Ֆրանչիսկոս Պապ Հրաւիրուած Է Վրաստան

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

Newsgeorgia.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք արք. Մամպերթիի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ցանկութիւն յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը այցելէ Վրաստան:

Անոնք քննարկած են Վատիկանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հարցը: Կողմերը քննարկած են մշակոյթի եւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:

Ղարիպաշվիլի ըսած է, որ շատ ուրախ պիտի ըլլան Վրաստանի մէջ հիւրընկալելու պապը: Ըստ անոր, Վրաստանը յատուկ տեղ կը գրաւէ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ:

Մամպերթի արքեպիսկոպոս Վրաստան այցելած է 13 սեպտեմբերին: Ան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցած է նաեւ նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէի հետ:

Share this Article
CATEGORIES