Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան` Աշխարհի Ախոյեան
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ աւարտեցան յունա-հռոմէական ոճի աշխարհի ախոյեանութեան 98 քկ կշիռքի մրցումները: Այս դասակարգի մրցումներուն աշխարհի ախոյեան դարձաւ Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Ալեքսանեան: Ան աւարտական մրցումին յաղթեց գերմանացի ըմբշամարտիկ Օլիվիեր Հասլերի եւ դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Յիշեցնենք, որ Արթուր Ալեքսանեան երեք անգամ հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան` նախքան աշխարհի ախոյեան դառնալը:
Ստորեւ կու տանք Արթուր Ալեքսանեանի յաղթանակներու ցանկը.
– Աշխարհի ախոյեան` 2014
– Եւրոպայի ախոյեան` 2012, 2013 եւ 2014
– Աշխարհի փոխախոյեան` 2013
– Ողիմպիական խաղերու պրոնզ մետալակիր` 2012
– Աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան` 2010
CATEGORIES Մարզական

