2- Մտորումներ Տարբեր Ճամբաներու Վրայ
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օտար, ամայի, կիսաամայի, անջրդի, մարդաշատ, նոյնիսկ թոհուբոհով եռացող ճահճոտ ճամբաներու վրայ տակաւին մեր` ազգակիցներուս եւ իմ կարաւանները կը տարուբերին… Կարաւաններ կը տարուբերին եռացող կաթսայ երկրագունդի մակերեսին, պատրաստ` ամէն վայրկեան դուրս ժայթքելու, դէպի անյայտ ուղղութիւններ… պղպջակներով լեցուն մակերեսէ մը դէպի մեղկ, յեղյեղուկ տարածքներ, ուր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը նշանակութենէ զուրկ հասկացողութիւններ են:
Կարաւանը կը տարուբերի իր լալահառաչ ղօղանջներով, իսկ մերթ ընդ մերթ, բնականոն կեանքի ճիչերով…
Կանգնիր կարաւան, ինծի կը թուի, թէ հայրենիքէս զիս ձայն մը կը կանչէ…
Միայն սեւ կամ սպիտակ ըլլալու պարագային պատկերը պիտի դառնար անտեսանելի… մուգն ու լուսաւորը զիրար գրկած, զիրար հերքելով, շատ անգամ ալ համերաշխաբար կը տատանին, կանգ կ՛առնեն,ականջ կու տան հեռուէն եկող աղմուկին, կամ նուրբ հնչիւններուն…
Աջ ու ձախ խարխափելով` այնպիսի վայրերու վրայ, ուր հայրենիքի եւ ազգութեան գաղափարները կ՛ընկալուին տարբեր դիտարկումներով, շատ յաճախ կը նսեմանան, կը տկարանան, ուր ցեղախումբեր եւ ազգութիւններ, միահեծան պետութիւններու քուրային մէջ` կարմիր, սպիտակ, դեղին, սեւ գոյներով, իրար ձուլուելով` կը դառնան միատարր, մինչեւ հալին, վերափոխուելով նոր գոյնի մը` տարտամ ու անանուն:
Ու յանկարծ կը սկսին գայթակղիլ, տեղի տալ, պահ մը կասկածի տակ կ՛առնուի բոլորին հայրենասիրութիւնը, ազգայնամոլական գաղափարները, մտածելով, թէ բոլորն ալ համահաւասար, նոյն մարդկային ընտանիքին կը պատկանին:
Իրենց մտքերէն բոլորն ալ իրենց Արարատներուն «մեղայ, մեղայ Արարատին» ըսելով` կը շարունակեն քայլերը, եւ… իրենց ուզածին պէս կը շարունակեն…
Սպիտակամորթ եւ նեկր ծնողներուն ձեռքերէն բռնած մանուկին պատկանելիութիւնը, ազգութիւնն ու գոյնը սահմանելը կը դառնայ անհնարին: Օդանաւեր մարդիկ կը փոխադրեն, տարբեր ծագումներով, տարբեր գոյներով, հին ցեղախումբերու ներկայացուցիչներ, հին եւ նոր քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու պատկանելիութիւնը, կամայ թէ ակամայ, իրենց անուններուն կամ արմատներուն մէջ կրող արարածներ, որոնց միացնող միակ եզրը «մարդ» «արարած» ըլլալն է, որմէ անդին կամ ետեւ, «ար»արմատը, միավանկը, նոյեան տապանէն դուրս ժայթքող, դէպի ներքեւ տարածուող, երկրի քարտեսին վրայ տեղաւորուող մարդոց` շնչաւորներու, տէրերու եւ գերիներու «ար»արմատով նոյն միահեծան ընդհանրական աստուածն է, կամ` աստուածներու բանակատեղին…
Ու գլուխդ հազիւ թեքած ուսէդ դէպի քիչ մը ետեւ, դէպի արեւմուտք, մօտակայ ժամանակահատուած, կ՛անդրադառնաս, թէ, ինչպէ՛ս շղթայակապ գերիներ` սեւ, կարմիր… իրենց ճերմակամորթ տէրերուն, իրենց ձեռքերուն եւ վիզերուն անցուցած շղթաներուն ծանրութեան տակ կը հեւան…
Կը տեսնես խառնարան տարածքին ստեղծուիլը, նախ` կարմիր գերիներու բնաջնջմամբ,ետքը տարբեր ցամաքամասերէ բերուած ստրուկներու շահագործմամբ, իբրեւ մարդուժ… Կը յստականայ նոր ցամաքամասի ընդլայման եղանակը, դրացի տարածքներու բնիկ ցեղերու բնաջնջմամբ եւ աներեւակայելի ձեւերով շահագործմամբ…
Ու հիմա, քանի մը դար ետք, օդանաւեր, նաւերու փոխարէն, դանայեան տակառներու նման անյագօրէն կուլ տուող, իրենց հետ, անընդհատ կարաւաններ կը փոխադրեն, շատ անգամ նոյնիսկ անվերադարձ կը լափեն, կը խժռեն մարդկային հոսքեր, ամբոխներ, զսպանակուած հեւքի մէջ եղող մարդանման մեքենաներ, չես գիտեր` ի՛նչ նպատակակէտ կամ տեսիլք ունեցող, աւելի շատ չունեցող, մարդկային տեսակներ իրենց ազգային պատկանելիութիւնն ու երազները դեռ սաղմին մէջ խողխողուած, որոնք անգիտակցաբար պարպուած կամ զրկուած են իրենց տարրական ազատութիւններէն, մայրենի լեզուն ազատօրէն ըմբոշխնելու, օգտագործելու, սերունդներուն փոխանցելու եւ հայրենի հողին ջերմութիւնը զգալու, անոր վրայ կառուցելու, պապերուն ոսկորները ամփոփելու եւ այդ հողին մէջ տնկած ծառերու հովանիին տակ նստելու հաճոյքէն: Մեծ ազատութեան մը անուան խաբկանքով ու խոստումով, կ՛երթան գրկելու ազատութեան խոստացուած աւետեաց երկիրը ու հոն կը թաղուին` մոռցած իրենց հայրերուն գերեզմանները` անցեալ ու ապագայ… Յարաշարժ տողերու պէս, իրար նմանող գծիկներ, ելեկտրոնացած թիւերու պէս դէպի Նոյեան նոր տապանը կամ տիեզերանաւը շտապող մարդիկ, տարբեր օդակայաններու, կայարաններու մէջ, շարքեր, որոնց արտաքինը մրջիւններու պէս վազվզող ենթակայութիւններ են,ներքուստ անհանգիստ, որոնք հեւքով կը շտապեն իրենց շտեմարանները, գեղեցիկ դղեակները` պարէն ամբարելու, ու թերեւս ալ անոնք այլեւս տեսիլք մը չունենան` տեսիլք հաւաքական:
Կամաւոր աքսոր է դիւրին ու հեզասահ. մինչ հարիւր տարիներ առաջ, մեծ հայրիկներն ու մայրիկները ինչպիսի տառապանքներով ու հոգելլկանքներով, մահուան հետ մարտնչելով քշուեցան իրենց համեստ ծննդավայրերէն, հայրենիքէն. ու հիմա մեծ դիւրութեամբ թոռներ, սերունդներ անձնատուր կ՛ըլլան, կը վազեն դէպի լայն ճամբան, հոսանքն ի վար, հոսանքն ի լուր…
Մոսկովեան «Աէրոֆլոթ» օդանաւը մեզ կը փոխադրէ Մոսկուայէն Լոս Անճելըս: Յանկարծ ամենակուլ փոխադրամիջոցը կը լուսաւորուի, կը ծաղկի աչքիս, երբ հայերէն հնչիւններ կը սկսին հասնիլ ականջներուս, ամբողջովին կը վերափոխուիմ` էութիւնս վերածած հսկայ ականջի:… Սեւաչեայ պարման- պարմանուհիներ, ՀՄԸՄ-ի համահայկական բանակումէն, իրենց պապերուն հայրենիքէն, «ինչո՞ւ չէ, նաեւ` իրենց»` կը վերադառնան տուն, իրենց տուները, կառուցուած վերջին նոր, արդիական ցամաքամասին վրայ: Կը հրճուի հոգիս, կը խայտայ, երբ նոյնիսկ լսած հնչիւններուս քառասուն տոկոսը միայն հայերէն բառերու բաղադրիչներ կ՛ըլլան… Ստուգողական ակնարկս արագ մը պտտցնելէ ետք իւրաքանչիւրին վրայ, յոռետեսութիւնս տեղի կու տայ շինիչ լաւատեսութեան, իսկ քննադատական ակնոցներս պահ մը կը փորձեմ մէկդի դնել ու նայուածքս աւելի յստակացնել:
Կը գեղգեղեն գեղածիծաղ մայրենիով. քիչ մը ճիշդ, քիչ մը սխալ քերականութեամբ, աղաւաղուած հայերէնով, բայց` հայավարի…
Եթէ այսպիսի սերունդ ունինք, որ տակաւին հետաքրքրուած է իր արմատներով, հայրենիքով, պատկանելիութեամբ ու հայկականութեամբ, ուրեմն…. ինքնաքննադատմանս կարգը հասած է` կը մտածեմ…
Բայց այս սքանչելի խումբին հետ առնչութիւն չունեցող, կողքի շարքը նստած պատանի մը, որուն հայրը կը փորձէ ծանօթանալ` փաստեր բերելով, թէ` ինք եւս արմատներով հայ մըն է, որուն մականունին կցուած եանը ոչ մէկ բան կրնայ ըսել ինծի, քանի որ ան նոյնիսկ քանի մը բառ հայերէն դժուար կ՛արտաբերէ…, ու իր անհատականութեան մէջ` ոչ մէկ հայկականութեան յուշ: Որդին հայկական արմատներ ունեցող հօր հետ կը վերադառնայ, հայերուն «տեսարժան, քիչ մըն ալ հետաքրքրաշարժ» երկիրը այցելելէ:… Կը կռահեմ` անոր համար հպարտանք է գեղեցիկ հայրենիք մը ունենալը, հպարտանքն է նաեւ ամերիկացի մայր մը ունենալը, ու ես, կը ստիպուիմ լռել ու մտածել եւ. ալ` ոչ մէկ մտերմութեան ցանկութիւն…
Իսկ ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, թէ միայն քանի մը տասնեակ տարի ետք իմ թոռնուհիս եւս այսպիսին չըլլայ… կը պապանձիմ ու ալ ոչ մէկ բառ… ոչ մէկ փափաք` արմատներ պրպտելու…
Ու ալ տեսիլքը իրենց` պատկանիլ այն տարածքին ու պետականութեան, որուն պատկանելիութեան իբրեւ փոխարժէք` սուղ գին վճարած են արդէն, մոռնալով իրենց արմատներն ու սեփականը: Անցնելով գետէն դէպի ընդհանրական ովկիանոս, ուր բոլոր ձուկերն ալ համահաւասար արժէք ունին, որուն խորութիւնն ու անընդգրկելիութիւնը մոռցնել կու տան գետն ու անոր սկզբնաղբիւրը… որուն պսպղուն ձուկերը դիւրութեամբ կը լափեն քաղցր գետին մանրիկ ձկնիկները… հեղեղանման վարագոյրէն անդին, ուր հասնողը արդէն իսկ կամաց-կամաց կը կորսնցնէ ամէն բան:

