«Առասպել Է, Որ Մեր Արխիւները Փակ Կը Պահենք» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երուանդ Փամպուքեան
Շաբաթ, 13 սեպտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ հատորներուն մասին տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը հատորներու խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով այսպիսի աշխատանքներուն ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` Փամպուքեան յայտնեց, որ պատմագրութեան համար ամէնէն կարեւորը սկզբնաղբիւրներն են, որոնց հիմամբ կարելի է կարծիք կազմել: Ան ըսաւ, որ ազատագրական պայքարի թոհուբոհին մէջ ՀՅԴ-ն կարելիութիւն չէ ունեցած իր պատմութիւնը գրելու, այդ մէկը կատարուած է պարբերական ձեւով, սակայն կուսակցութեան պատմութիւնը ամբողջական կերպով ներկայացնելու աշխատանքը սկիզբ առաւ 1970-ականներուն:
Հատորներու խմբագիրը նշեց, որ 8-րդ, 9-րդ, եւ 10-րդ հատորները կ՛ընդգրկեն 1911-1913 թուականները, իսկ 11-րդ հատորը, որուն վրայ ան ներկայիս կ՛աշխատի, կը վերաբերի 1913-1914 տարիներուն եւ կը հասնի մինչեւ 24 ապրիլ 1915` աւելցնելով, որ աշխատանքը «անհուն է», որովհետեւ հազարաւոր նիւթեր կան ամէն մէկ տարուան նիւթերուն մէջ:
1949-1950 թուականներուն կուսակցութեան հսկայածաւալ արխիւները փոխադրուած են Պոսթըն: Փամպուքեան ըսաւ, որ արխիւներուն ներկայ չդասակարգուած եւ չդասաւորուած ըլլալուն պատճառով, աշխատանքը կարելի է մինչեւ 1925 տանիլ:
Պատասխանելով «ՀՅԴ-ի արխիւները փակ են» թրքական պնդումներուն մասին հարցումի մը` նշեալ արխիւներուն վրայ աշխատող խմբագիրը ըսաւ. «Մեր արխիւները փակ չեն: Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին առանձին ուսումնասիրողները օգտուած են անկէ եւ հրատարակութիւններ կատարած»: Ան ըսաւ. «Դժուարութիւնը այն է, որ մենք անհրաժեշտ պիւտճէն եւ անձնակազմը չունինք այդ արխիւները պէտք եղած ձեւով ներկայացնելու, միւս կողմէ` պէտք է ըսել, որ ասոնք պետութեան մը արխիւները չեն, որ ըստ օրէնքի, քանի մը տարին անգամ մը հրատարակուին: Առասպել է, որ մեր արխիւները փակ կը պահենք»:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

