Պուրճ Համուտ (Պատանեկութեան Եւ Երիտասարդական Տարիներ)*

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայր Պօղոս Արիս շինել տուած էր 4 մեծ շէնքեր. իւրաքանչիւր շէնք կը պարփակէր 30-40 ընտանիք, որոնք գրեթէ բոլորն ալ նախկին բնակիչներ էին թիթեղաշէն «քեմփ»-երու: Հիանալի մարդասիրական գործ կատարած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետը` հարիւրաւոր ընտանիքներ ազատելով խեղճ ու կրակ աղքատիկ խրճիթներէ, տեղաւորած էր հանգստաւէտ ու լուսաւոր տուներու մէջ` առանց կանխավճարի, շատ տրամաբանական ամսականի  վճարումով, եւ 15 տարի ետք այդ յարկաբաժիններուն բնակիչները զերծ պիտի մնային ամսական վճարելէ: Պօղոս Արիսին կառուցած շէնքերը զուտ հայաբնակ էին: Հազար օրհնանք` անզուգական կղերականին:

«Ուսուցչարան» էր մեր շէնքը:  Ամենածայրը, երկրորդ յարկի վրայ կը բնակէր Ճեմարանի մեր հայերէնի ուսուցիչ պարոն Եփրեմ Քէշիշեանը, իսկ միւս ծայրը կը բնակէին ուսուցիչներ` պարոն Կարապետ Կիւլիւզեան (Քառասուն Մանկանց) եւ պարոն Նազարէթ Սէֆէրեան (Սոֆիա Յակոբեան):  Տարիներ ետք քոյրս` Արսինէն, Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, ինքն ալ նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին ու միացաւ մեր շէնքի ուսուցիչներու փաղանգին:

Մեր վարի յարկը կ՛ապրէր ՀՄԸՄ-ական յայտնի ֆութպոլիստ «Մասրի»-ն, իսկ իրմէ մէկ յարկ ցած` Պետրոս աղային ընտանիքը: Եղբայրս իր կուսակցական խումբի ժողովներուն շրջաբերականը ինծի կու տար, որ տունէ տուն տանելով` ստորագրել տամ, իմացնելու յաջորդ ժողովին թուականը: Ամէն անգամ, որ Պետրոս աղային դուռը ծեծէի, «Ինծի բանուոր գրէ» (բանաւոր ըսել կ՛ուզէր): Յաճախ կը սրբագրէի, թէ բանաւոր է եւ ոչ թէ` բանուոր, սակայն` ապարդիւն: Պետրոս աղա հաւատարիմ մնաց իր «բանուոր»-ութեան:

Մեր շէնքին գետնայարկը կը գտնուէր  տղամարդու սափրիչ մը: Յոյն էր եւ քիչ մը թրքերէն խօսիլ սորված էր: Ամէն անգամ, որ մազերս կտրելու երթայի քովը, «Ամերիքա՞ն», կը հարցնէր: Առանց հասկնալու հարցումը` «Ոչ» կը պատասխանէի: Չես գիտեր` ինչո՛ւ, այդ օր «Այո» պատասխանեցի: Մազերուս երկու կողմերը լման խուզեց, իսկ գլխուս վերի մասին մկրատ չզարկաւ: Երբ տուն գացի, մայրս զարմացած երեսս նայեցաւ: «Ամերիկեան» կտրելու տգեղ  ոճ մըն էր: Մօրս հետ դարձեալ գացինք յոյն սափրիչին քով, որպէսզի քիչ մը «կարգի դնէ գլուխս»: Իր քով վերջին մազ կտրելս եղաւ այդ օր:

Շարունակելով Պօղոս Արիսի շէնքերը դէպի արեւելք` կը հասնիս կուրանոց, որ նշանաւոր էր հայ կոյրերու կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներով (ընդհանրապէս աթոռ),  ապա կը թեքիս ձախ ու երկաթգիծը չհասած` կը հանդիպիս Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Աբգարեան վարժարան ու «Նիկոլ Դուման» ակումբը: Երկաթագիծը անցնելուդ Փեփէն էր` իր անուշեղէններով ու նշանաւոր պաղպաղակով, իսկ հազիւ հասած մայր ճամբայ, ուրկէ կ՛անցէին հանրակառքերը, նշանաւոր  «Զանգու» վառեակները կը բուրէին: Ներկայիս «Զանգու» իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով յայտնի անուն մըն է Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հայերէն աւելի` ամերիկացիներ են յաճախորդները եւ «Զանգու»-ն «Զենքաու» կը հնչեն:

Պուրճ Համուտի հարաւարեւմտեան կողմը կը գտնուի հայոց Ազգային գերեզմանատունը, ուր բազմաթիւ հանգուցեալ հայերու կողքին, իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած են եղբայրս ու հայրս:

Սկիզբի շրջանին Սիս թաղամասէն շատ չէի հեռանար: Երբեմն կ՛երթայի Նոր Մարաշ` տեսնուելու Էշրեֆիէի մեր նախկին դրացի ընկերներուս, որոնցմէ մէկ քանին փոխադրուած էին այդ կողմերը: Տակաւին ձմեռ էր, եւ Պէյրութը Պուրճ Համուտէն բաժնող գետին ջուրը առատ էր: Անհամբեր կը սպասէի  ամրան, որպէսզի  մեր ոտքերը ջուրին մէջ դնելով զովանանք: Գաղափար չունէի, թէ ամրան գետը կը ցամքի:

BSH_bourj_hammoud_-_arax_streetԱռաջին անգամ, որ Մարաշ թաղը այցելեցի, ամէնէն աւելի հետաքրքրական գտայ քով քովի կօշկակարներու խանութները: Պատերուն փակցուցած էին դերասանուհիներու եւ կիսամերկ աղջիկներու նկարներ: Բոլորը հայ էին: Աշխատանքի ժամերուն շատեր բարձրաձայն կ՛երգէին հայերէն կամ թրքերէն երգեր: Աչքառու իգական սեռէ մէկը անցնելուն, ամէն մարդ գործը, ձգելով կը դիտէր աղջիկը, երբեմն ալ` «խօսք նետելով» անցորդ օրիորդին, որ շիկնելով արագ կը հեռանար:

Պուրճ Համուտի կօշկակարները, երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամերը կ՛աշխատէին, սակայն երկուշաբթի օրերը հազուադէպ էին աշխատողները: Մեծամասնութեամբ կ՛երթային քաղաքի կողմը Մատամ Կարպիսի պարի դպրոցը` «թանկօ» կամ «փասէ տուպլէ» պարել սորվելու: Պուրճ Համուտի կօշկակարները վարպետ կօշկակար ըլլալու կողքին, նաեւ վարպետ պարողներ եղած են:

Մարաշ թաղը, մայր ճամբու մօտ ըլլալուն, Պուրճ Համուտի միւս թաղերէն շատ աւելի խճողուած էր: Արաքս նշանաւոր շարժապատկերի սրահին անունով փողոցը անուանած էին Արաքս փողոց, որ տարիներ ետք դարձաւ նշանաւոր շուկայ, ուր կ՛այցելէին Պէյրութի ամէն կողմէ գնորդներ: Շրջան մը մինչեւ իսկ Սուրիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն մարդիկ եկած են իրենց գնումները կատարելու Արաքս փողոցի շքեղ վաճառատուներէն:

Արաքս փողոցը կը սկսէր Գրաճեան գրախանութով, (Ներկայիս` դեղարան Գրաճեան): Երկար տարիներու բարեկամս` Գոգօ Գրաճեան, մասնագիտութեամբ դեղագործ, հօրը մահէն ետք գրախանութը փոխարինեց դեղարանով: Կողք կողքի են սինեմա Արաքսն ու Ֆելեֆիլ Արաքսը, որ քանի մը սեղանի տեղ ունի միայն: Կարեւոր չէ: Ֆելեֆիլի սանտուիչները ձեռքերնիս` կը մտնենք սինեմա Արաքս:

Դէմ դէմի կը գտնուին «Շիրակ» վաճառատունն ու անուշավաճառ Փանոսը, որոնց կը յաջորդէ «Ռեքորտ շուզ», «Թոփ թուենթի», «Մայ ուէյ», «Արեւ», «Շանել», «Թոնի շուզ», «Տոմինօ», անուշավաճառ Սարգիս, եւ Եզնիկ` իր աներեւակայելիօրէն համեղ սանտուիչներով:

Արաքս փողոցէն կը թեքիս ձախ: Կ՛անցնիս «Պութոն Ժիրօ»-ն ու կը հասնիս Ժողովրդային տուն, իսկ կողքին` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր մարզադաշտով, որ կ՛օգտագործէին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, ինչպէս նաեւ` պատանեկան միութիւններու մարզական խումբերը:

BSH_SardarabadԺողովրդային տան շէնքին մէջ կը գտնուի Սարդարապատ ակումբը, «Սարդարապատ» կոմիտէութեամբ, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի գրասենեակները. հոն էր նաեւ, որ կ՛ունենայինք Զաւարեան աշակերտական միութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի մեր հերթական ժողովներն ու հաւաքոյթները: Շէնքին հարաւային մասը կը գտնուի լիբանանահայութեան պարծանքը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը:  Երկու քայլ անդին շարժապատկերի հսկայ սրահ «Գերմանիկ»ն է, որ կը պատկանի Մարաշի հայրենակցական միութեան: 10 տարիով վարձու տրուած է անհատի մը եւ մարաշցիներու հայրենակցական միութեան նիւթական կոկիկ գումար մը կ՛ապահովէ եւ այդ գումարը կը տրամադրուի մարաշցի չքաւոր սաներ պահելու կամ այլ բարեսիրական նպատակներու օգտագործման:

* * *

Մարաշի ժողովրդային տունը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղաւ ամենաեռանդուն կեդրոնը: Հոն յաճախ կը հանդիպէինք քաղաքական տարբեր կուսակցապետերու, ինչպէս Փիեռ Ժեմայել, Ամին եւ Պեշիր Ժեմայել եղբայրները, ինչպէս` նաեւ` Ազատական (Ահրար) կուսակցութեան պատասխանատուներ: Հոն կ՛ըլլային մեր հայ երեսփոխանները: Ակումբի մարտական պատասխանատուն էր ընկեր Խաչիկ Արապեան: Օրական 24 ժամ, շաբաթը 7 օր ակումբէն չէր հեռանար: Տան երես չէր տեսած երկար ժամանակ: Դարձած էր հայութեան արթուն պահակը:

Երկար տարիներու լարուած վիճակը պատճառ դարձաւ, որ անհանգստանայ ու պատերազմի ամենատաք շրջանին, երբ շրջանի հայութիւնը պէտք ունէր իրեն նման անձնուէր ու անշահախնդիր անձի մը, հեռացաւ այս աշխարհէն: Խաչիկ Արապեան կռուի ընթացքին չմահացաւ, սակայն զոհուեցաւ հայութեան սիրոյն: Նոր հաստատուած էի Լոս Անճելըս եւ չկրցայ իմ յարգանքի վերջին տուրքս տալ սիրելի հերոսին: Շատերէ լսեցի.  տասնեակ հազարաւոր յուղարկաւորներ մասնակցած են իր թաղման արարողութեան` հակառակ նոյն վայրկեանին տեղի ունեցած սաստիկ ռմբակոծումին (դիտումնաւոր կամ ոչ, յստակ չէ):

Իր յիշատակին հիանալի երգ մը գրած ու մեկնաբանած է Լեւոն Գաթրճեան:

Լոս Անճելըս փոխադրուելէս ետք շատ բան փոխուած է Պուրճ Համուտի մէջ:

Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ հեռացած են Պուրճ Համուտէն եւ հաստատուած` Անթիլիասի կողմերը: Պուրճ Համուտ մնացած են ընդհանրապէս նիւթապէս համեստ ընտանիքները, իսկ շատեր ալ գաղթած են Լիբանանէն:

Շատեր կը փախչին, շատեր կը մնան
Շատեր կը գրեն, պիտի վերադառնան
Թէ ձմրան պաղին, թէ քնքուշ գարնան
Ապրիր Պուրճ Համուտ, հայկական ոստան (Սարգիս Սարգիսեան)

Կարգ մը հայկական վարժարաններ փակած են իրենց դռները, ինչպէս` Արամեան, Էհրամճեան, նաեւ` Էշրեֆիէի Չաթալպաշեանը: Ասոր կողքին նշմարելի է մշակութային բեղուն կեանքը, որ աշխուժացած է Պուրճ Համուտի մէջ: Պուրճ Համուտի մուտքին, կամուրջէն անմիջապէս ետք, ձախին, կառուցուած է «Շաղզոյեան» կեդրոնը, ուր նոյն յարկին տակ կը գտնուին «Ազդակ»-ի խմբագրատունն ու տպարանը, «Բագին» գրական պարբերաթերթը, Համազգայինի շրջանայինի գրասենեակը, «Վանայ Ձայն»-ը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ցուցասրահը, «Վահէ Սեթեան» տպարանն ու հրատարակչատունը: Սփիւռքի մէջ ոեւէ տեղ չունինք նման հաստատութիւն: Պուրճ Համուտի մէջ բազմապատկուած են արուեստի կեդրոնները` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոց, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիա, «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոց :

Նոր Սիս թաղամասին մէջ կը գործէ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուրղուրճեան» բժշկական կեդրոնը, ուր չնչին գումարով, կամ անվճար, հոգ կը տանին չքաւոր հայերու (նաեւ` օտարներու) բժշկական կարիքներուն:

Նաեւ Պուրճ Համուտ փոխադրուած է Ազգային առաջնորդարանը:

Հայը հայ պահելու համար,
Պուրճ Համուտը բերդ է յարմար (Ս. Սարգիսեան)

Նախքան Լիբանանը ձգելս` Պուրճ Համուտ բոլորովին նոր դիմագիծ ստացած էր: Զաւարեանական տարիներուս, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, լոզունքներ կը փակցնէինք խանութներու ցուցափեղկերուն` «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ»: Այսօր թրքախօսութիւնը զգալիօրէն պակսած է, նոյնիսկ կարելի է ըսել` արմատախիլ եղած է. թրքերէն երգերն ալ հեռացած են հայ տուներէն: Ամէն կողմ Ատիսի, Լեւոն Գաթրճեանի, Մաքսիմի, Փոլ Պաղտատլեանի, Ճորճ Թիւթիւնճեանի ու Գառնիկ Սագիսեանի երգերն է, որ կը լսենք:

Պուրճ Համուտի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ ինկած են մեծ թիւով հայ հերոսներ: Մեզմէ յաւերժ բաժնուած են` Անդրանիկ Թուլումճեան, Սարգիս Ազնաւորեան, Սարգիս Ֆուճուրեան, Թենքերեան (Շերիֆ), «Ղամպըր Խաչիկ»-ն  ու Խաչիկ Արապեանը: Պուրճհամուտաբնակ Հայ դատի պաշտպան Լիզպոնի 5 նահատակ հերոսները` Սիմոն, Արա, Վաչէ, Սարգիս եւ Սեդրակ եւս անցած են անմահներու շարքին: Տարիքի բերումով հեռացած են նաեւ մունետիկն ու շրջուն վաճառորդները: Լիբանանահայ երգիչներուն մեծ տոկոսը գաղթած է, սակայն զանոնք փոխարինած են նոր երգիչներ, գաղթող դերասաներուն ու բեմադրիչներուն տեղը Պուրճ Համուտ արտադրած է նորերը:

* * *

Պուրճ Համուտ փոխադրուած առաջին քանի մը տարին միայն «Ազիրեան» ակումբն էր, որ կը յաճախէի, սակայն քանի մը տարի ետք սկսայ յաճախել նաեւ տարբեր թաղամասերու ակումբներ: Մարաշի մէջ արդէն կառուցուած էր Ժողովրդային տունը: Զաւարեան աշակերտական միութեան անդամ եմ, եւ հոն կ՛ունենանք մեր հերթական ժողովները: ՀՄԸՄ-ական եմ: Հոն է, որ կը հաւաքուինք ու պասով մեզ կը տանին «Քամիլ Շամուն» մարզաւան, ուր կը կատարենք մեր աթլեթիզմի փորձերը: Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ը ունի երկրորդական պասքեթպոլի խումբեր` «Կամք» «Վրէժ», եւ մեր փորձերը Ժողովրդային տան կից, Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան: Երկար տարիներ խաղցած եմ «Վրէժ» խումբէն: Շաբաթը քանի մը օր Մարաշ թաղն եմ: Ընկերներուս թիւը բազմապատկուած է. Էշրեֆիէի  թաղեցի հին ընկերներուս հետ գրեթէ կապս կտրած եմ: Պատահմամբ միայն իրարու կը հանդիպինք:

Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Երաժշտութեամբ կը զբաղիմ, եւ ինքնաբերաբար ընկերային շրջանակս կը փոխուի: «Ազիրեան» ակումբ շատ քիչ կը հանդիպիմ. միայն` կուսակցական հերթական ժողովներու. երբեմն ալ փախուստ կու տամ. գիշերները զբաղած եմ. բարեբախտաբար այդ կէտը նկատի կ՛առնեն ու ժողովներուն յաճախակի բացակայելուս պատճառով չեմ պատժուիր: Կը յիշեմ Պետրոս աղան. «Ինծի բանուոր գրէ»: Ես ալ իմ կարգիս «բանաւոր» եմ: Ակումբներէ աւելի յաճախած վայրերս են` Անդրանիկ Մարտիրոսեանի, Ատիս Հարմանտեանի, «Ճեքա»-ի, Ճօ Թաշճեանի եւ Դանիէլ Մածունեանի «տիսքոթեք»ները: Հոն յաճախ կը հանդիպիմ երաժիշտ ու երգիչ բարեկամներուս: Սինեմա  Սանթրալին դէմն է Ատիսին «տիսքոթեք»ը, իսկ աջին կը բնակի թմբկահար Սեմ Պալըքեանը: Սեմին բնակած շէնքին ճիշդ կռնակի շէնքը, գրեթէ փակած, կը բնակին Փոլ Պաղտատլեան եւ քանոնահար Գէորգ Եսայեան: Շատ յաճախ «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահն եմ` թատերական ու երաժշտական ելոյթներու մասնակցութիւնս բերելու:

* * *

Ապրիլ 13, 1975 :

Սկիզբ `Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի: Երաժշտական ու թատերական կեանքը սառած է: Ես, որ միշտ ատած եմ զէնքը, մէկ կողմ ձգած այնքան սիրած կիթառս, կը վերադառնամ «Ազիրեան» ակումբ, զէնքը ձեռքիս` թաղեցի ընկերներուս հետ պաշտպանելու մեր հայկական թաղերը:

Որոշ շրջան մը հանդարտութիւն, ու ապա` դարձեալ մահ ու աւեր: Երկիրը սառած է, սակայն` կրակներու մէջ: Գործատեղիս փակ: Ստիպուած` քանի մը ամսուան համար նուագախումբովս կը ճամբորդեմ տարբեր երկիրներ: Վերադարձին նոյն պատկերն է. բան չէ փոխուած: Դարձեալ կը ճամբորդեմ ու դարձեալ կը վերադառնամ: Կացութիւնը նոյնն է: Յուսահատ` կը բռնեմ գաղթի ճամբան ու կը հաստատուիմ Լոս Անճելըս:

Յաճախ կը յիշեմ քանի մը սովորութիւններ, որոնց բնաւ չեմ հանդիպիր Լոս Անճելըսի մէջ:

Հարսնցուին օժիտները կը փոխադրէին իր ապագայ բնակարանը` զարդարուած ինքնաշարժներով: Ճչակներու ձայնը աշխարհը լեցուցած է: Բոլորը միասին կ՛երգեն, «Հարսնցուին սեւ մազերը կարճ կարճ կտրեցին»… իսկ յուղարկաւորութեան մը պարագային, եթէ մահացողը երիտասարդ է, զէնքի կրակոցներու ձայնն է, որ կը լեցնէ աշխարհը:

Հարսանիք եւ թաղում իրար կը գրկեն,
Մարդը մէկ փամփուշտով դրախտ կը ղրկեն,
Եթէ այս բոլորէն կ՛ուզէք խուսափիլ,
Ուրեմն Պուրճ Համուտ եկէք բնակիլ:

Իմ ապրած բնակարաններէս ոչ մէկ յիշատակ մնացած է:

Էշրեֆիէի մանկութեանս ապրած մեր տան նման, Պուրճ Համուտի մեր շէնքը նոյնպէս փլած են ու կամուրջ անցած է վրայէն:

«Պուրճ Համուտ փրկութեան ովասիս,
Միջնաբերդ հայութեան հաւատքի,
Սփիւռքի բարձրագոյն վեհ Մասիս,
Կը մնաս յաւիտեան դու ոտքի»

 

Վազեցէք, շուտ եկէք Լիբանան,
Դժոխքի, դրախտի հայրենիք,
ուր միասին հրեշտակն ու սատանան
Կը շնչեն ու կ՛ապրին երջանիկ»:

 

Լոս Անճելըս 2014        
(Շար. 4 եւ վերջ)

* Նախորդ շաբաթ լոյս տեսած «Վերածնունդ (Էշրեֆիէի). «Մանկութիւն իմ քնքշագին ես քեզ ինչպէ՞ս մոռնամ» խորագրեալ երկու բաժինով տրուած յօդուածին շարունակութիւնը

Share this Article
CATEGORIES