«Ազդակ»-ին Սուրճը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հայաստանէն ու սփիւռքի տարբեր գաղութներէն Լիբանան այցելող հայերու մասին վիճակագրութիւն մը կարելի չէ ունենալ  օդակայանի սպասարկութիւններէն կամ այլ աղբիւրէ, բայց անկարելի չէ փոքր ճիգով մը նման բան ունենալ… «Ազդակ»-ի ներկայ խմբագրատան մէջ:

Հայկական խնդիրներով ու հետապնդումներով քիչ թէ շատ հետաքրքրուած ամէն հայ մարդ, պատասխանատու պաշտօնի վրայ թէ ան-պաշտօն  ազգային, երբ որեւէ առիթով Լիբանան այցելէ, անպայման իր «բարեւ»-ը կու տայ  «Շաղզոյեան» կեդրոնի առաջին յարկին` «Ազդակ»-ի խմբագրատան:

Հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ  բազմայարկ ու կուսակցապատկան հաստատութիւն մըն է «Շաղզոյեան»-ը, ուր անջատաբար կը գործեն ՀՅԴ կեդրոնական, երեսփոխանական ու Հայ դատի գրասենեակները, «Վանայ Ձայն» ամէնժամեայ ռատիոկայանը, Համազգայինը` իր գրատարած խանութով եւ նկարչական ցուցասրահով, զանազան ձեռնարկներու համար տրամադրելի նորակառոյց «Փիւնիկ» սրահը եւ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը: Քաղաքական ու հասարակական գործի եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ լրատուական սպասարկումի յատկացուած իր տեսակին մէջ` համալիր հաստատութիւն մը ուրեմն, թերեւս` եզակի  սփիւռքի իրականութեան համար, որուն տրուած այցելութիւնը  այլ երկրէ  եկող հայու մը կողմէ պիտի նկատուի շատ բնական: Կը նշանակէ, թէ տարօրինակ չէ պատկերը. հայահոծ գաղութի մը մէջ` հայկական համալիր մը եւ այլ երկիրներէ հոն այցելող հայեր…

«Ազդակ»-ը գլխաւոր մագնիսի դեր կը կատարէ: «Ազդակ»-ի խմբագրատունը ոչ միայն արտասահմանի, այլ նաեւ տեղացի հայերուն համար: Նկատելի է նոյնիսկ, որ համալիրին պաշտօնատար գործիչներէն անոնք, որոնք զբօսանքի եւ քիչ մը յոգնաթափ ըլլալու իրաւունքով եթէ ուզեն մտաւոր իրենց աշխատանքին պահ մը դադար տալ, կ՛իջնեն առաջին յարկ` ըմբոշխնելու համար անոր համեղ սուրճը եւ… ընդհանրապէս հոն ծաւալող հիւթեղ զրոյց մը:

«Ազդակ»-ի շուրջ այս համախմբուածութիւնն ու այցելուներու եռուզեռը վստահաբար արդիւնք է կարգ մը տուեալներու, որոնցմէ գլխաւորը 87 երկարաձիգ տարիներու յօդուածագրական ու լրատուական եւ առաջնորդող խմբագրականներու հարուստ վաստակին հմայքն է, որ սահող ժամանակին պլլուած` հո՛ն է, խմբագրատան մթնոլորտին մէջ, զգալի՛ ու առինքնո՛ղ: Անցեալէն ժառանգ  իր հմայքին վրայ ներկայիս կ՛աւելնայ նաեւ ամէնօրեայ լրահոսը, ազգային-քաղաքական եւ ընկերային  մեծ ու փոքր այժմէական խնդիրներու մասին վերլուծական-քննադատական  խոհագրութիւններ  բազմահազար ընթերցողներուն հասցնող համացանցային փնտռուած իր կայքէջը, որուն շնորհիւ հաղորդակից կը դառնան անոնք հայութեան միեւնոյն տագնապներուն, միեւնոյն նպատակներուն ու տեսլականին: Ըսուածներուն վրայ եթէ բարդենք տակաւին օրաթերթային  շրջագծէն դուրս «Ազդակ»-ի այլատեսակ նախաձեռնութիւնները, այն ատեն կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ տպաւորող է թիւը  իր այցելուներուն: Կը հասկնանք նաեւ, թէ ինչո՛ւ ան կը զետեղուի հայկական մամուլի առաջատար դիրքին:

Կուսակցական օրաթերթ մը ըլլալով հանդերձ ու անկէ ետք, «Ազդակ»-ը կարելի է համարել լիբանանահայ գաղութի  Տելթան , ուր տարբեր հոսանքներու (գաղափարական) ու տարբեր մտածումներու մէկտեղումը «արտօնուած» ըլլալու յուսադրիչ երեւոյթը կը պարզուի…

«Ազդակի սուրճը» վերնագրով սկսանք, բայց մինչեւ հոս տակաւին չխօսեցանք սուրճին մասին,  որուն համը մարդկային ջերմութեամբ կը քաղցրանայ եւ բոյրն ալ հիւթեղ զրոյցով կը ծաւալի: Տաք զրոյցի ախորժակ կը բանայ սուրճը եւ բովանդակութիւն կու տայ զրոյցին: Առանց մարդկային ջերմութեան` սեւ ու լեղի ըմպելի մըն է լոկ, որ յատուկ ախորժակ կը պահանջէ խմուելու համար:

Իսկ Պէյրութի մէջ այդ ջերմութիւնը կը զգաս արդէն ամէն քայլափոխի: Հանդիպեցա՞ր ծանօթի մը (հին թէ նոր), տուած «բարեւ»-իդ անմիջական պատասխանն է. «Եկո՛ւր սուրճ մը առնենք», ինչ որ հրաւէր մըն է մտերմիկ զրոյցի, որուն համար նիւթ չի պակսիր երկրի մը մէջ, ուր ազգային, կուսակցական, միութենական ու մշակութային եռուն կեանք կայ, եւ ուր քաղաքացիներուն ամէնօրեայ մտահոգութեան առանցքը կը կազմեն քաղաքական  յարափոփոխ վերիվայրումները եւ ապահովական փխրուն ու անկայուն կացութիւնը, որով եւ` վաղուան անորոշութիւնը:

Միեւնոյն ջերմութեամբ պարուրուած միջավայր մըն է «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, որուն անձնակազմին սիրալիրութիւնը կը քաջալերէ, որ այցելուն հոն մտնէ «իբրեւ տանտէր հարազատ» եւ առանց  այլեւայլ ձեւակերպութեան` քայլերը առաջնորդէ խմբագիր-տնօրէնին գրասենեակը: Իրմէ առաջ զրոյցի նստած ուրիշ այցելուներ կան արդէն` անխուսափելի սուրճին վայելքով: Եթէ չկան, համբերելու պէտք չկայ, շուտով նորեր կը ժամանեն:

Կարելի է պատկերացնել ուրեմն, թէ որքա՛ն մեծ խնդիրներ կ՛արծարծէ փոքր գաւաթի մը պարունակով հրամցուած սուրճը «Ազդակ»-ին, որ լրահոսի արձագանգներուն ժամը ժամին հետեւելու եւ իր կարգին անոնց արձագանգը դառնալու հեւքին մէջ, ընթացող իրադարձութիւնները վերլուծելու, հետեւանքները նախատեսելու հոգը ունի, իր  տեսադաշտին մէջ կ՛ընդգրկէ  համահայկական խնդիրներ եւ բնականաբար կ՛ապրի գաղութային կեանքի կշռոյթով, միաժամանակ կշռոյթ կու տայ այդ կեանքին:

Կենցաղայինի, ընթացիկի վերաբերեալ սկսած պարզ խօսակցութիւնը հետզհետէ լրջանալով, կը յանգի բազմաձայն զրոյցի` մերթ պատմական, մերթ քաղաքական կամ ընկերային ու հասարակական խորքային խնդիրներու  պատճառահետեւանքային վերլուծումներով, մտամարզանքներով: Իրար ամբողջացնող կամ հակադրուող թեզերը մտքի սնունդ ըլլալով` օգտակար են անշուշտ, բայց եւ այնպէս կը ծանրացնեն պահը, խօսակցութիւնը: Ահա սակայն զրուցակիցներէն մէկուն կամ միւսին կողմէ սրամիտ միջամտութիւն մը,  առնչուող հին ու նոր զուարճալի պատահարի մը յիշատակումը կամ անեքթոտ մը կը կապուի նիւթին եւ  կը թեթեւցնէ պահին ծանրութիւնը` հաճելին միացնելով օգտակարին: Եւ` հաճելիին, զուարթամտութեան գերազանց շարժիչը ինքն է միշտ, «Ազդակ»-ին գլխաւոր խմբագիրը, տնօրէնը:

Միշտ եւ ամէնուր մթնոլորտ կը շէնցնէ սրամիտ զուարթախօսին ներկայութիւնը, մինչ  տհաճ է հիւմըրի  զգացողութենէ զուրկ խօսակից, մանաւանդ գործակից ունենալը…

Այցելուն կը մեկնի խմբագրատունէն լիացած ու շէնցած անոր մթնոլորտով:

Թերեւս ոմանց զարմանք պատճառէ, թէ այդպիսի եռուզեռ ունեցող միջավայրի մը խմբագիրները ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը տրամադրուին աշխատանքի եւ  ճշդապահութեամբ կը յաջողին օրը օրին ու ժամը ժամին լոյսին յանձնել թերթը: Այս իրողութիւնը կարելի է բացատրել վարչական խելամիտ այն տնօրինումով, որ խմբագիրները ենթակայ չի դարձներ աշխատանքի կաղապարուած ու պարտադիր ժամանակացոյցի մը, սկզբունքի այն հիմունքով, որ մտաւոր աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի, երբ սեղմումներէ (նաեւ ժամանակի) ձերբազատ է: Ահա թէ ինչու խմբագիրներն ալ իրենց կարգին անսակարկ նուիրուածութեամբ կ՛աշխատին մինչեւ յաջորդ օրուան փոքր ժամերը:

Եւ ապահովաբար աշխատանքի այդ ծանրութեան կը տոկան, շնորհիւ… «Ազդակ»-ի սուրճին ու անոր ստեղծած մթնոլորտին:

Ընթերցողը հաւանաբար հարց տայ, թերեւս իրաւացիօրէն, թէ «Ազդակ»-ի գո՞վքն է արդեօք, որ անուղղակի կը կատարուի տողերու ընդմէջէն:

Պատասխանը կտրուկ «ոչ» մըն է: «Ազդակ»-ը պէտք ալ չունի անոր` ուրիշի մը գրիչէն: Համազգային տարածքի վրայ, բազմահազար ընթերցողներու ընկալումը անոր ամէնօրեայ ներկայութեան, ինքնին «Ազդակ»-ին գովքը չէ՞ արդէն անոնց կողմէ, եւ` սեփական, ինքզինքին համար կատարուած  քարոզչութիւնը, ներգործո՛ղ  ու պերճախօ՛ս:

Քանի մը առիթով «Ազդակ»-ի սուրճը վայելողի եւ ընթացող զրոյցներուն մասնակցողի մը անձնական տպաւորութիւնը կը փոխանցեն, ինչպէս նաեւ անոնց կարօտին արձագանգը կը կազմեն գրուած այս տողերը:

Աթէնք,  6  սեպտ .  2014

Share this Article
CATEGORIES