Կայացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմին Վերամուտը
12 սեպտեմբեր 2014-ին կայացած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը նշեց վարժարանին մէջ կրթական գործի վերամուտը` 2014-2015 տարեշրջանին համար:
Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան` իւրաքանչիւր մարդու կեանքին ու գործին մէջ, մատնանշեց Յիսուս Քրիստոսը որպէս բոլոր ժամանակներու ուսուցիչի կատարեալ տիպար եւ կոչ ուղղեց արարողութեան մասնակիցներուն` իրենց պարտականութեանց մէջ դառնալու քարոզիչները Անոր ուսմունքին, վասն ճշմարտութեան եւ լոյսին:
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն, ընդհանուր թիւ 109:
Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ նախ հաղորդեց, որ նոր տարեշրջանը պիտի ընթանայ «Տէր կանգնինք մեր նահատակներու կտակին» նշանաբանով` առ ի յարգանք Հայոց ցեղասպանութան զոհերուն: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մօտալուտ նշումը առիթ պէտք է ըլլայ կրթական գործին մէջ վեր բերելու ազգային եւ հոգեւոր այն արժէքները, որոնց հաւատարմութեան գինը իրենց արեամբ վճարեցին հայազգի 1.5 միլիոն նահատակները:
Ապա տնօրէնը ներկայացուց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքի նորագիր անդամները, դիտել տալով, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ վարժարանին մէջ պիտի սկսին գործել երկու նոր բաժանմունքներ, մէկը` կրթական ընդհանուր խորհրդատուութեան, իսկ միւսը` դպրոցի զարգացման ծրագիրներու վերաբերեալ: Դպրոցին մէջ պիտի շարունակեն գործել ընկերային ծառայողի, հոգեբանական խորհրդատուի, լեզուական արատներու բուժման, եւ շուտով նաեւ` հոգեշարժունակութեան խնդիրներու լուծման մասնագէտի ծառայութիւնները:
Կրեկուար Գալուստ շեշտեց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութան, սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, կարգ ու կանոնի, անկեղծութեան եւ անմիջականութեան, լրջամտութեան հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան ոգիի կարեւորութիւնը` կրթական գործի բարեյաջող ընթացքը ապահովելու համար: Այս ծիրին մէջ ան յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց ծնողներուն հետ յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահպանելու հրամայականը` որպէս յաւելեալ երաշխիք աշակերտներու արդիւնաւէտ կրթութեան:
Կ. Գալուստ հաղորդեց, որ նորաբաց տարեշրջանին պիտի ընդլայնի ելեկտրոնային միջոցներու կիրարկումը` դասացուցակներու կազմութեան, աշակերտներու ուսումնառութեան վերահսկողութեան եւ գնահատման, դասարանի մէջ դասերու վարման, ինչպէս նաեւ լրատուութեան մարզին մէջ: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին, Ֆրանսական հիմնարկին եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ըստ անոնց հետ կնքուած պայմանագիրներուն:
Վերջապէս, Կ. Գալուստ անհրաժեշտ համարեց աշխուժացնել Ուսուցչական խորհուրդին, Աշակերտական խորհուրդին, Աշակերտական ներկայացուցիչներու մարմինի եւ Ծնողական յանձնախումբին գործունէութիւնը, որպէսզի Տեսչական եւ Մանկավարժական խորհուրդներուն հետ միասին անոնք լիարժէքօրէն մասնակից դառնան դպրոցական կեանքի բարեյաջող կազմակերպման:
Ընդհանուր ժողովի աւարտէն ետք, ուսուցիչները, ըստ բաժանմունքներու, կայացուցին խմբային առանձին հանդիպումներ` քննարկելու համար աշխատանքային նորաբաց տարուան առնչուող հարցեր:

