50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1964)

Փոքրամասնութեանց Խնդիրը Թուրքիոյ Մէջ

«Սրբենք Արթինին Եւ Վասիլին Մտավախութիւնը»
Կը Գրէ «Տիւշիւնեն Ատամ»

Վարլըքի Տուրքը Ռումբի Մը Պէս Կը Պայթի
Իրենց Մտքին Մէջ

Թրքական «Տիւշիւնեն Ատամ» թերթը ուշագրաւ յօդուած մը հրատարակած է փոքրամասնութեանց խնդրի մասին` ընդգծելով կարգ մը ճշմարտութիւններ, որոնք յատկանշական են այս օրերուն, մանաւանդ, երբ հելլենահպատակները կ՛արտաքսուին Թուրքայէն.-

Այն մարդիկը, որոնք իբրեւ «փոքրամասնութիւն» Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին եւ որեւէ տարբերութիւն չունին թուրք հայրենակիցներէն, թող չգանգատին իրենց վիճակէն: Ճիշդ է` առեւտրական հրապարակը եւ շրջաբերող դրամագլուխը առաւելապէս անոնց հակակշիռին տակ է, բայց բուն յանցաւորը մենք ենք, որ դարերով չենք նետուած վաճառականական կեանքի մէջ, խրտչած ենք եւ առեւտուրի փափաքը չենք ունեցած:

Խոստովանինք իրականութիւնը: Այսօր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները, հակառակ իրենց տրուած բոլոր երաշխիքներուն, վախի մէջ են, եւ այս պայմաններուն տակ, այս հոգեվիճակով կ՛ապրին: Երբեմն ալ իրաւունք ունին մտահոգուելու: Վարլըքի տուրքը ռումբի մը պէս կը պայթի իրենց մտքին մէջ: Ամէն անգամ որ միջազգային վէճ մը ունենանք, անպատճառ փոքրամասնութիւններուն հասցէին ալ կը խօսինք: Յեղափոխութենէն ետք բացուած դրամարկղներու մէջ անոնք աւելի շատ բաժին մը ունեցած են:

Տնտեսագիտութեան մէջ դրամագլուխը կը նմանցնեն խրտչոտ թռչունի մը: Հոն, ուր ամենափոքրիկ կասկած մը կայ, դրամագլուխը կը քաշուի ու կը պահուըտի, եւ ոչ ոք կրնայ զայն երեւան հանել: Բայց, ի՛նչ կ՛ուզեն` թող ըսեն, մեր խոռովալից օրերուն մէջ փոքրամասնութեանց պատկանող հայրենակիցները մտահոգ են միշտ, եւ կը խորհին, թէ իրենց գլխուն նոր փորձանք մը կրնայ գալ: Անուրանալի, անժխտելի ճշմարտութիւնը այս է ահաւասիկ:

Սա վերջին Կիպրոսի տագնապին մէջ իսկ, հակառակ կառավարութեան տուած սրտանց հաւաստումներուն եւ օրինական երաշխիքին, փսփսուքներ տարածուեցան ժողովուրդին մէջ, եւ Վասիլ մը, Արթին մը, Սալոմոն մը չկրցան փրկուիլ այս մտասեւեռումէն: Մինչդեռ այդ Վասիլը, Արթին կամ Սալոմոնը որեւէ տարբերութիւն չունին: Ահմետէ մը կամ Մոհմետէ մը` թէ՛ օրէնքին եւ թէ՛ օրինական գործողութեանց մէջ:

Ըսենք բուն իրականութիւնը. ստիպուած ենք այլեւս փութով գտնել այս ցաւին դարմանը: Կա՛մ պիտի գտնենք այս դարմանը, եւ կա՛մ հրապարակը եւ այս մարդոց հոգիները գոհացում պիտի գտնեն: Սրճարաններուն մէջ հետեւելով յանկերգը կը կրկնուի:

– Ձգէ՛ սա կեաւուրը, թող տեֆ ըլլայ երթայ…

Երբ այս խօսքերը կը լսուին, պէտք է որ ցրուենք անոնց մտավախութիւնը եւ «շահինք» այս մարդիկը: Անոնք այս հողերուն վրայ կ՛ապրին` առանց լեզուի եւ կրօնի խտրականութեան: Անոնք արժանի են այլեւս այս հանգամանքին, եւ պէտք է որ արդիւնքի մը յանգինք ա՛լ:

Ամէն ընկերութեան մէջ, ամէն տեսակ լեզու խօսող եւ որեւէ կրօնի պատկանող մարդոց մէջ աղէկն ալ կայ, գէշն ալ կայ: Օրէնք արդէն զանոնք միշտ կը հետապնդէ: Աններելի սխալ մըն է, սակայն, տարբեր լեզու խօսողները տեւականօրէն նախատել, հալածել: Ի՞նչ կը պահանջենք իրենցմէ, կ՛ուզենք, որ մէջտե՞ղ հանեն իրենց դրամագլուխը: Պէտք է խորհինք, թէ դրամագլուխը ազդութիւն չունի, հետեւաբար միեւնոյն հարցումը պէտք է ուղղենք բոլոր դրամատէր թուրքերուն: Մաքսանենգութի՞ւն գործուած է, քննութի՞ւն կը պահանջենք: Պէտք է փրկուինք նախ եւ առաջ սա մտայնութենէն. այս ինչ մարդը եահուտի է, ո՞վ գիտէ` ինչե՜ր ունի, ինչե՜ր պահած է: Այո՛, մենք եւ մեր ելմտական իշխանութիւնը պէտք է հրաժարինք այս կասկածամտութենէն:

Փոքրամասնութեանց խնդիր, փոքրամասնութիւններ: Ատենը եկած է, որ մեր հոգիին մէջ տեղաւորենք սա օրինական սկզբունքը թէ՛ ով որ թրքական անձնագիր ունի, ըստ սահմանադրութեան, թուրք է եւ օրինական նոյն վերաբերումին առարկայ է բնականաբար: Ասկէ զատ որեւէ ուղիղ ճամբայ չկայ, եւ ատկէ դուրս ո՛չ մենք, ո՛չ անոնք, ո՛չ ալ երկիրը կրնան որեւէ օգուտ եւ շահ ապահովել:

ԱՄէն օր քիչ մը եւս կը կորսնցնենք, եւ նպատակայարմար պիտի ըլլար այս կորուստին գաղտնիքը փնտռել այս ցաւին մէջ:

 

Հայաստան

Երեւանի Մատենադարանի Նոր Ձեռագիրները

Մատենադարանը ներկայիս ունի 15 հազար ձեռագիր եւ պատառիկներ, որոնց արժէքը դժուար է գնահատել: Այս պատկառելի հաւաքածոյին մէջ կան միջնադարեան գիտական միտքին գրեթէ բոլոր բնագաւառները: Մատենադարանի այս հարստութիւնը կուտակուած է աստիճանաբար, երկար տարիներու ընթացքին:

1962-ին Մատենադարանը հարստացաւ 277 կտոր արաբերէն, պարսկերէն եւ թուրքերէն խիստ արժէքաւոր ձեռագիրներով: Այդ ձեռագիրները նուիրած է ամերիկաբնակ Յարութիւն Հազարեան: Վերջերս ակադեմական Վ. Համբարձումեանի միջոցով, նոյն անձէն Մատենադարանը վերստին նուէր ստացաւ ութ ձեռագիր:

Այս նոր ձեռագիրները կը պատկանին ԺԴ.-ԺԹ. դարերուն: Ընդօրինակուած արեւելեան ձեռագիրներու խիստ արժէքաւոր նմուշներ կը նկատուին: Արդարեւ, հոն կան 1375, 1458, 1543, 1571, 1594 թուականներուն կազմուած արաբերէն քերականագիտական-լեզուաբանական աշխատութիւններ, 1446-ին կազմուած արաբերէն լեզուի դասագիրք, նոյն թուականին ընդօրինակուած բժշկութեան եւ բնագիտութեան ձեռնարկներ, 1479, 1531, 1543, 1550 եւ 1591-ին ընդօրինակուած օրէնսգիտական հաւաքածոներ, 1475 եւ 1573-ին գրուած փիլիսոփայական դասագիրքեր, 1310, 1517 եւ 1590-ին գրուած արաբական արեւելքին վերաբերեալ պատմագիտական աշխատութիւններ, 1609 եւ 1659-ին կազմուած թրքերէն բժշկարաններ, 1680 եւ 1761-ին ընդօրինակուած հաւաքածոներ, 1485, 1497, 1591, 1608 եւ 1733-ին կազմուած բանաստեղծութիւններու դիւաններ, որոնցմէ մէկուն մէջ կան նաեւ Նասիմիի քանի մը քերթուածները: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն պարսկերէն ձեռագիրներ, յատկապէս` 1430-ին ընդօրինակուած Շէյխ Աթթարի «Դիւանը», 1485-ին ընդօրինակուած Օմար Խայեամի «Քառեակները», 1519-ին կազմուած Հաֆըզի «Դիւան»-ին մէկ ընդօրինակութիւնը, Ճալալէտտին Ռումիի, Մովլաւիի, Հազիզիի եւ Մոհամէտ Վազիֆիի բանաստեղծութիւններուն հաւաքածոները:

 

Share this Article
CATEGORIES