Վերաթի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2019

0916_marco_verrattiՖրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի միջնապահ Մարքօ Վերաթի համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու մինչեւ 2019:

«Կը փափաքիմ ֆութպոլիստի իմ արհեստավարժ ասպարէզս շարունակել Սեն Ժերմենի հետ եւ իմ կողքիս ունենալով արհեստավարժ ֆութպոլիստներ, տիրանալ տիտղոսներու», ըսաւ 21 տարեկան իտալացի Վերաթի, որ 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ մայրաքաղաքի կազմին:

Share this Article
CATEGORIES