Բռնցքամարտ. Նարեկ Աբգարեան` Ոսկիէ Մետալակիր
Ռուսական Մախաչքալա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Ումախանովի յիշատակին նուիրուած բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցած էին 12 երկիրներէ բռնցքամարտիկներ:
Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները արձանագրեցին փայլուն արդիւնքներ, երբ անոնք տիրացան մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ երեք պրոնզ մետալներու:
52 քկ կշիռքի մարզին մէջ իր բոլոր մրցակիցներուն յաղթեց եւ ոսկի մետալին տիրացաւ Նարեկ Աբգարեան: Ոսկիէ մետալին մօտ էր նաեւ 64 քկ կշիռքի մարզին մէջ մրցող Յովհաննէս Բաչկով: Ան աւարտական խաղին ռուս մարզիկին դէմ ունէր առաւելութիւն, սակայն խաղի աւարտին իրաւարարը յաղթական հռչակեց իր մրցակիցը:
Միւս կողմէ, երեք հայ մարզիկներ` Հենրիկ Մոքոյեան, Գառնիկ Յարութիւնեան եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան, տիրացան պրոնզ մետալի:
Նշենք, որ հայ ուրիշ բռնցքամարտիկներու խումբ մը մեկնեցաւ Լեհաստան, ուր պիտի մասնակցի Լեշեկ Թրոքոշի յիշատակին նուիրուած միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը կը ներկայացնէ այս մրցաշարքին մասնակցող բռնցքամարտիկներուն անունները.-
52 քկ կշիռքի մարզին մէջ պիտի մասնակցի Կորիւն Սողոմոնեան
60 քկ կշիռքի մարզին մէջ` Արամ Աւագեան
64 քկ կշիռքի մարզին մէջ` Գոռ Երիցեան
69 քկ կշիռքի մարզին մէջ` Արման Տարչինեան
75 քկ կշիռքի մարզին մէջ` Արման Յովհիկեան
91 քկ կշիռքի մարզին մէջ` Հենրիկ Սարգսեան

