«Միջազգային Համայնքը Համապարփակ Քաղաքականութիւն Մը Պէտք Է Մշակէ Դիմագրաւելու Համար Ահաբեկչութիւնը» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող միջազգային համագումարին իր խօսքը ուղղելով` Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց համապարփակ ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մշակման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը միջազգային համայնքին կողմէ, դիմագրաւելու համար տակաւ ծաւալող ահաբեկչական շարժումները: Վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութեան սկիզբը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով կրօնական արժէքներու եւ ուսուցումներու թիւր մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած եւ ահաբեկչութեամբ ինքզինք արտայայտող շարժումներուն, ընդգծեց զինուորական գործողութիւններէ անդին, յստակ ու ծրագրուած քաղաքականութեան մը որդեգրումին կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, սոսկ քրիստոնեաներուն մտահոգութիւն պատճառող տագնապ մը չէ, Միջին Արեւելքի շրջագիծէն ներս ծաւալող տագնապ մը չէ, նոյնիսկ միայն իսլամութեան առնչուած տագնապ մը չէ, այլ համամարդկային տարողութիւն ու հետեւանք ունեցող տագնապ է: Հետեւաբար համապատասխան մօտեցում պէտք է որդեգրել միջազգային համայնքը ցնցող այս կացութեան դիմաց: Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց յստակ ու ծրագրուած ուղղուածութիւն ունեցող գործընթացի մը ճշդումը: Այս ծիրէն ներս, մէկ կողմէ որպէս պայքար ահաբեկչութեան դէմ, եւ միւս կողմէ` որպէս պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը պարզեց հետեւեալ կէտերը.-
Ա.) Ժողովրդավարական սկզբունքները շրջանէն ներս պէտք է կիրարկուին հանգրուանային մօտեցումով եւ նկատի ունենալով շրջանին իւրայատկութիւնները:
Բ.) Յարգել եւ հետապնդել բազմակրօն ու բազմամշակութային ընկերութեան պաշտպանութիւնը` զայն նաեւ հիմնաւորելով սահմանադրական օրէնքներով:
Գ.) Ամրապնդել միաստուածեան կրօններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը` ընդհանրական ու հասարակաց հարցերու շուրջ:
Դ.) Արեւմտեան երկիրներու եւ արաբական ու իսլամական երկիրներու գործօն մասնակցութեամբ, մշակել այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ ներառէ կարճաշունչ ու երկարաշունչ ծրագիրներ եւ գործընթացներ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական, քաղաքական ու զինուորական միջոցառումներ:
Ե.) Սփիւռքի քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան տալ գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւն` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու նկատմամբ:
Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ Ուաշինկթըն չենք եկած Արեւմուտքի զօրակցութիւնը խնդրելու, այլ եկած ենք յիշեցնելու, թէ կրօններ ու պետութիւններ պէտք է միասնաբար դիմագրաւեն ահաբեկչութիւնը, որ համամարդկային չարիք է:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ իսլամ երկիրներ եւ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ պէտք է գտնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ` նկատի ունենալով իսլամական կրօնի շահագործումը ծայրայեղական շարժումներուն կողմէ:
Նոյն օրը, առաւօտեան, յաջորդաբար դասախօսեցին Միջին Արեւելքէն ժամանած հինգ պատրիարքները: Արամ Ա. կաթողիկոսին դասախօսութեամբ համագումարը եզրակացուց իր օրակարգին կարեւորագոյն բաժինը:

