Պուրճ Համուտ. (Պատանեկութեան Ու Երիտասարդական Տարիներ)*
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Սուրբ Սարգիսի տօնի շաբաթավերջին փոխադրուեցանք Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասը: Եկեղեցւոյ տօնակատարութեան օրը ըլլալով` մասամբ ճամբաները փակ էին: Զարեհ Ա. վեհափառը այդ օր իր շքախումբով պիտի այցելէր ու պատարագէր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որ մեր նոր բնակարանէն քանի մը վայրկեան հեռու կը գտնուէր: Բարձրախօսով սփռուած շարականներու մեղեդիները կը լսուէին մեր նոր տունէն: Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն` մեր Էշրեֆիէի նախկին բնակարանէն, ուր մեր շրջանի եկեղեցին հասնելու համար նուազագոյնը 45 վայրկեան պէտք էր քալէինք:
Նոր տուն փոխադրուելով` միաժամանակ ուրախ էի ու տխուր: Տխուր էի. բաժնուած էի թաղեցի ընկերներէս, որոնց հետ անցուցած էի ամբողջ մանկութիւնս: Ուրախ էի, որոնք պիտի բնակէի քարաշէն տան մը մէջ, որ ունէր երեք ընդարձակ սենեակներ, երկու բաղնիք, որոնք տան մէջ կը գտնուէին, ոչ թէ` դուրսը: Իւրաքանչիւրս ունէինք մեր մահճակալները եւ այլեւս գետինները անկողին փռելով պիտի չպառկէինք: Սիրելի մայրս այլեւս դուրսը` բակին մէջ աթոռակի մը վրայ նստած, տաշտին մէջ շփելով պիտի չլուար մեր աղտոտ լաթերը: Լուացքի մեքենայ արդէն ապսպրած էր հայրս, որ քանի մը օրէն պիտի հասնէր: Տան մէջ այլեւս ջուր ունէինք եւ պէտք չունէինք բակին անկիւնը գտնուող մեր աւազանի ջուրը գործածելու: Ամենակարեւորը` մեր տունը այցելող դասընկերներէս պիտի չամչնայի այլեւս:
Մօրս խօսքերով` «Հիմա մարդու կարգ անցանք»:
Տուներնիս լուսաւոր էր ու ընդարձակ. ունէր նաեւ պատշգամ մը, որ փայտէ չէր շինուած ու ամէն վայրկեան փլելու վտանգին ենթակայ չէր, սակայն Էշրեֆիէի մեր տան նման չունէր գեղեցիկ տեսարան: Ո՛չ ծով կը տեսնէինք, ո՛չ ալ ծաղիկներով լեցուն դաշտեր: Փոխարէնը` կը տեսնէինք նեղ ու խճողուած փողոցներ:
Նախապէս բնաւ չէի այցելած Պուրճ Համուտ: Փոքրիկ Հայաստան մըն էր կարծես: Էշրեֆիէ բնակած մեր թաղը ընդամէնը 12 ընտանիքէ կը բաղկանար: Պուրճ Համուտի մեր շէնքը ունէր 32 ընտանիք: Եթէ հաշուեմ դիմացի ու կողքի շէնքերը` հարիւրաւոր ընտանիքներ, մեծամասնութեամբ հայեր, սակայն` անծանօթ շրջանակ: Ինքզինքս օտար կը զգայի: Ծնողքիս ստիպումով այցելեցի մեր թաղի «Ազիրեան» ակումբը ու արձանագրուեցայ «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան անդամ: Միայարկանի խեղճուկ ակումբ մը: Փոքր սրահ մը, որուն կողքին` քանի մը սենեակներ, որոնք ցերեկը կը գործածուէին իբրեւ «Լուսինեան» վարժարանի մանկապարտէզի դասարաններ, իսկ երեկոյեան եւ շաբաթավերջերուն որպէս ժողովատեղի` տարբեր հայկական միութիւններու: «Իշխան» կոմիտէութիւն, Օգնութեան խաչ, «Քրիստափոր» եւ «Խանասոր» պատանեկան միութիւններ:
«Ազիրեան ակումբէն քանի մը հարիւր մեթր անդին կը գտնուէր «Լուսինեան» վարժարանը, եւ նոյն շրջափակին մէջ` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին: Տարիներ ետք «Լուսինեան» վարժարանը իր բարերարին անունով կոչուեցաւ «Աքսոր Գասարճեան» վարժարան, իսկ «Ազիրեան» ակումբին խեղճուկ շէնքին տեղ բարձրացաւ երեք յարկանի արդիական շէնք մը` շնորհիւ սիսեցի բարերար Միսաք Ազիրեանի յաւելեալ նուիրատուութեան ու կոչուեցաւ «Միսաք Ազիրեան» ակումբ:
«Քրիստափոր» պատանեկան միութեան առաջին տարիս մեր վարիչն էր Վարուժան Նուրեան, որուն յաջորդ տարի փոխարինեց Աբօ Կիտցինեան: Նուրեան եւ Կիտցինեան ընտանիքները յայտնի անուններ են սիսեցիներուն մէջ: Արշաւիր Կիտցինեան եւ Հայկ Նուրեան մեծ ներդրում ունեցած են Սիս թաղամասի բարգաւաճման: Կարծես սովորութիւն դարձած էր սիսեցիներու անունին կցել «աղա» մակդիրը: Ձեւով մը իրենց անունին մէկ մասնիկը դարձած էր: Արշաւիր աղա Կիտցինեան, Հայկ աղա Նուրեան, Արշակունի աղա Ռաֆայէլեան, Բակուր Աղասարգիսեան: Վերջինիս պարագային «աղա»-ն մակդիր մը չէր. այլ իր մականունին մաս կը կազմէր: Սիսեցիներու ամենայարգուած անձնաւորութիւններէն մէկն էր Միսաք աղա Ազիրեան, կամ պարզապէս` սիսեցիներուն «աղա»-ն:
Արշաւիր Կիտցինեանի կրտսեր տղան` Սարգիս Կիտցինեան, պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ օրս` լաւ բարեկամս, իր հօրը «աղա» մակդիրը արժեւորեց, եւ ինքն ալ իր կարգին դարձաւ ազգային բարերար` Լոս Անճելըսի Փասատենա քաղաքին մէջ կառուցելով եկեղեցի մը, որ կոչուեցաւ Սուրբ Սարգիս:
Մեր տունէն «Ազիրեան» ակումբ տանող ճամբուն աջին կը գտնուէր Նուրեաններուն շէնքը, իսկ նոյն շէնքին գետնայարկը` Էքմէքճեանին փուռը: Կիրակի օրերը թաղեցիները «Ղասսապ Արաքսիին» քովէն համեմուած միսը կը տանէին փուռ եւ ժամ մը ետք կը ստանային եփած լեհմեճիւնները, իսկ Ս. Ծնունդի ու Ս. Զատկուան շաբաթներուն ափսէներու մէջ շարուած խմորները կարճ ժամանակ ետք համեղ գաթաներու կը վերածուէին: Փուռին առջեւէն անցած ժամանակդ այնքան անուշ կը բուրէր, որ մոռցնել կու տար գետին գարշահոտութիւնը: Նմանապէս` Նուրեաններու շէնքին մէջ կը գտնուէր «Սիսեցի երիտասարդաց միութեան» ակումբը:
Շուտով մտերմացայ «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան տղոց հետ եւ բարեկամութիւնս շարունակեցի երկար տարիներ: Գրեթէ ամէն օր կ՛այցելէի ակումբ: Չէի սպասեր հինգշաբթիի մեր հերթական ժողովին: Ակումբին մէջ կար ամէն տեսակ հաճելի զբաղում: Փինկ փոնկ, պէյպի ֆութ եւ ամենակարեւորը` ունէր հայկական գիրքերով հարուստ գրադարան մը: Կը կարծեմ, որ այդ գրադարանէն ամենաշատ օգտուողներէն մէկը եղած եմ: Գրեթէ բոլոր գիրքերը կարդացած էի: Ամէն հինգշաբթի, մեր հերթական ժողովներուն, մեր վարիչը ինծի պաշտօն տուած էր յեղափոխական գիրքերէ առնուած դրուագ մը կարդալ: Կարգ մը պատանիներ իրենց ծնողներուն նիւթական նեղ պայմաններուն պատճառով, նախակրթարանը չաւարտած, նետուեր էին կեանքի ասպարէզ` ակամայ ձգելով դպրոցը. անհամբեր կը սպասէին մեր հերթական ժողովին, որպէսզի իրենց կարդամ Մալխասի «Զարթօնք»-էն հատուածներ:
Պուրճ Համուտի հայութիւնը մեծամասնութեամբ կիլիկեցիներ էին: Սիսեցիները հիմնած էին Նոր Սիս թաղամասը, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիով եւ «Լուսինեան» վարժարանով. մարաշցիները` Նոր Մարաշը, «Քառասուն Մանկանց» վարժարանով ու եկեղեցիով. ատանացիները` Նոր Ատանան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով եւ «Աբգարեան» վարժարանով, Նոր Ամանոսի մէջ` Էհրամճեան, «Նոր Կիլիկիա» թաղամասին մէջ` «Կիլիկեան» վարժարանները, իսկ Սին Էլ Ֆիլի մէջ` «Արամեան» ազգային վարժարանը: Ամէն մէկ թաղամաս, բացի եկեղեցիէն ու դպրոցէն, ունէր նաեւ հայկական ակումբ մը: Նոր Սիսի մէջ «Ազիրեան ակումբ», Նոր Մարաշի մէջ նախ` փոքրիկ ակումբ մը, ապա կառուցուեցաւ Ժողովրդային տուն-ը, իսկ կողքին, Պուրճ Համուտի առաջին երկրորդական վարժարանը, Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, իսկ Թրատ կամ Նոր Ատանա թաղին մէջ` «Նիկոլ Դուման» ակումբը:
Կիլիկիան եղածին պէս Պուրճ Համուտ փոխադրուած էր:
Մեր փոխադրուած տարիներուն ցեխոտ ճամբաներն ու խրճիթները արդէն գրեթէ անհետացած էին, սակայն թրքախօսութիւնը տակաւին ներկայ էր, մանաւանդ` տարեցներու մօտ. ընկերներուս մեծ տոկոսը կէս թրքախօս, կէս հայախօս էին, իսկ իմ ծնողքս` երզնկացի եւ խարբերդցի հայախօս ընտանիքի մէջ մեծցած, ո՛չ կը հասկնայի եւ ո՛չ ալ կրնայի խօսիլ թրքերէն, եւ այդ մէկը սկիզբը ինծի նեղութիւն կու տար, քանի հայախօս ըլլալուս պատճառով ակումբի տղաքը «սալոնի չոճուխ» կը կանչէին զիս, սակայն կարճ ժամանակ ետք վարժուեցայ եւ այնքան ալ դժգոհ չէի: Առաջին անգամն էր, որ «սալոն»-ով տան մը մէջ կը բնակէի®
Էշրեֆիէ գտնուած շրջանիս, առտուները կ՛արթննայինք մեր եւ դրացիներու աքլորներու կանչէն: Պուրճ Համուտ, ամէն առտու շատ կանուխ, նոյնիսկ գիշերները, քանի մը անգամ կ՛արթննայինք: Առաւօտեան ժամը չորսին նախ մեզ կ՛արթնցնէր մեր տունէն ոչ շատ հետու, Նապաա թաղամասի մզկիթին Էզանը: Մեր տան մօտ կը գտնուէր «Սրբուհի Ագնէս» կաթողիկէ քոյրերու վարժարանը եւ մէկ թաղ անդին` «Մեսրոպեան» կաթողիկէ վարդապետներու տղոց վարժարանը, որուն շրջափակին մէջ էր նաեւ եկեղեցին, եւ ժամացոյցը ժամը անգամ մը կ՛երգէր «Սրբուհի Մարիամ Մայր Աստուծոյ»: «Սուրբ Ագնէս» եւ «Մեսրոպեան» վարժարանները իրարմէ բաժնուած էին երկաթուղագիծով մը, եւ ամէն անգամ որ շոգեկառք մը անցնէր, կը սուլէր: Սկիզբի շրջանին գիշերները քանի մը անգամ կ՛արթննայի: Եկեղեցւոյ ժամացոյցը, շոգեկառքին սուլոցն ու մզկիթին էզանը իրարու կը յաջորդէին, սակայն որոշ ժամանակ ետք վարժութիւն դարձաւ, եւ ոչ մէկը արգելք կ՛ըլլար քնանալուս:
Էշրեֆիէ ապրած շրջանիս միայն մէկ անգամ առիթը ունեցած էի շարժապատկերի սրահ մը այցելել, այդ ալ` բոլոր թաղեցիներուն հետ միասնաբար. Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուէին իրարմէ ոչ շատ հեռու, բազմաթիւ շարժապատկերի սրահներ, ուր քալելով կրնայի երթալ: Սրահներուն մէկ քանին կը կրէին հայկական անուններ: «Սեւան», «Գերմանիկ», «Արաքս», մնացածը` օտար անուններ. Մատոնա, Ֆլորիտա, Արիզոնա, Սանթրալ, Ռոյեալ: Այլեւս երեխայ չէի, ու առանց ծնողքիս, առանձին կամ ընկերներով, շաբաթը քանի մը անգամ կրնայի իմ նախընտրած ժապաւէններս դիտել: Ուրախ էի:
Էշրեֆիէի մեր տունէն բաւական հեռու` քալելով կ՛երթայինք հեծիկ վարձելու, մինչդեռ, Պուրճ Համուտ, «Ազիրեան» ակումբէն «Լուսինեան» տանող ճամբուն վրայ կը գտնուէր Աբոյին հեծիկ վարձու տալու խանութը: Իր քով աշխատող Պետրոս Դարբինեան «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան ընկերներէս էր, որուն հետ շուտով մտերիմ ընկերներ դարձած էինք, ամէն անգամ որ հեծիկ վարձէի, «աչք կը գոցէր» եւ 15 վայրկեանի տեղ երբեմն կէս ժամէն աւելի ուշ կը վերադարձնէի հեծիկը, մինչեւ որ ձանձրանայի կամ յոգնէի, թէպէտեւ այդ տարիքին հեծիկ քշելէն ո՛չ կը ձանձրանայի, ո՛չ ալ կը յոգնէի:
«Ազիրեան» ակումբը կը գտնուէր խաչմերուկի մը ձախին ուրկէ դէպի հարաւ շարունակելով` կը հասնիս զուտ իսլամներով բնակուած Նապաա թաղամասը: Այդ կողմերը բնաւ չէի երթար: Արեւմուտքին` կը գտնուէր «Արագած» թաղը, որ «Սիս»-ի մէկ փոքր մասնիկը կարելի է համարել: «Արագած»-ի բնակիչները, սիսեցիներուն նման, կ՛օգտագործէին «Ազիրեան» ակումբն ու «Լուսինեան» վարժարանը: Խաչմերուկին անկիւնը կը գտնուէր Հասանին նպարատունը: Ամրան տաք օրերուն բոլորս կը բարձրանայինք ակումբին տանիքը, կամ կը հաւաքուէինք Հասանի խանութին առջեւ:
«Արագած» թաղը կը բնակէին դասընկերներէս Մհեր Պապեանն ու Վարուժ Ճերեճեանը: Մհերին երկու եղբայրները ծանօթ անուններ են հայութեան մօտ: Կորիւն արք. Պապեան (այդ ժամանակ` Վարդգէս, տակաւին Ճեմարանի աշակերտ) եւ Գալուստ Պապեան` արուեստագէտ լուսանկարիչ, ներկայիս հաստատուած` Թորոնթօ, Քանատա: Մհերին մայրը` տիկին Եթեր, բոլոր թաղի «Տիկին Եթեր»-ն էր. կը հասնէր բոլորին կարիքներուն:
«Լուսինեան» վարժարանին դէմը կը նստէին Յակոբեանները: Արա Յակոբեան հանրածանօթ էր որպէս ՀՄԸՄ-ական մարզիկ (պասքեթպոլ), իսկ եղբայրը` Եղիկ, հեծելարշաւի ախոյեան:
Պուրճ Համուտ, մանաւանդ մեր թաղը, ծովու մակերեսէն ցած էր եւ այդ պատճառով ալ բազմաթիւ անգամներ անձրեւի ջուրերը բաւական բարձրացած ու գետնայարկ տուները ամբողջութեամբ ջուրերով ծածկած էին: Անձրեւի ջուրերը կոյուղիներու մէջ երթալու փոխարէն` հոնկէ դուրս կը ժայթքէին ու մեր թաղը ամբողջութեամբ ջուրերու մէջ կը մնար: Գետնայարկ տուները քանի մը օրուան համար անբնակելի կը դառնային: Կահ կարասիները ամբողջութեամբ ջուրերու մէջ կը «լողային»: Անձրեւի ջուրին բարձրութիւնը պատահած է, որ հասնի մինչեւ ինքնաշարժներու տանիքները:
* * *
Մանկական հեքիաթներու մէջ կարդացած էի մունետիկներու մասին, սակայն Պուրճ Համուտ փոխադրուելէս ետք, ամէն օր կը հանդիպէի իսկական մունետիկի մը, որ «Մոխրիկ»-ի կօշիկին մասին չէր, որ կը յայտարարէր: Կոյր մունետիկը թաղէ թաղ անցնելով` բոլորին կը տեղեկացնէր, (թրքերէնով) «Ղասսապ Արսէնին քով ոչխարին միսը` 75 դահեկան»: Կամ կը պատահէր, որ իսլամ մանուկ մը կորսուած ըլլար, «Գտնողները պզտիկը թող տանին մզկիթին բակը եւ նուէր ստանան մէկ լիբանանեան ոսկի»:
«Սուրբ Ագնէս» դպրոցին կից կը բնակէր լոխում ծախող Յովհաննէս աղան, որ հսկայ ափսէ մը գլխուն` կը շրջէր փողոցէ փողոց: Միայն չէր ծախեր, այլ շրջուն «Լաս Վեկաս» մըն էր: Քանի մը դահեկան զետեղելով ափսէին մէկ անկիւնը` յաճախորդները կը դարձնէին խոշոր սլաքը, եւ եթէ պատահէր, որ սլաքը կենար դրամը դրուած տեղը, բախտաւորը կը շահէր բաւական մեծ լոխումի կտոր մը: Յաճախորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար Յովհաննէս աղա թրքերէնով բարձրաձայն կը պոռար «Պարոնին ալ ելաւ, աչքերնիդ լոյս», իսկ ես, որ թրքերէն չէի հասկնար, «աչքերնիդ լոյս»ը ուտելիք կարծելով` օր մը մօրմէս խնդրեցի, որ ինծի «աչքերնիդ լոյս» գնէ:
Շրջուն «վաճառական» մըն էր նաեւ քեխքէ ծախող, մարմինը դէպի աջ թեքուած, տարիքոտ, չեմ գիտեր` ի՛նչ «աղան»: (Փառք Աստուծոյ, ամէն մարդ աղա էր): Յովհաննէս աղային նման ափսէն գլխուն դնելով չէր, որ կը ծախէր իր քեխքէները: Ունէր չորս անիւով կառք մը, որուն վրայ կը շարէր փուռէն նոր ելած տակաւին տաք քեխքէները ու կը դառնար թաղէ թաղ: Քանի կը յիշեմ, կառքը մէկ կողմ ծռած էր: Տարիներու ընթացքին այդ ծռած կառքը քշելէն ի՛նքն ալ կառքին նման ծռեցաւ, սակայն չմտածեց նորոգելու մասին: Նոյնպէս` թրքերէնով օրն ի բուն զիլ ձայնով կը պոռար, քեխքէներ, կլոր քեխքէներ (կարծէք քառակուսի քեխքէներ ալ գոյութիւն ունենային):
Օրն ի բուն շրջուն վաճառորդներու ձայնն էր, որ կը լսէինք: Իրարու ետեւէ կը «տողանցէին»` կաթոճին, փերեզակը, կանաչեղէն ծախող իշապանը, գաւաթ եւ աման ծախողը: Կային նաեւ մարդիկ, որոնք պղինձ եւ երկաթ կը գնէին թաղեցիներէն ու կը տանէին ծախելու մեծաքանակի վաճառականներու:
Հայը, մանաւանդ կիլիկեցի հայը, վաճառական եղած է միշտ:
«Ազիրեան» ակումբը բոլորովին տարբեր էր «Ազատամարտ» ակումբէն: Ինչ որ հանդիպեցայ «Ազիրեան»-ի մէջ, սկիզբի շրջանին անհաւատալի էր: «Ազիրեան» ակումբը ունէր տարբեր ընկերային յանձնախումբեր, որոնցմէ կարելի է նշել «Դատական կազմ»-ը, որ շատ տարբեր էր ուրիշ շրջանի ակումբներէ: Մանր մունր ընտանեկան կամ թաղային վէճերու համար կը դիմէին սոյն յանձնախումբին: Մէկը կնկան ծեծեր է, ուրիշ մը ամէն օր իր աղբը կը թափէ դրացիին դրան առջեւ, երրորդ մը մէկուն դրամ փոխ տուած է, եւ այդ անձը չի վերադարձներ իր պարտքը: Գանգատները կը ներկայացուին ակումբ: «Դատական կազմ»-ը շատ խիստ է: Ամուսինը կը կանչեն ակումբ: Նախ կ՛ազդարարեն, որ չկրկնէ այդ արարքը, իսկ շարունակուելու պարագային… յանցագործը կը մտցուի «ծեծի սենեակ», ուր հուժկու անձ մը անխնայ կը ծեծէ յանցաւորը: Այլեւս կը համարձակի՞ կնկան ձեռք բարձրացնել: Սկիզբը, երբ ծեծի ու լացի ձայներ կը լսէի անկիւնի սենեակէն, ապշած շուրջս կը դիտէի. չէի գիտեր` ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ, սակայն ժամանակ մը ետք վարժուեցայ, բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ որ մէկը «ծեծի սենեակ» մտցնէին, ակումբէն դուրս կը սպրդէի: Չէի կրնար դիմանալ` լսելով լացն ու աղաչանքները, որ խնայեն զինք: Կային նաեւ տարբեր պատժամիջոցներ` առանց ծեծի: Պիթըլզի նման երկար մազ ունեցող տղոց մազերը կը խուզէին, իսկ մինի ժիւփ հագուող աղջիկներուն փէշերը կը մկրատէին (Չափէն աւելի կարճ հագուելու պարագային): Շրջան մը ես ալ մազերս բաւական երկարած էի. բարեբախտաբար չխուզեցին: Չնշմարեցի՞ն, թէ՞ «աչք գոցեցին»: Հաւանաբար երկրորդը:
Լոս Անճելըս 2014
(Շար. 3)
* Նախորդ շաբաթ լոյս տեսած «Վերածնունդ (Էշրեֆիէի). «Մանկութիւն իմ քնքշագին ես քեզ ինչպէ՞ս մոռանամ» խորագրեալ երկու բաժինով տրուած յօդուածին շարունակութիւնը:

