ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՇՔԸՐ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱՐԻՐԻՆ ԶԻՆՔ ՇՐՋԱՊԱՏՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Շքըր կոչ ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին վերջ տալու իր կատարած յայտարարութիւններուն եւ գրգռութիւններուն` զգուշանալով զինք շրջապատող քաղաքական անձնաւորութիւններէն, յատկապէս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլէն եւ տեղեկատուական անձնակազմէն, որուն իսկական նպատակն է երկրին մէջ հարցեր ստեղծել:
Անդրադառնալով Հարիրիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Լիբանանի մէջ շիի համայնքը կը զինուորականացուի, ան ըսաւ, որ ատիկա ազգային զինուորականացում է եւ ունի մէկ պարտականութիւն, որն է թշնամի Իսրայէլին դէմ պայքարիլ եւ բռնագրաւուած հողերը ազատագրել:
Շքըր յայտնեց, որ յառաջիկայ կիրակի օրուան ձեռնարկին մեծ թիւով լիբանանցիներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար հրահրուած գրգռութիւնները կը միտին երկրին անդորրը խանգարել եւ Լիբանանին չարիք հասցնել:
Անդրադառնալով Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Շքըր յայտնեց, որ Պըրրի նախանձախնդիր է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու առումով եւ ոչ թէ աճապարելու, որովհետեւ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական ու ընկերային կացութիւնը բարելաւել: