ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ. Արցախի Անկախութեան 23-րդ Ամեակի Տօնակատարութիւն Եւ Վիգէն Զաքարեանի Կիսանդրիի Բացման Հանդիսութիւն

0916_vikenՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախի անկախութեան  23-րդ ամեակի տօնակատարութիւն եւ Վիգէն Զաքարեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութիւն` երեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Վիգէն Զաքարեան» սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններու քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Նազօ Տողանեան

Նազօ Տողանեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ատենապետ Նազօ Տողանեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ազատագրուած Արցախ կրցաւ վերահաստատել ինքզինք անհաւասար պայմաններու մէջ` շնորհիւ գաղափարապաշտ ազատամարտիկներու, որոնք մոռցան իրենց անձնական կեանքը եւ նուիրուեցան հայրենիքին` գիտակցելով, որ հայ ըլլալ կը նշանակէ պահանջատէր ըլլալ: Արցախի ազատագրական պայքարը մէկ մասնիկն է այն պայքարին, որ պիտի հասցնէ մեզ մեր իտէալին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման, ըսաւ ան: Ան իր խօսքի աւարտին յիշեց նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը` իբրեւ լաւագոյն  օրինակ զոհաբերումի եւ ազգասիրութեան:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Արցախի ազատագրական պայքարը ներկայացնող,  որմէ ետք Վիգէն Զաքարեանի կիսանդրիին բացումը կատարուեցաւ` մասնակցութեամբ ազատամարտիկի մօր` Մարի Զաքարեանի: Նշենք, որ կիսանդրիի քանդակագործն է Վարդան Աւէսեան:

0916_viken2

Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան

Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Օրուան բանախօս Տիգրան Ճինպաշեան պատմական ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Արցախի անկախացման ընթացքին վրայ` յստակացնելով 1988-էն ետք Կովկասի քաղաքական զարգացումները եւ անոնցմէ ծնունդ առած շրջանի երկիրներու դիրքորոշումներն ու նուաճումները: Ան նկատել տուաւ, որ իրաւունք ձեռք բերելու համար պայման է արիւնոտ պայքար մղել, իսկ պայքարը պէտք է հիմնաւորել ժողովուրդին կամքով, որովհետեւ առանց ժողովուրդի հաւաքական կամքին բոլոր կռիւները պարտութեամբ կ՛աւարտին: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս 23 տարի առաջ հայ ազգի բոլոր զաւակները բոլոր հատուածներուն մէջ ոտքի ելան` պահանջելու իրենց իրաւունքները, եւ շնորհիւ այդ միասնակամ ոգիին յաղթանակը անխուսափելի դարձաւ եւ ունեցանք երկու անկախ հանրապետութիւն: Յաղթանակի հիմնական պայմաններն են միասնակամութիւնն ու հաւաքական կամքը, ըսաւ ան:  «23 տարի անցած է եւ Արցախ կը շարունակէ բարգաւաճիլ ու գեղեցկանալ», ընդգծեց Ճինպաշեան:

Արցախի ազատագրական պայքարը ունի իր հիմքերը, որոնք դարերու խորքէն եկած ու լեռնային ժողովուրդի ազատատենչ նկարագիրը կերտած են:

Ան իր խօսքին աւարտին յիշեց նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը, որուն արիւնը շաղախուեցաւ Արցախի հողին ու միացաւ բոլոր նահատակներուն, հետեւաբար ան հայ ժողովուրդի միասնակամ ըլլալու մեծագոյն օրինակներէն մէկն է: Արցախի յաղթանակը մէկ մասնիկն է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հաստատման, որ ուշ կամ կանուխ պիտի իրականանայ:

Խօսք առաւ Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան, որ շնորհաւորեց Արցախի անկախութեան  23-րդ տարեդարձը եւ յարգանքով յիշեց այն բոլոր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին Արցախի ազատագրման եւ որոնցմէ էր Վիգէն Զաքարեան: Ան նշեց, որ այս դժուարին օրերուն հայ ազգը աւելի քան երբեք կարիքը ունի Վիգէնի նման նուիրեալներու, որոնք հոգիով ու սրտով պէտք է ծառայեն ազգին, որ կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ան յարգանքի իր խօսքը ուղղեց նաեւ բոլոր այն սահմանապահ զինուորներուն, որոնք արթուն կը հսկեն սահմանին եւ կը պաշտպանեն հայրենիքը թշնամիին ոտնձգութիւններէն:

«Մշակ բանուոր» քայլերգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES