Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ը Թուրքիոյ Մէջ Ցուցադրելու Առաջարկ
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու հարցը կրկին օրակարգի վրայ է, այս անգամ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Տը Քիւթ» ժապաւէնի բեմադրիչ, գերմանաբնակ թուրք Ֆաթիհ Աքինի կողմէ:
«Արարատ»-ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու իրաւունքը 12 տարի առաջ գնած էր թրքական «Պելկէ ֆիլմ» ընկերութեան սեփականատէր Սապահէտտին Չեթինը, սակայն ժապաւէնը ցարդ Թուրքիոյ մէջ չէր ցուցադրուած, քանի որ Չեթին կը վախնայ, որ նման քայլ մը վտանգէ սրահներու սեփականատէրերու ապահովութիւնը:
Չեթին այժմ կը կարծէ, որ Թուրքիա փոխուած է եւ կը փափաքի Թուրքիոյ մէջ ցուցադրել ժապաւէնը: Ան տեղեկացուցած է, որ ժապաւէնը ցուցադրելու առաջարկներ ստացած է բազմաթիւ սրահներէ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ առաջին ցուցադրութիւնը:
Աքին յայտնած է, որ իր ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ցուցադրուիլ հոկտեմբերին:

