Ստեփանակերտի Եւ Տոնոսթիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

0915_Karen-Mirzoyan-Ibai-IriateԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Պասքերու երկրի Տոնոսթիա շրջանի (Սան Սեպասթիան) քաղաքապետարանին մէջ քաղաքապետ Խուան Քարլոս Իզակիրէ Օրթելանոյի հետ վերջերս ունեցած է տեսակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Ստեփանակերտի եւ Տոնոսթիոյ միջեւ բարեկամական եւ գործնական փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման հեռանկարներուն շուրջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Ստեփանակերտ եւ Տոնոսթիա քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր, որուն մէջ կը նշուի, որ կողմերը հիմնուելով հաւասարութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքներուն վրայ, պիտի իրականացնեն փորձառութեան փոխանակում եւ համագործակցութիւն տարբեր մարզերու մէջ:

Ըստ համաձայնագիրին, երկու քաղաքները եւ անոնց համապատասխան կառոյցները պարբերաբար հաղորդակցութիւններ պիտի ունենան` քննարկելու համար համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES