Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մանուկներուն հետ համբերատար եղէք եւ ձգեցէք, որ սխալներ ընեն. ամէնքս ալ սխալներ ըրած ենք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրիշին ունեցածը ձերինէն աւելի լաւ չէ. գոհացէք ձեր ունեցածով եւ գնահատել գիտցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ծրագիրները լաւ ընթացքի մէջ են. ջանացէք շարունակել նոյն ձեւով. սխալներէ զգուշացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջինները շատ մի՛ հետապնդէք հարցումներով, ամէն մարդ տրամադիր չէ խոստովանելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամներու հետ աշխատիլը դիւրին է եւ խաղի մը կը նմանի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ դիտողութիւն պիտի ստանաք ձեր վարպետէն. պաշտպանուեցէք այս սպառնալիքներէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կրնաք, օգնեցէք ուրիշին բայց եթէ ատիկա դժուար է ձեզի համար, դուք ձեզ պարտաւոր մի՛ զգաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պաշտօնական թուղթերով զբաղիլը մղձաւանջ մըն է ձեզի համար: Եթէ դժուար է այս, մէկու մը օգնութեան դիմեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամուսնական կեանքի մէջ անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք. պատահական բաներ են, ջանացէք հարցերը պարզացնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան դատարկ հարցերով մի՛ զբաղիք, այլապէս հարցերը կը բարդանան, եւ դժուարութիւններ կ՛ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անգործութիւնը ձեզի համար հարց մը չէ, դուք կրնաք ոչինչէն գործ մը կարգադրել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան հարցերը արագ լուծում մը չեն կրնար գտնել. ջանացէք զիրար հասկնալ եւ համաձայնութեան յանգիլ:

