Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 34 Միլիոն Դրամ
Կը Յատկացնէ Եւրոպական Ակադեմիային
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը աւելի քան 34 միլիոն դրամ յատկացուցած է` Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի (ԵԿՏԱ) «Կապի միջոցների միքրօելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնին մէջ կրթական ժամանակակից չորրորդ գիտաշխատանոց ստեղծելու նպատակով:
Գիտաշխատանոցին բացումը կատարուած է 11 սեպտեմբերին, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան եւ ԵԿՏԱ-ի համագործակցութեան ծիրին մէջ: Երեք տարուան ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի օժանդակութեամբ ստեղծուած է ուսումնական չորս գիտաշխատանոց, որոնց համար ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ յատկացուցած է շուրջ 108 միլիոն դրամ: Իր հերթին, «Սինոփսիս Արմէնիա»-ն ԵԿՏԱ-ին անվճար տրամադրած է ելեկտրոնային ինքնաշխատ նախագծման` «Սինոփսիս»-ի համապարփակ, իրենց ոլորտին մէջ առաջատար ելեկտրոնային նախագծման համալսարանական ծրագրային ծրարներ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ներդրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ` լսարանային տարածքը պիտի համապատասխանեցուի արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշներուն, անիկա պիտի ապահովուի համակարգչային սարքերով: Պիտի յատկացուին նաեւ ամպիոնի մասնագէտ դասախօսական կազմին աշխատավարձն ու հաւասարեցուած այլ վճարումները:
Առաջին Տիկինը Պիտի Հոգայ
150 Մանուկներու Բուժման Ծախսը
Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող երեխաներուն նուիրուած բարեսիրական համերգին ընթացքին մօտ 2500 տոլար հաւաքուած է, իսկ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան խոստացած է հոգալ 150 փոքրիկներու մէկ տարուան բուժման ծախսերը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած է «Հայ մայրեր» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Նարինէ Մանուկեան:
Ըստ անոր, համերգին ընթացքին հանգանակուած է շուրջ 1500 տոլար, 1000 տոլար ալ փոխանցած է հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին դուստրը` Սաթիկ Սարգսեանը: «Բայց սա դեռ ամէնը չէ, քանի որ շատերը ցանկութիւն են յայտնել ոչ թէ կանխիկ գումար նուիրաբերել, այլ` դրամատնային փոխանցում անել. այնպէս որ, մօտակայ օրերի ընթացքում մանկական ուղեղային կաթուածով տառապող երեխաների բուժման համար հաւաքուող գումարը կարող է եւ կրկնապատկուել կամ եռապատկուել», տեղեկացուցած է Նարինէ Մանուկեան` խոստանալով բոլոր նուիրատուներուն եւ անոնց կատարած նուիրատուութեան մասին տեղեկացնել կազմակերպութեան եւ իր Դիմատետրի էջերով:
Համերգին հասոյթը, Նարինէ Մանուկեանի համաձայն, պիտի յատկացուի փոքրիկներու վերականգնողական բուժման: Յիշեցնենք, որ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող երեխաները յաճախ պէտք է ենթարկուին վերականգնողական բուժման: 150 նման երեխաներու բուժման համար տրամադրուած էր Առաջին տիկնոջ յատկացումը:
Աւստրիոյ Կողմէ Յաւելեալ
600 Հազար Եւրօ`Սուրիահայութեան
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց, որ պատուիրակութեամբ մը կը գտնուի Հայաստան, այցելած է Հայկական կարմիր խաչի կեդրոն եւ ծանօթացած է աւստրիական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած «Աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրի արդիւնքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր Խաչին տարած աշխատանքին համար եւ նշած է, որ ասիկա լաւ առիթ է տեղեկանալու իրենց կողմէ սուրիահայերուն յատկացուած օժանդակութեան ծրագիրի ընթացքին մասին: «Մենք քաջատեղեակ ենք, որ յատկապէս գաղթականները բաւական ծանր վիճակի մէջ են, եւ ծրագիրը օգտակար է անոնց կեանքի որակը բարելաւելու համար: Ես ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ մենք պիտի շարունակենք օժանդակել այս ծրագիրին, որուն համար յաւելեալ 600 հազար եւրօ պիտի յատկացնենք», ըսած է Քուրց:
Աւստրիական կառավարութիւնը 600 հազար եւրօ փոխանցած էր Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան ու «Հայկական Քարիթաս»-ին, որպէսզի այս վերջինները իրականացնեն «Աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը, որուն շնորհիւ 300 կարիքաւոր ընտանիքներ վեց ամիս շարունակ ստացած են մաքրութեան դեղեր, ձմեռնային հագուստ, կօշիկ, անոնցմէ ոմանք նաեւ օգտուած են առողջապահական եւ առեւտուրի աջակցութեան ծրագիրներէն: Այլ 100 ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած է աջակցութիւն` բնակարաններ վարձելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ստացած է տաք հագուստ, դեղորայք եւ սննդամթերք:
Ամերիկացի Բժիշկներ`
Ազատագրուած Տարածքներուն Մէջ
Միացեալ Նահանգներու երեք տարբեր նահանգներէ 6 բժիշկներ իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ` Կովսականի, Վանք գիւղի եւ Բերձորի մէջ: Բժիշկները Արցախի մէջ պիտի մնան 7 օր: Սեպտեմբեր 9-10 անոնք այցելեցին Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաք, ուր իրենց բժշկական օգնութիւնը ցուցաբերեցին աւելի քան 200 բնակիչներու` Կովսականէն եւ յարակից շրջաններէն:
Ծրագիրը կեանքի կոչուած է «Կլոպըլ հոփ փարթնըրզ»-ի շնորհիւ, Կովսականի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայլենտի քոյր քաղաքներու համագործակցութեան ծիրին մէջ:
«Կլոպըլ հոփ փարթնըրզ» կազմակերպութեան ղեկավարներ Քրիստոֆըր եւ Կրեթչեն Պրաունները արդէն 7 տարիէ կ՛ապրին Հայաստան եւ նմանօրինակ բազում ծրագիրներ կ՛իրականացնեն: Կրեթչեն Պրաունի համաձայն, ասիկա նախ եւ առաջ լաւ կարելիութիւն է Արցախը ճանչնալու, իմանալու անոր խնդիրներուն ու մարդոց առօրեային մասին:
«Միացեալ Նահանգներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ անշուշտ գիտեն Հայաստանի եւ Արցախի մասին, սակայն բոլոր նահանգներուն մէջ չէ, որ բաւարար տեղեկութիւն ունին այս մասին, մեր նպատակն է կարելի եղածին չափ շատ մարդ բերել այստեղ, մարդիկ, որոնք թէ՛ կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի, թէ՛ հետագային ճիշդ քարոզչութիւն կրնան ընել», դիտել տուած է Պրաուն:
Անոր համաձայն, վերաբնակեցուած քաղաքներ ու գիւղեր այցելելը պատահական չէ , այնտեղ ապրող մարդիկ բժշկական օգնութեան եւ առհասարակ ուշադրութեան կարիք ունին աւելի քան այլ տեղ բնակողներ:
Երեւանի Մէջ` Թմրեցուցիչի Ապօրինի
Շրջանառութեան Դէմ Պայքարի Համաժողով
Սեպտեմբեր 11-ին Երեւանի մէջ սկսած է թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի տարածաշրջանային համաժողով:
Ժողովի բացման ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն նշած է, որ թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութիւնը միջազգային խնդիր է եւ միջազգային լուծում կը պահանջուի, եւ ատոր համար կարեւոր է համագործակցութիւնը տարբեր երկիրներու հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ երկրին մէջ շարունակական աշխատանքներ կը տարուին թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութիւնը յայտնաբերելու եւ կանխարգելելու ուղղութեամբ:
