Ըստ Եւրոպական Խորհրդարանի. Եւրոպական Միութիւնը Լրջօրէն Պիտի Տուժէ Ռուսիոյ Հաստատած Պարենային Արգելքէն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը «լրջօրէն պիտի տուժէ» այն մթերային արգելքէն, որ կը կիրարկէ Ռուսիան` ի պատասխան իր դէմ հաստատուած արեւմտեան պատժամիջոցներուն:
Ատոր հիմնական պատճառը այն է, որ Ռուսիան Եւրոպական Միութեան երկրորդ մեծագոյն շուկան է: Անցեալ տարի գիւղատնտեսական արտադրութեան արտածման ծաւալը կազմած է 11,3 միլիառ եւրօ, իսկ ռուսական արգելքը նախնական գնահատականով պիտի արժէ 5,1 միլիառ եւրօ: Սակայն, ըստ որոշ փորձագէտներու, այդ թիւը կրնայ հասնիլ 7 միլիառի:
Ըստ կառոյցի, եւրոպական ընկերութիւնները տակաւին ուշքի չեն եկած Ռուսիոյ հետ պատժամիջոցային շփումներէն: Պատժամիջոցներու հետեւանքները մեղմացնելու համար Եւրոպական Միութիւնը տասնեակ միլիոն եւրօ կը յատկացնէ գիւղատնտեսութիւններուն եւ ձեռնարկատէրերուն:

