Կարգախօս Է Հարիւրամեակը. Ի՞նչ Բանի, Ի՞նչ Բաներու Եւ Ի՞նչ Բանելու

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստան եւ սփիւռք, առանձին եւ միասնաբար, կը պատրաստուին յիշելու եւ յիշեցնելու հայ ժողովուրդի պատմութեան-պատմական մեծ աղէտը: Հարցը այն է, որ այդ աղէտին հարիւրամեակը պիտի ըլլա՞յ քաղաքական իրաւ նախաձեռնութիւններու առիթ` հայոց ազգային հարցի լուծման գծով, անոնք պիտի ունենա՞ն գործնական հետեւանքներ, թէ՞ կրկին ֆեթիշ թուականը պիտի գայ եւ պիտի անցնի ճառային հրավառութիւններով:

Ի՞նչ կը ծրագրուի, ծրագրուած է, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար: Բացի հանդիսութիւններու ծրագիրներու մշակումէն, ի՞նչ պիտի ըսուի ժողովուրդին, այդ ի՛նչը նախորդ տարիներուն բաղդատած` որակական ի՞նչ տարբերութիւն եւ ապագայակերտ նորութիւն պիտի ունենայ: Որակը, այս պարագային, ծաւալի եւ աղմուկի չի վերաբերիր, այլ` խորքի, գործի եւ ապագայի:

Ի՞նչ են ակնկալութիւնները հայ մարդոց` անկախաբար իշխանութիւններու եւ ղեկավարութիւններու օղակներու մաս կազմողներէն, Հայաստան եւ սփիւռք: Հարցախոյզ մը օգտակար պիտի ըլլար: Այդ ակնկալութիւնները սահմանելու մենաշնորհը չի պատկանիր փոքրամասնութեան մը կամ սակաւապետութեան մը, որքան որ ալ յարգելի ըլլան անոնք:

Ծրագրումները եւ նախաձեռնութիւնները քարոզչականէ եւ զգացականէ անդին` ի՞նչ բովանդակութիւն ունին, կրնան ունենալ, կամ` անոնց կրնանք տալ: Օտարներու զօրակցութիւնները «շրթներու ծառայութենէ» (lip service) անդին կրնա՞ն անցնիլ, ծառայութիւն, որ գութի զգացումէ եւ, ինչո՞ւ չըսել, տեղական-տեղայնականէ աւելին ըլլայ:

Ո՞վ պիտի ուզէ իր մատները այրել հայոց հարիւր տարուան հնութիւն ունեցող աղէտը դարմանելու համար, ժողովուրդի մը իր հունէն ելած պատմութիւնը վերստին դնելու իր հունին մէջ` իրապէս զայն միջազգայնացնելով: Բայց կրնա՞նք ուրիշներէ ակնկալել այդ միջազգայնացումը:

Իսկ մենք յստակօրէն գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս պիտի ուզենք: Բարեկամական սրտցաւութիւնները, յաճախ` հարկատու անհատական կապերու եւ համակրութիւններու,  եւ ամէնուն ծանօթ ճշմարտութիւնները կրկին շեփորելէ զատ, ի՞նչ պիտի ըլլան ՊԱՀԱՆՋՆԵՐը, անոնք յստակութեամբ սահմանուա՞ծ են, թէ՞ իւրաքանչիւր անհատ, իրաւ կամ ենթադրեալ իմաստուն, քաղաքական գործիչ, իր հայեցողութեամբ պիտի խօսի` ըստ պահու եւ շահերու:

Վերջին շրջանին ընդհանրացաւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ  բառին գործածութիւնը, ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ հայկական իրաւունքներուն: Իր ընդհանրութեամբ իսկ անորոշ: Բառը կրկնուող գործածութեամբ, առանց սահմանագծումներու, հայկական պահանջները կրնան վատ անակնկալներու առջեւ դնել ազգը: Պատմութեան շահ-վնասի հաշուեփակի համար, օրինակ, կրնան առաջարկուիլ, բոլոր կորուստներուն դիմաց, ՄԵԾԱԳՈՒՄԱՐ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ, որ մեզ կը կանգնեցնէ պատի առջեւ:

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ մասին: Այդ իրաւունքները կ’ընդգրկեն ազգը, բռնագրաւուած հայրենիքը, տարածքները, անհատական անշարժ եւ շարժական գոյքերը եւ կեանքերը: Անհատական եւ ազգային իրաւունքները չեն շփոթուիր իրարու հետ, ինչպէս որ այդ եղաւ ապահովագրական ընկերութիւններու պարագային եւ խանդավառութիւն յառաջացուց ոմանց մօտ:

Եթէ Թուրքիան եւ միջազգային համայնքը առաջարկեն, օրինակ, 50 միլիառ տոլարի հատուցում սահմանել, հաշուեյարդար ընելու համար, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը, Հայաստան եւ սփիւռք: Այս խորհրդաժողովը եզրի ճշդման առաջարկը պէտք է յղէ պետութեան, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, հրապարակային  արտայայտութիւն ունեցողներուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն, եկեղեցական իշխանութիւններուն եւ բարեկամ օտար քաղաքական գործիչներուն: Հատուցում բառը յստակութեան պակաս Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման պարագային, թարգմանութիւնն է ընդունուած re՛paration-ին եւ սխալ տեղեր կրնայ տանիլ, ուստի հարկ է հրաժարիլ անոր գործածութենէն:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ պահանջը սահմանափակող բնոյթ ունի: Եթէ Թուրքիան եւ համայն աշխարհը ընդունին, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ճանաչման հետեւանքը: Այնքան կրկնուեցաւ եւ դրօշակի վերածուեցաւ այդ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՄԱՆ տարազը, որ դարձաւ նպատակ` տարին անգամ մը ցոյցի մասնակցողներէն շատերուն համար:  Ճանչցողները եւ հայութիւնը ի՞նչ կը տեսնեն այդ ՃԱՆԱՉՄԱՆ մէջ, ՇՕՇԱՓԵԼԻ արդիւնք կարելի՞ է ակնկալել: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ճանաչման վաղորդայնը: Ի՞նչ ռազմավարական ծրագիր ունինք յաջորդ օրուան համար:

Այս պահանջը առանձին բանաձեւել սոսկ բարոյական բնոյթ կու տայ դասական ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑին, որ լրիւ դար մը միջազգային քաղաքական կեանքը զբաղեցուցած էր: Այդ ճանաչումը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ որպէս ժամանակակից քաղաքական խնդիր պիտի յաջողի՞ արձանագրել զանազան մեծանուն ժողովներու օրակարգերուն վրայ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը այսօր կը վարագուրէ ուրիշ մեծ ՈՃԻՐ մը, որ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄն է, նոյնիսկ եթէ հայրենահանուածներ եւ անոնց ժառանգներ պատշաճած են եւ գոհ` որպէս նոր քաղաքացիութեամբ անհատներ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը անանջատելի է ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ: Հայրենահանումը այսօր շարունակուող ցեղասպանութիւն է, որուն համրանքի եւ հոգեբարոյական հաշուեկշիռը չէ եղած եւ չենք ըներ` ճանաչման կարգախօսին մէջ մենք մեզ բանտարկելով եւ շեղեցնելով հանրային եւ քաղաքական կարծիքը:

Քաղաքական ծանրակշիռ սխալ է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԵՒ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ՉԸՍՈՂ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ անգիտացումը, որ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆն է: Արմատախիլ զանգուածները եւ անոնց ժառանգները ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ ինքնութեան կորուստի եւ անհետացման, եւ այդ ընթացքի մէջ է յարաճուն թափով, այդ ընթացքին կ’որդեգրուի անորոշ սահմաններով ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ ըլլալու կամ եղած ըլլալու վիճակը: Արեւմտահայերէնի անհետացման գծով եղած սպառնալիքները եւ յիշեցումները այդ կորուստի անմիջականօրէն տեսանելի մասերն են: Նոյն ազգին պատկանող մարդիկ դատապարտուած են խորթանալու իրենց արմատներուն եւ իրարու հանդէպ: Այս ազգի մը աւելի քան կէսը կը դատապարտէ անհետացման (այլասերում, ձուլում, կամ ինչպէս կ’ըսուէր եւ հիմա չըսուիր` ճերմակ ջարդ), եթէ ան իր ինքնութեան պայմանները չվերագտնէ. հող եւ մշակոյթ, միաժամանակ իրականացնելով ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, որ յաճախ կ’անտեսուի կարճատես կարգախօսներու կրկնութեամբ:

ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ նախօրեակին հարկ է ունենալ համապարփակ ծրագրում, շփոթներու առջեւ բաց դուռ չձգող ՅՍՏԱԿՈՒԹԻՒՆ: Բառերը իմաստ կը փոխադրեն, իսկ քաղաքական եւ իրաւական հարցերու պարագային, անոնք վիճայարոյց մեկնաբանութիւններու պատճառ պէտք չէ ըլլան:

Հարիւրամեակի սեմին հաւանօրէն յաճախ պէտք է յիշեցնել, որ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը չի ստորադասուիր ո՛չ բարիդրացիական յարաբերութիւններու, ո՛չ ալ առեւտրական շահակցութիւններու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը ամբողջութիւն մըն է եւ զայն կարելի չէ շերտել զանազան ենթաքաղաքական կամ միջազգային հաւասարակշռութիւններու հրամայականներու ճապկումներու մասին գիտոսիկ-սոփեստ դատարկաբանութիւններով, զորս երբեմն կը բեմադրեն բեմին վրայ դողացող այսահարներ:

Հակաճապկում վերաբերումները նախ մենք մեզի պէտք է որ պարտադրենք` հրաժարելով բան չնշանակող կաղապար-կարգախօսներէ, ի հարկին դէմ երթալով «էսթեպլիշմընթ»-ային ընդունելիութեան: Եւ այդ կը պահանջէ անանձնական բարձրամակարդակ իրատեսութիւն եւ յանդգնութիւն:

8 սեպտեմբեր 2014, Երեւան

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES