ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Էտմոն Ֆատել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լուսարձակներէ հեռու կը շարունակէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան իր ջանքերը` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ ունենալով շարք մը պատասխանատուներու հետ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Օքապ Սաքըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները:

Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի իր կարգին նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Տարուիշ Հոպէյքա:

Share this Article
CATEGORIES