Միջազգային Կարճ Լուրեր

Սամանթա Փաուըր
– ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք պիտի գումարէ արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլա ժահրի համաճարակի հարցը: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ այս ժողովին ընթացքին համաճարակին դէմ պայքարի շօշափելի յանձնառութիւններ գոյանան:
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Իրաքի եւ շրջանի կայունութեան համար իրաքեան կառավարութիւնը պէտք է որդեգրէ իրաքցի ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներառող գործելաոճ մը: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Շրջանին մէջ ապահովական հարցերու լուծումը կարելի է միայն, երբ հարցերը ստեղծող գլխաւոր պատճառներուն վերջ տրուին»` աւելցնելով. «Իրաքն ու շրջանը չեն կրնար կայունանալ, այնքան ատեն որ արիւնաթաթախ ձեռքերով վարչակարգը իշխանութեան վրայ կը մնայ Սուրիոյ մէջ»:
– ԹՐՔԱԿԱՆ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ իր երկիրը սիրով կրնայ հիւրընկալել Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները, որոնք վերջերս ստիպուեցան Քաթարէն հեռանալ` Տոհայի վրայ Արաբական ծոցի երկիրներուն գործադրած ճնշումներուն պատճառով:
– ՏՈՒՄԱՅԻ նախագահ Սերկէյ Նարիշքին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն վարած խեղկատակ եւ անպատասխանատու քաղաքականութիւնը աշխարհը կը մղեն նոր Պաղ պատերազմի մը եզրին»:

