Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Հերթական Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Վաղը` Նիւ Եորքի Մէջ

Ճոն Քերրի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կը յուսայ Թեհրանի հետ համաձայնութեան գալ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին ընթացքին, որ նախատեսուած է 18 սեպտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ:
Քերրի յայտնած է, որ այս համաձայնութիւնը կրնայ շահեկան ըլլալ ամբողջ աշխարհի համար, սակայն առայժմ գոյութիւն ունին կարգ մը շատ բարդ հարցեր: Ան Իրանի հնարամտութեանն ու նպատակասլացութեանը ապաւինած է:
Անցեալ տարուան նոյեմբերին Իրանն ու Վեցեակը` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Քանատան եւ Գերմանիան, համաձայնած էին, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը, որ կը մտահոգէ Արեւմուտքը, բացառապէս խաղաղ օգտագործում պիտի ունենայ:
CATEGORIES Միջազգային

