Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուաշինկթընի, Հայաստանի Ու Լիբանանի Դեսպանատուները

0912_HH-Aram-I_Dikran-SargsianԺողովական աշխատանքներուն առընթեր, ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ին Արամ Ա. կաթողիկոս առիթը ունեցաւ  այցելելու Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի եւ իրենց աշխատակազմին կողմէ: Վեհափառ հայրապետը նախ դեսպանին հետ ունեցաւ առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին տեղեակ պահեց զինք համագումարի աշխատանքներուն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ ունեցած հանդիպման մասին:

Ապա, աշխատակազմի եւ վեհափառ հայրապետին այցելութեան առիթով հրաւիրուած ազգայիններու ներկայութեան, դեսպան Սարգսեան ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսի դեսպանատուն այցելութիւնը` յիշեցնելով, որ դեսպանատունը փոքրիկ Հայաստան մըն է Ամերիկայի հողին վրայ եւ դեսպանատան ճամբով իրենց կարելին կը կատարեն նպաստելու Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն ու տնտեսական վերելքին: Խօսք առաւ նաեւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը, որ անդրադառնալով վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած ապահովական խախտումներուն, շեշտեց Ղարաբաղի բանակին ու ժողովուրդին ամուր կամքը եւ հայրենասիրութիւնը դիմագրաւելու Ազրպէյճանի կողմէ ներթափանցումի որեւէ մէկ փորձ:

Արամ Ա. կաթողիկոս նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան մէջ գտնուելուն համար, որ միշտ կը մնայ ու պէտք է մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն գուրգուրանքի ու զօրակցութեան առարկան, բոլոր երկիրներուն մէջ: Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ յառաջիկայ շաբաթ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան-սփիւռք համաժողովին` շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւններ առիթ պէտք է դառնան մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի` ի պատիւ պատրիարքներուն սարքած ճաշկերոյթին: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանէն ժամանած կարտինալներ, քոնկրեսի անդամներ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:

Share this Article
CATEGORIES