«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնի Ընդհանուր Վերանորոգման Եւ Նոր Բաժանմունքներու Բացման Արարողութիւն
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային- բժշկական կեդրոնի ընդհանուր վերանորոգման եւ նոր բաժանմունքներու բացման արարողութիւնը: Նշենք, որ սոյն կեդրոնը եղած է Պուրճ Համուտի առաջին բժշկական ծառայութեան կեդրոնը` իբրեւ հիմնադիր եւ տնօրէն ունենալով մայր Տը լա Փլանշ, իսկ 2000 թուականէն ի վեր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ կեդրոնին տնօրէնութիւնը ստանձնած է տոքթ. Կոստան Եափուճեանը:
Բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, որոնց շնորհիւ այսօր իրենք կրնան շարունակել իրենց առաքելութիւնը, որն է` օգնել կարիքաւորներուն: Ան շեշտեց կառոյցին պահպանման կարեւորութիւնը, ապա անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին, Միջին Արեւելքի վերջին այլափոխումներուն, վտանգին:
Ապա տոքթ. Եափուճեան յուշանուէր մը յանձնեց գերապայծառ Մուրատեանին, որմէ ետք գերապայծառը փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Պատրաստուած էր տեսերիզ մը, որ կը ներառէր «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնի պատմականը, մանաւանդ վերջին տարիներու վերանորոգումները, քիթ-կոկորդ-ականջի հիւանդութիւններու նոր բաժանմունքները եւ սննդականոնի կարգաւորման հետազօտութիւններու բաժանմունքը:
Արարողութեան աւարտին ներկաները այցելեցին կեդրոնի վերոնշեալ բոլոր վերանորոգուած բաժանմունքները:

