Յուշատետր. Թերթը Հաց Է (Բ.)
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց հաց ուտելու, բայց կրնան ապրիլ առանց թերթ կարդալու: Գիտենք: Բայց գիտենք նաեւ, որ թերթն ալ հաց մըն է, որ ամէն օր պէտք է դրուի ընտանիքի միասնութեան սուրբ սեղանին վրայ: Եւ թերթը տարբեր տեսակէ այն հացն է, որ իրաւ հացին նման սեղանին վրայ տասը վայրկեանի մէջ չի սպառիր, այլ կը մնայ գալիք ժամանակներու համար:
Խմբագրի կեանքիս մէջ հանդիպեցայ քանիներու, որոնք ջերմեռանդ սիրով ու հաւատարմութեամբ կարդալէ վերջ իմ խմբագրած թերթը. չեն կրցած զայն զամբիւղ նետել ու պահած են իրենց տան մէկ անկիւնը: Քանիներ ու քանիներ կան, որոնք մեղք նկատած են կարդացուած թերթը փողոց նետել: Պահած են օրուան իրենց թերթը, հաւաքածոներ կազմած են այդ թերթերէն ու գուրգուրանք ցուցաբերած են այդ հաւաքածոներուն նկատմամբ: Թերթը հաց է, բայց մնայուն հաց է:
Այդ հաւաքածոներուն նայելով` ես սորված եմ, որ թերթ կոչուածը ամէն օր ունի երկու տարբեր հասցէներ: Առաջինը յայտնի հասցէով այն տունն է, ուրկէ ներս կը մտնէ ան ամէն օր, ուր մարդիկ կը կարդան զայն քանի մը ժամուան մէջ: Երկրորդը անյայտ հասցէ մըն է, որ կը գտնուի գալիք օրերու աշխարհի մը մէջ: Թերթը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ առաջին հասցէէն ներս իր գործը վերջացնելէ ետք կ՛երթայ դէպի երկրորդ հասցէ, դէպի գալիք մարդիկը:
Իրաւ ընթերցողը ամէն օր վերանորոգուած հետաքրքրութեամբ մը կը կարդայ իր օրուան թերթը: Ոմանք նոյնիսկ յափշտակութեամբ կը կարդան իրենց թերթը: Եթէ իրաւ ընթերցող են, անոնք թերթին ամէն սիւնակին մէջ հրահանգիչ կամ հետաքրքրական բան մը կը գտնեն: Անոնց համար թերթը, ըստ երեւոյթին, այդ մէկ օրուան համար է, յաջորդ օր իր կարեւորութիւնը պիտի կորսնցնէ: Կարդացուած թերթը յաջորդ օր ըսելիք նոր բան պիտի չունենայ: Բայց նոյն թերթը ըսելիք շատ բան պիտի ունենայ քանի մը տարի վերջ: Անոնք, որոնք կը սիրեն դարձնել թերթերու հին հաւաքածոներու էջերը, գիտեն, թէ այդ հաւաքածոները որքան հարուստ ու հետաքրքրական խօսք ունին իրենց համար: Անոնք ձայներ կը բերեն անցեալէն. մոռցուածը կը վերակենդանացնեն. անծանօթը կը ծանօթացնեն, մեռեալ կարծուածը կը կենդանացնեն: Ասիկա օրուան թերթը կարդալէ տարբեր իմաստ մը ունի: Կը նայիս այդ հաւաքածոյին ու կը մտածես, թէ ուրիշներ քեզմէ առաջ ապրած են կեանք մը, որ հիմա չկայ: Կը նայիս այդ հաւաքածոյին ու կը հասկնաս, որ դուն սկզբնակէտ մը չես. կեանքը քեզմով չէ որ սկսած է: Ուրիշներ կային քեզմէ առաջ, եւ` որքան շատ, եւ` որքան հաւատաւոր, ուրիշներ, որոնք իրենց շրջանի թերթերը տուն կը տանէին ամէն օր ու բուրումնաւէտ հացի նման կը դնէին իրենց ճաշասեղանին վրայ: Անոնց համար ալ թերթը հաց մըն էր, սրբազան հաց մը: Բայց անոնք կը կարծէին, որ թերթն ալ միւս հացին նման մէկ օրուան համար է: Կրնայի՞ն երեւակայել, թէ նոյն հացը ուրիշներ ալ պիտի ճաշակէին տարիներ վերջ: Թերթը հաց մըն է, որ չի չորնար, օթեկ չի դառնար, կը դեղնի, բայց չի մգլոտիր, կը տժգունի, բայց կը շարունակէ մնալ ընթեռնլի:
Իրաւ փռապանը, որ ամէն օր հաց կ՛եփէ ու հաց կը վաճառէ իր յաճախորդներուն, անշուշտ գիտէ, թէ ի՞նչ համ ունի իր եփած հացը: Ան ապահովաբար իր եփած հացն է, որ կ՛ուտէ, երբ իր ճաշելու ժամը կը հասնի: Փռապան մը ուրիշ փռապանի մը եփած հացը գնելու պէտք ունի՞:
Իսկ մենք, որ թերթ կոչուած միւս սուրբ հացին փռապաններն ենք, չենք գիտեր, թէ մեր եփած հացը ի՛նչ համ պիտի տայ զայն ուտողին, որովհետեւ ամէն մարդ տարբեր համ մը պիտի գտնէ անոր մէջ: Երբեմն կը զգանք, որ շատ համեղ հաց մը եփեցինք, ամէն օրուընէ քիչ մը տարբեր, ամէն օրուընէ քիչ մը աւելի լեցուն: Երբեմն ալ կը զգանք, որ չկրցանք բացառիկ նոր համ մը դնել մեր եփած հացին մէջ: Մեր եփած հացը ամէն օր տարբեր համ մը ունի:
Որովհետեւ իրաւ փռապանը միշտ նոյն նախանիւթերով կը խմորէ ու կ՛եփէ իր հացը: Իրաւ փռապանը ամէն օր նոյն անփոփոխ աշխատանքը կը տանի, նոյն կշիռը կը գործածէ իր նախանիւթերուն համար, մինչդեռ մենք մեր հացը կը խմորենք ու կ՛եփենք ամէն օր տարբեր նախանիւթեր գործածելով: Թերթը հաց մըն է, բայց հաց մըն է, որ ամէն օր տարբեր համ մը, տարբեր բուրմունք մը կը տանի անոր, որ պիտի վայելէ զայն: Ան, որ մեր եփած հացը տուն պիտի տանի, կրնայ հարց տալ.
– Արդեօք այսօր ի՞նչ նոր համ ունի այս սուրբ հացը: Մեր դիմացի շէնքին դռնապանն ալ ամէն առտու հաց ու թերթ կը բերէ, բայց յաճախ կը տեսնեմ, որ ան իր բերած թերթերուն առաջին էջերուն կը նայի անգամ մը, որպէսզի տեսնէ, թէ ինչեր գրուած են հոն:
Մինչեւ վերջերս դիմացի այդ շէնքին երկրորդ յարկին վրայ կը բնակէր ծերունազարդ առանձին կին մը, որ առտու շատ կանուխ կ՛արթննար ու պատուհանին ետին դրուած սեղանի մը առջեւ նստելով` կը կարդար օրուան թերթը: Այսքան կանուխ: Իմ գործի երթալէս ալ աւելի կանուխ: Այդ կինը ինծի համար խորհրդանշան մըն է: Հաւատարիմ ու հետաքրքիր ընթերցողի խորհրդանշան: Ան ամէն առտու թերթը կը կարդար նախաճաշը ընելէ ալ աւելի առաջ:
Ծերունազարդ կինը ամիս մը առաջ փոխադրուեցաւ ուրիշ քաղաք մը: Հիմա զինք այլեւս չեմ տեսներ պատուհանին ետին: Նոր վարձակալ ալ չեկաւ տակաւին: Բայց գիտեմ, որ ուր որ ալ գնաց, այդ ծերունազարդ կինը առտուան կանուխ ժամերուն պիտի նստի պատուհանին առջեւ ու պիտի կարդայ իր օրուան թերթը: Թերթը հաց է իրեն համար: Եւ շատերուն համար:

