կը շեշտաւորեն առօրեայ խօսակցութիւնը եւ ոչ թէ առանձին լեզու մը կը ներկայացնեն:
Այսուհանդերձ, գոյութիւն ունին կարգ մը նմանութիւններ: Պատկերասփիւռի «Սի հիր» յայտագիրի խուլ հաղորդավար Մեմնոս Քոսթի նկատած է, թէ իրեն համար զարմանալիօրէն դիւրին է իտալական շուկաներուն մէջ կենսական իրեր գնելը` պարզապէս քանի մը պարզ շարժուձեւեր օգտագործելով: Ան «հիանալի» կ՛որակէ Իտալիոյ շուկայի մշակոյթն ու հաղորդակցելու ձեւը եւ կ՛ըսէ, թէ պիտի հրաժարէր որեւէ բան գնելէ, եթէ ստիպուէր թուղթի եւ մատիտի դիմել: «Պարզապէս փոխարէնը հանրախանութ մը պիտի երթայի», կ՛ըսէ ան:
«Անգլիոյ մէջ տարբեր է, մարդիկ դէմքի արտայայտութիւններ չեն օգտագործեր, ինչ որ կը դժուարացնէ հաղորդակցութիւնը», կ՛ըսէ բրիտանացի հաղորդավարը:
Թէեւ բրիտանացիք նման շարժուձեւեր չեն օգտագործեր, սակայն Բրիտանիոյ մէջ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն կը վայելէ բարձր դիրք: Անիկա պաշտօնական ճանաչումի արժանացաւ 2003-ին, ինչ որ յաւելեալ իրաւունքներու առիթ տուաւ խուլերուն` Հաւասարութեան եւ անկարներու դէմ խտրականութիւնը կանխարգիլող յօդուածներուն հիմամբ: Արդիւնքը եղած է խուլերու յատուկ նշաններու լեզուով թարգմանողներու բազմապատկումը երկրին տարածքին:

Ի՞նչ, ո՞ւր, ինչո՞ւ (ձախին): Շնորհակալութիւն (աջին):
Ի տարբերութիւն` խուլեր համաշխարհային բողոքի ալիք մը բարձրացուցին 2011-ին, երբ Իտալիոյ պետութիւնը փորձեց ստորադասել Իտալիոյ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն եւ զայն դասել իբրեւ մնջախօսութեան եւ շարժուձեւերու յատուկ լեզու մը: Այն մտավախութիւնը կը տիրէր, թէ նման մօտեցում մը պիտի նսեմացնէր խուլերու նշաններու լեզուն օգտագործող անձերուն իրաւունքները: Այնուհետեւ, կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք` ծրագիրը առայժմ սառեցուած է:
Հռոմի մէջ բնակող խուլ մը` Թիցիանա Ճուլլի, կը բացատրէ իրավիճակը. «Փոքրամասնութիւններու յատուկ 12 լեզուներ ստացած են պաշտօնական ճանաչում, սակայն խուլերու լեզուն անտեսուած է: Կարեւոր է զայն ներառելը իբրեւ լեզու: Անիկա հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանակումի միջոց է: Կեանքի, գործի, դպրոցի, համալսարանի, բժշկութեան եւ այլ բաներու հասողութեան միջոց է: Առիթ կու տայ ամբողջութեամբ մաս կազմելու կեանքին եւ մարդկային ընկերութեան»:

