Լոփես Շուրջ 2 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Ա. Սէ. Միլանի բերդապահ Տիեկօ Լոփես, որ նախորդ շաբաթավերջին Փարմայի դէմ կատարուած մրցումին («Սերի-Ա.») վնասուածք մը ստացաւ, շուրջ 2 շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն:
Դաշտերէն Լոփեսի բացակայութիւնը հաստատուեցաւ, երբ այս շաբաթասկիզբին ակումբին բժիշկները քննեցին անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը:
Այսպիսով, Լոփես պիտի բացակայի Եուվենթուսի եւ Էմփոլիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:
CATEGORIES Մարզական