«Հայաստանը յաջողութեամբ համագործակցում է միջազգային կառոյցների, մասնաւորապէս` ՄԱԿ-ի Թմրամոլութեան եւ յանցաւորութեան հետ պայքարի վարչութեան հետ: Մենք կարեւորում ենք փորձի փոխանակումը, միջազգային կառոյցների հետ համագործակցութիւնն ու պետական կառոյցների գործունէութեան գիտական ու մեթոտաբանական ապահովումը, քատրերի վերապատրաստումը», յայտնած է Վիգէն Սարգսեանը:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան նկատել տուած է, որ թմրամիջոցներու դէմ պայքարին մէջ մեծ նշանակութիւն կրնան ունենալ իրաւապահ մարմիներուն թեքնիք խորհրդատուութիւնն ու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոնց շարունակական մասնագիտացումը:
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց Ընդունուած Է
97 Աշակերտ` 57 Երկիրներէ
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը այս տարի արդէն ընդունած է 50 երկիրներէ 97 աշակերտներ, որոնցմէ տասը` Հայաստանէն: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանէն 11 աշակերտ գացած է ուսանելու «Ունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»-ի այլ քոլեճներու մէջ:
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»-ի Հայաստան ազգային կոմիտէն կ՛ակնկալէ 2015-ին ցանցի տարբեր քոլեճներու մէջ ստանալ 20 դիմումի առիթ: «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»-ի ցանցի ընդունելութեան մասնակցելու համար անհարժեշտ է այցելել այս կայքը եւ ամբողջացնել դիմումը www.am.uwc.org:
Սեպտեմբեր 8-ին պաշտօնապէս մեկնարկած է քոլեճի ցանցի 14 դպրոցներ եւ քոլեճներ
2015-2017 ուսումնական տարիներու դիմումներու ընդունումը: Դիմումներու ընդունման վերջնական ժամկէտը 11 դեկտեմբերի 2014-ն է:
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» ցանցի կրթական ծրագիրը 16-18 տարեկաններու համար նախատեսուած նախահամալսարանական երկամեայ Միջազգային պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան ծրագիր է: Անիկա կը դասաւանդուի անգլերէնով` տարբեր երկիրներէ մասնագէտ դասախօսական կազմի կողմէ: «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»-ի քոլեճներ կ՛ընդունուին ընկերային ու տնտեսական հարցեր ունեցող, բայց գործունեայ եւ շնորհալի երիտասարդներ: Կայ կրթաթոշակային լայն համակարգ, որ առիթ կու տայ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» ցանցին մէջ կրթութիւն ստանալ` անկախ ծնողներու նիւթական կարողութենէն:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Կազմակերպուած
Ճամբարներուն Մասնակցած Է 800 Պատանի
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն համար ամառը բաւական աշխուժ գործունէութեան հանգրուան է: ԱԵՄ-ի անդամները սփիւռքի մէջ բնակող իրենց հայրենակիցները Արցախի մէջ հիւրընկալելէ բացի, նաեւ կ՛օժանդակեն անոնց, որպէսզի Արցախի պատանիներուն համար կազմակերպուին ամառնային ճամբարներ: ԱԵՄ-ի Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Վահրամ Յովսէփեան «Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս տարի ամառնային ճամբարներ կազմակերպուած են Արցախի չորս շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ:
«Ճամբարների մեկնարկն այս տարի տրուել է յուլիսի 14-ին` ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի երիտասարդների նախաձեռնութեամբ ԼՂՀ Մարտունի քաղաքում անցկացուած ճամբարով:
Այնուհետեւ ճամբարներ են կազմակերպուել Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր եւ Կովսական քաղաքներում` Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան միջոցներով: Շուշի քաղաքում ամառնային ճամբար է կազմակերպուել ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի, իսկ Ասկերանում` ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի երիտասարդների միջոցներով:
Այս տարուայ ամառնային վերջին ճամբարը կազմակերպուել է Ստեփանակերտ քաղաքում Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան կողմից: Ընդհանուր առմամբ, այս տարի Արցախում կազմակերպուած 6 պատանեկան ճամբարներին մասնակցել է մօտ 800 պատանի», բացատրած է ան:
Վահրամ Յովսէփեան յայտնած է. «Սփիւռքի մեր հայրենակիցներն Արցախում կազմակերպելով ամառնային ճամբարներ` նպատակ ունեն արցախցի պատանիների ամառնային արձակուրդներն հետաքրքիր եւ բովանդակալից դարձնել: Միեւնոյն ժամանակ սփիւռքի եւ Արցախի երիտասարդների միջեւ ամուր կապ է հաստատւում: Ճամբարային ծրագրում ներառուած են եղել բազմազան հետաքրքրական եւ ուսուցողական միջոցառումներ»:
ԼՂՀ Ազգային Վիճակախաղի Տոմսերը
Կը Վաճառուին Նաեւ Առցանց
Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան նշած է, որ ասկէ ետք փափաքողները կրնան Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տոմսեր գնել նաեւ առցանց` այցելելով ազգային վիճակախաղի պաշտօնական կայքը` nkrlottery.am:
Անոր համաձայն, ցարդ վաճառքի դրուած 300 հազար տոմսէն վաճառուած է 130 հազարը` հիմնականին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի մէջ: Ան դիտել տուած է, որ տոմսերու առցանց վաճառքը կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ թիւով տոմսեր վաճառել սփիւռքի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը, ինչպէս անցած տարի, այս տարի եւս պիտի յատկացուի Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ վերաբնակեցման նպատակով բնակելի տուներ կառուցելու աշխատանքին: Այնտեղ արդէն իսկ կառուցուած են 10 բնակելի տուներ, իսկ 10 բնակելի տան շինարարութիւնը արդէն սկսած է: Կը նախատեսուի ընդհանուր առմամբ 37 բնակելի տուն կառուցել:
Ալեքսանդր Արզումանեանի համաձայն, եթէ կարելի ըլլայ այնտեղ պիտի կառուցուին ոչ թէ 37 բնակելի տուներ, այլ նաեւ` շատ աւելի:
Այսօր արդէն ցուցակագրուած են աւելի քան 100 ընտանիքներ, որոնք կը փափաքին վերաբնակիլ Իշխանաձոր համայնքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ խաղարկութեամբ վիճակախաղի տոմսերէն բացի, կան նաեւ ոչ խաղարկութեամբ տոմսեր եւ SMS վիճակախաղ: Ոչ խաղարկութեամբ տոմսերը կը վաճառուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ եւ շահումը կը կազմէ մինչեւ 50 հազար դրամ: SMS-ի ճամբով վիճակախաղը առայժմ կարելի է խաղալ միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անով կարելի է շահիլ ԱյՖոն եւ ԱյՓատ, կայ նաեւ յաւելեալ խաղարկութիւն, որ կարելիութիւն պիտի տայ շահելու մինչեւ 500 հազար դրամ:
Ազգային վիճակախաղին շահողները պիտի տիրանան բնակարաններու եւ գորգերու: Գիւղանտնտեսութեան աջակցելու նպատակով այս տարի իբրեւ նուէր պիտի դրուի նաեւ տակառով թութի օղի:
«Թալինը Եւ Ընկերները»`
Արցախի Մէջ Ելոյթ Կ՛ունենան
Արցախի հանդիսատեսը Թալինին ելոյթները վայելելու հնարաւորութիւն դեռ չէր ունեցած: Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 10-ին, Ստեփանակերտի երիտասարդական պալատին մէջ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին հրաւէրով եւ աջակցութեամբ կայացաւ «Թալինը եւ ընկերները» խումբին համերգները:
Թալինին երկու համերգները, որոնց ներկայ եղաւ խուռներամ բազմութիւն մը, մեծ որգեւորութիւն յառաջացուցին ոչ միայն փոքրիկ հանդիսատեսներուն, այլ նաեւ անոնց ծնողներուն եւ մանկավարժներուն մօտ:
ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշեց, որ «Թալինը եւ ընկերները» խումբի համերգներուն կազմակերպումը Արցախի մէջ շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, եւ որ խումբը նաեւ համերգներ պիտի տայ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ: