Լիոնել Մեսսի Եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

0914_Messi-&-RonaldoԱրդէն շուրջ 7 տարիէ ի վեր աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին համար անընդհատ պայքար կ՛ընթանայ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ արժանթինցի Լիոնել Մեսսիի միջեւ:

Լաւագոյն մարզիկի կոչումին համար անոնց պայքարը սկսաւ 2007 թուականին, երբ երկու ֆութպոլիստներն ալ չյաջողեցան տիրանալ աշխարհի լաւագոյն խաղցողի տիտղոսին, երբ Ա. Սէ. Միլանի պրազիլցի մարզիկ Քաքա ինք շահեցաւ այդ տարուան տիտղոսը, սակայն նշենք, որ երկուքը ամբողջացուցին այդ տարուան լաւագոյն եռեակը:

Սակայն 2008-էն մինչեւ օրս միայն այս երկու մարզիկներն են (Մեսսի` 4 անգամ, իսկ Ռոնալտօ` 2 անգամ) որոնք կը տիրանան աշխարհի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին, եւ յստակ է, թէ այս տարի եւս շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այս երկուքէն մէկը շահի:

Այժմ աղիւսակով մը կը ներկայացնենք վերջին 5 տարեշրջանին այս երկու մարզիկներուն նշանակած կոլերու գումարը.

Անուն ՍԱ ՍԲ ՍԳ ՉԼ ԵԳ ԱԱԱ Ընդհանուր
Մեսսի 191 20 10 50 1 4 276
Ռոնալտօ 179 20 3 52 2 0 256

ՍԱ.- Սպանիոյ Առաջնութիւն
ՍԲ.- Սպանիոյ Բաժակ
ՍԳ.- Սպանիոյ գերբաժակ
ՉԼ.- Չեմփիընզ Լիկ
ԵԳ.- Եւրոպայի գերբաժակ
ԱԱԱ.- Աշխարհի Ակումբներու ախոյեանութիւն

Share this Article
CATEGORIES