Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգներ Հանդիսացան Աշխարհի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ մէջ աւարտեցաւ աշխարհի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Միացեալ Նահանգներու եւ Սերպիոյ միջեւ:
Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ 129-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 35-21, 32-20, 38-26 եւ 24-25:
CATEGORIES Մարզական

