Սեղմել Ու Սեղմել Օղակը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

AB_greek-parliamentԷրտողան, Տաւութօղլու եւ Չաւուշօղլու հելլէնական շառաչուն ապտակով մը սկսան իրենց կառավարման նոր շրջանը: Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունումով, Յունաստանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր միջազգայնացման ճիգերուն խթան հանդիսացաւ` միեւնոյն ատեն յստակ պատգամ մը փոխանցելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` վերջ տալու արդէն իսկ բազմիցս ապացուցուած իր ուրացման քաղաքականութեան:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անկիւնադարձային իրագործումներու եւ նուաճումներու շրջան մը տեսնելու մեր ցանկութիւնը այնքա՛ն ալ անկարելի չի թուիր ըլլալ: Քալիֆորնիոյ կրթական ծրագիրներուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ներառումով սկսած (ինչո՞ւ չէ` Արցախի ճանաչման սատարող Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի որոշումն ալ կրնանք այս դասակարգին մէջ ներառել, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը պիտի աւարտի հայկական մէկ ու միացեալ պետականութեան ստեղծումով, կորուսեալ բոլոր հողերու վերամիաւորումով) եւ ահա Յունաստանի խորհրդարանին որդեգրած օրինագիծով շարունակուող նուաճումները կարելի չէ անկիւնադարձային չնկատել: Պէտք է ըսել, որ այս երկու յաջողութիւնները պարտաւորեցնող են, որովհետեւ կատարուեցան ճանապարհի սկզիբին` ակնկալութիւններու նշաձողը անհամեմատօրէն բարձրացնելով:

Մենք ուրիշ տարբերակ չունինք: Պէտք է կարենանք իւրաքանչիւր յաջողութիւն վերածել նոր նուաճումներու համար անհրաժեշտ թափ հաւաքելու, աշխատանքի ու պայքարի տենդը բռնկեցնելու միջոց: Անշուշտ կրնանք նաեւ կրաւորական, հանդիսատեսի դեր վերցնել` հանգիստ նաւարկելով յաջորդող ամիսներուն, բաւարարուելով աւանդական ձեռնարկներու շարանով: Այս տարբերակը կը մերժե՛նք, ու Յունաստանի մէջ երէկ արձանագրուած կարեւոր յաղթանակը կ՛ընդունի՛նք իբրեւ մարտակոչ` ուրացման քաղաքականութեան շուրջ օղակը ամէն օր առաւել սեղմելու ու սեղմելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES