Թուրքիա Կը Հետեւի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Պատրաստութեանց

Haberler_chavushogluԹուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա կը հետեւի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ հայկական կողմի նախապատրաստութիւններուն:

Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն, Չաւուշօղլու յառաջ քաշած է թրքական քարոզչամեքենային չարչրկուած միտքը այն մասին, թէ պատմութիւնը քաղաքականութեան խառնելը սխալ է, եւ յիշեցուցած է, թէ տարիներ առաջ Էրտողան առաջարկած էր Հայաստանի նախագահին` պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողով մը ստեղծել` «իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար», որ սակայն հայկական կողմը մերժած էր:

Չաւուշօղլու մեղադրած է Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը` «երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու յանցանքով: Ան մասնաւորապէս դժգոհութիւն յայտնած է այն բանին համար, որ ժամանակ առ ժամանակ ներքին կամ միջազգային խորհրդարաններու մէջ կը քննուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, փափաք յայտնելով, որ` «այս խնդիրը պատմաբաններու յանձնուի»:

Share this Article
CATEGORIES